ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցեալ Ուրբաթ օր, Պէյրութի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական համախմբումի (պլոք) քաղաքական խորհուրդի նիստ՝ նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի։
Նիստի ընթացքին Քննարկուեցան լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները եւ լիբանանահայութեան կեցուածքը անոնց նկատմամբ։