ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ քննչական մարմինները պարզած են Փետրուար 13-14 լուսցող գիշերը, Մոսկուայի գետնուղիին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան հետեւանքով զոհուած երկու ուսանողներուն ինքնութիւնը:
«Life News»ի փոխանցումով, անոնք հայ ուսանողներ են՝ 19ամեայ Վիքթոր Վարդանեան եւ Իվան Միկիրտումով:
Անոնք Մոսկուայի գետնուղիի վակոններուն վրայ նետուած են, հաւանաբար քանի մը կայարանէ անցնելու նպատակով:
Ուսանողներէն մէկուն մարմինը յայտնաբերուած է «Կիեւեան» կայարանի վակոնին տանիքը, իսկ միւսինը՝ «Կունցեւեան» եւ «Պիոնէրեան» կայարաններու միջեւ ճանապարհին:
Անոնց մահուան առնչութեամբ նախաքննութիւն կ՛իրականացուի: Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ դատելով անոնց հագուածքէն՝ կարելի է ենթադրել, որ ուսանողները խաղ մը խաղացած են. «Անոնք երկուքն ալ ունէին լեռնադահուկային ակնոցներ, կաշիէ ձեռնոցներ եւ աշխատցուած գլխարկներ», յայտնած է ոստիկանութեան աշխատակիցը: