ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Փետրուար 15ին տեղի ունեցած է «Իմ գանձարանը» գունազարդման գրքոյկի եւ «Մեր կեանքն Աստծոյ հետ է» ձեռնարկի հերթական հատորի շնորհահանդէսը:
«Իմ գանձարանը» մանկական գիրքը հրատարակուած է Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ, «World vision» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակին աջակցութեամբ: Անիկա կը ներառէ սուրբգրային դրուագներ, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան նշանաւոր դէպքերու եւ դէմքերու մասին պատումներ:
«Մեր կեանքն Աստծոյ հետ է» գիրքը ուսումնական ձեռնարկ է, որ իբրեւ դասագիրք՝ կը կիրառուի կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ, իսկ այլ կրթական հաստատութիւններու մէջ ալ՝ իբրեւ օժանդակ գրականութիւն: Դասագիրքը հրատարակուած է ըստ տարիքային խումբերու՝ 6, 7-10, 10, 12, 14 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար: