Կիրակի, Փետրուար 27ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ կնքահայր»երը ներկայ պիտի գտնուին մատուցուած Ս. պատարագին, եւ Ս. գրային ընթերցումներով պիտի մասնակցին արարողութեան: Պատարագի աւարտին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ պիտի կատարուի տուֆ քարերէ պատրաստուած Նռնենիին նուիրագործումը, որուն վրայ փորագրուած պիտի ըլլան «Փոքրիկ կնքահայր»երուն անունները: Ցարդ, այս ծրագիրին կը մասնակցին 200 փոքրիկներ եւ պատանիներ՝ նպատակ ունենալով անոնց հոգեւոր կապի ամրացումը տաճարին հետ եւ անոնց մէջ հաւատքի եւ հայրենասիրութեան գիտակցութիւն արթնցնելը: Նռնենիին քանդակագործն է Գասպար Ղարիպեանը:
Նուիրագործման աւարտին, առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Իւրաքանչիւր «Փոքրիկ կնքահայր»ի համար 1000 տոլարի նուիրատուութիւն կը կատարուի: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.