ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յատկանշականօրէն Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակին կը զուգադիպի Հայկական Սփիւռքը ընտրովի ներկայացուցչութեամբ՝ համազգային կառոյցով ու ղեկավարութեամբ օժտելու գաղափարին մերօրեայ վերարծարծումը, նորովի շեշտելով արտերկրի հայութեան ընտրողական ինքնակազմակերպումը իբրեւ համազգային առաջնահերթ մարտահրաւէր դիմագրաւելու հրամայականը։
Յատկանշական է զուգադիպութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին հայ ժողովուրդը քսանամեայ բախտորոշ ուղի մը հարթեց ազգային իր պետականութիւնը նոր ժամանակներուն համահունչ վերականգնելու ուղղութեամբ։ Այսօր արդէն քսան տարեկան է հայոց անկախ պետականութիւնը՝ Հայաստան Աշխարհի խորհրդանիշ մեծ ու փոքր Մասիսները յիշեցնող իր կրկնակ Անօթներով, թէ՛ միջազգային ընտանիքին լիիրաւ մաս կազմող Հայաստանի Հանրապետութեամբ, թէ՛ տակաւին իր իրողական ազատագրութեան իրաւական ճանաչումին համար պայքարող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեամբ։
Հայոց պետականութեան քսանամեայ կենսափորձէն մեկնելով՝ անոր ազգային որակին ու ընկերային բովանդակութեան մասին թերեւս կարելի է գաղափարական ու քաղաքական տարբեր գնահատումներ ունենալ, բայց որեւէ պարագայի կարելի չէ կասկածի տակ առնել պատմական այն շրջադարձային իրողութիւնը, որ մեր ժողովուրդը 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակը թեւակոխած է իբրեւ Պետականատէր Ազգ։
Ահա ա՛յս առումով յատկանշական է զուգադիպութիւնը, որ Հայկական Սփիւռքի ընտրողական ինքնակազմակերպման հրամայականը օրակարգի վրայ կը բերուի այնպիսի պահու մը, երբ հայ ազգային–պետական մտածողութիւնը պատմական նշանակութեամբ կարեւորագոյն քայլ մը նետելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կանգնած է։
Խօսքը կը վերաբերի հայոց պետականութեան սահմաններէն դուրս, գրեթէ իր ընդհանուր համրանքին երկու երրորդով, ապրելու դատապարտուած հայ ժողովուրդի աշխարհաքաղաքական գոյավիճակը ըստ արժանւոյն դիմագրաւելու մարտահրաւէրին։
Քսանամեայ իր անկախութեան կենսափորձով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւորուեցաւ ծանրագոյն փորձութիւններ յաղթահարելու, որպէսզի յանգէր այսօրուան արդէն պաշտօնական կարգախօսի վերածուած այն ռազմավարական հանգանակին, թէ մէկ բան է Հայաստան պետութիւնը իր Սփիւռքով եւ բոլորովին այլ բան է առանց իր Սփիւռքին, ինչպէս որ կը սիրէ կրկնել ՀՀ այժմու նախագահը։
Յատկապէս ՀՀ երկ–քաղաքացիութեան օրէնքին՝ սահմանադրական անհրաժեշտ բարեփոխումներով հաստատագրումէն ասդին, հայ քաղաքական միտքը փաստօրէն միաւորուած է այն գաղափարին շուրջ, որ ժամանակը եկած է գտնելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը ազգային մեր պետականութեան մէջ համարկելու կոչուած իրաւական–սահմանադրական յարմարագոյն տարազը։
Ո՛չ մէկ կասկած, որ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային–պետական համարկման հրամայականին շուրջ առաջացած ու տակաւ ամրապնդուող միասնականութիւնը։
Սակայն նոյնպէս կասկած չի վերցներ, որ ատիկա միայն սկիզբն է այլապէս երկար ու դժուարին համազգային մեր երթին, որպէսզի բոլորով՝ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդով, պետական մեր կրկնակ կռուաններով եւ աշխարհով մէկ տարածուած կազմակերպ մեր գաղթօճախներով թէ ցիրուցան հայու բեկորներով, գտնենք նպատակայարմար բանաձեւը Պետականատէր Ազգի մեր ինքնակազմակերպման ու համարկումին, այլեւ ու մանաւանդ՝ իրագործե՛նք այդ տեսլականը։
Կամայականօրէն չէ, հետեւաբար, որ նախքան որեւէ լուծման տարազի քննարկումը, կամ՝ որեւէ տարազի քննարկման շրջագիծին մէջ, առաջնահերթաբար օրակարգի վրայ կու գայ բաղձալիին եւ կարելիին միջեւ տարտղնուած… անյայտներու յստակացման խնդիրը։
Իսկ անյայտները բառին ամենալայն իմաստով բազմազան են եւ բազմամակարդակ։ Մանաւանդ որ չեն սահմանափակուիր միայն Սփիւռքի, յետ–Եղեռնեան թէ նորակազմ, ինքնակազմակերպման յարմարագոյն կառոյցն ու ներկայացուցիչներու ընտրութեանց համակարգը յստակացնելու հարցերով։ Անյայտներ կը դիմագրաւենք նաեւ համահայկական ինքնակազմակերպման ու պետական համարկման հիմնական հարցի լուծման յարմարագոյն տարազը եւ ընտրակարգը յստակացնելու առումներով։
Ընդհանրութեանց մակարդակին չմնալու համար, որոշակիացնենք անյայտները.
1.– Հայաստան–Սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովներու փորձառութենէն ու անոնց զուգահեռ ճամբայ կտրած Հայաստան համահայկական հիմնադրամի կառուցային տարազէն մեկնելով՝ հայ քաղաքական միտքը պէտք է վճռահատէ առանցքային եւ նպատակային մեծագոյն անյայտը։ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգը սահմանադրական բարեփոխումով համահայկական կառոյցի վերածելո՞վ, թէ՞ հայկական համաշխարհային ինչ որ նոր կառոյցի մը ստեղծումով պիտի աշխատինք հասնիլ բովանդակ հայ ժողովուրդի ազգային–պետական ինքնակազմակերպումին ու համարկումին։
Անշուշտ անյայտ չէ եւ բացայայտ համախոհութիւն կը տիրէ այն սկզբունքին շուրջ, որ ամէն պարագայի հայոց պետականութեան կռուանին վրայ պէտք է խարսխուի համահայկական բաղձալի համարկումը։ Բայց նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեայ քաղաքական մշակոյթը, որ ՀՀ գործող նախագահին ձեռքը կը կեդրոնացնէ պետական իշխանութեանց երեք օղակները ձեւաւորելու քաղաքական ուժը, բնականաբար հարց կ՛առաջանայ, թէ վերջին հաշուով ո՞վ եւ ի՞նչ եղանակով պիտի վճռահատէ նպատակային տարազին մեծ անյայտը։
2.– Հայ քաղաքական մտքի գլխաւոր բոլոր հոսանքներուն համախոհութիւնն ու միասնականութիւնը կը վայելէ համահայկական ինքնակազմակերպման ու աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային–պետական համարկման առաջադրանքը։ Արդէն Պետականատէր Ազգ դարձած աշխարհասփիւռ հայութեան բաղձալի այդ ինքնակազմակերպումն ու համարկումը, սակայն, իբրեւ քննելի օրակարգ եւ տարբեր տեսակէտներու մերձեցման ծառայելու կոչուած առաջադրանք, կրնայ իր սաղմին մէջ իսկ խեղդուիլ, եթէ մեկնարկային յենակէտ ընդունի այն թիւր ենթադրութիւնը, որ հայրենաբնակ հայութիւնը արդէն ունի իր ընտրովի ներկայացուցչութիւնը, իսկ սփիւռքահայութիւնը դեռ պէտք է նոր ստեղծէ։
Թիւրիմացութիւններու եւ շփոթներու ամբողջ խառնակոյտ մը կը գալարուի երեւութապէս պարզ ու յստակ թուացող այդ ենթադրութեան կափարիչին տակ։
Խօսքը չի վերաբերիր հայոց պետականութեան արժէքին ու նշանակութեան, որոնք անփոխարինելի կռուանն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանան հայ քաղաքական մտքի ինքնավստահութեան ու ոգեւորութեան։
Խօսքը կը վերաբերի հայրենաբնակ հայութեան համազգային ինքնակազմակերպման կամքն ու կողմնորոշումը արտայայտող ներկայացուցչական կառոյցներուն եւ մարմիններուն ընտրութեան։ Նախ՝ նորանկախ Հայաստանի քսանամեայ ժողովրդավարութիւնն ու ժողովրդական ընտրութեանց մշակոյթը տակաւին պէտք է կարենան յաղթահարել ստուերային ուժերու սանձարձակ տիրակալութեան ախտագին ոլորապտոյտը։ Ապա՝ հայրենի հայութիւնը դեռ փորձ չունի համահայկական կառոյցներու եւ համապատասխան ներկայացուցիչներու ընտրութեան մարզին մէջ։
Խորհրդային 70ամեայ տիրապետութիւնը մնայուն հարուածի տակ պահեց ազգային ինքնակազմակերպման ուղղութեամբ նետուած հայրենի հայութեան, յատկապէս մտաւորականութեան դոյզն քայլերն անգամ։ Հետեւանքը եղաւ երկաթէ վարագոյրի ետին ակամայ ինքնամեկուսացումը հայրենի հայութեան։
Միայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք հայրենի հայութիւնը ազատութիւնը եւ հնարաւորութիւնը ունեցաւ բացուելու եւ շփուելու աշխարհասփիւռ իր ազգակիցներուն հետ։ Բայց այդքան միայն։ Ամբողջական Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան հանգանակը ժողովրդային բաղձանքի սահմաններէն չբարձրացաւ պետական քաղաքականութեան մակարդակին։
Շատ աւելի բարդ եղաւ Սփիւռքի հայութեան տարագիր կենսափորձը։
Ազգային ինքնակազմակերպման բնական մղումը նաեւ կեանքի հրամայական պահանջ եղաւ սփիւռքեան հայօճախներուն համար, որոնք տասնամեակներու ընթացքին նախ տեղական ազգային կառոյցներու, ապա 1970ականներէն սկսեալ համասփիւռքեան կառոյցներու ընտրութեանց ճամբով՝ ազգային պետականաձեւ ինքնակազմակերպման փորձ կուտակեցին։
Ահա ա՛յս առումով, Պետականատէր Ազգի ինքնակազմակերպման ու համաշխարհային ընդգրկումով ազգային–պետական համարկման օրակարգը պէտք է զերծ պահել ընտրովի մարմիններու փորձ ունենալու կամ չունենալու պարզունակ ընդհանրացման որոգայթէն։
3.– Հայ ժողովուրդի համազգային ինքնակազմակերպման ու Հայաստան–Սփիւռք պետական համարկման դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը կը կայանայ անտարբեր, ապազգային, օտարացած կամ այլասերած մեծ զանգուածին ներգրաւման մէջ։
Եւ միայն Սփիւռքին ուղղուած չէ այդ մարտահրաւէրը, որովհետեւ անտարբերութեան ու ապազգային այլասերման ախտանշանները զգալի սկսած են դառնալ նորանկախ մեր պետականութեան մէջ։
Ի՞նչ երաշխիք ունինք, որ թուականօրէն գերակշիռ այդ զանգուածը իր ո՞ր տոկոսով կը պատկանի այսպէս կոչուած «լուռ մեծամասնութեան», որոնց ձայնը ներկայացնելու յաւակնութեամբ հրապարակ նետուած են այսօր անկուսակցական կամ հակակուսակցական անհատները առաւելաբար սփիւռքի, բայց որոշապէս նաեւ Հայաստանի մէջ՝ համազգային ինքնակազմակերպման մարտահրաւէրը հաւասարեցնել փորձելով անհատական հեղինակութեան դիրքերու ապահովման իրենց երկարամեայ փորձերուն հետ։
Այս բոլոր ուղղութիւններով բազում են անյայտները, որոնց սթափ ու համակողմանի քննարկումով, ճիշդ ախտորոշումով եւ յուսալի դեղատոմսերու կիրարկումով միայն կարելի է արժանաւորապէս դիմագրաւել ազգային ինքնակազմակերպման մարտահրաւէրը։
Առանց այդ ողջամտութեան, աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային–պետական համարկումի մեծագոյն տեսլականը, բաղձալիին եւ կարելիին միջեւ հեռաւորութիւնները յաղթահարելու փոխարէն, կրնայ մսխել պատմական այս եզակի հնարաւորութիւնը՝ անգամ մը եւս անհարկի տուրք վճարելով… անյայտներու կուտակումին։