
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին հաղորդեց, թէ յաջորդական 7րդ ամիսն ըլլալով, ապրանքներու մեծաքանակի գիները՝ Յունուար ամսուան ընթացքին 0.8 տոկոսով աճած են, գլխաւորաբար ուժանիւթի, ուտեստեղէնի եւ բամպակի գիներու աճին հետեւանքով: Նորագոյն տուեալով, այս մարզին սղաճը հասած է 3.6 տոկոսի: Եթէ նկատի չառնուին ուտեստեղէնի եւ ուժանիւթի գիներուն աճը, ապա Յունուարի սղաճը եղած է 0.5 տոկոս, ինչ որ այս տուեալին մեծագոյն ոստումն է Հոկտեմբեր 2008էն ի վեր: Չորեքշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ ներկայիս նոր բնակարաններու կառուցումը 20 ամիսներու ընթացքին մեծագոյն ոստումը արձանագրած է: Աճը արձանագրուած է յատկապէս յարկաբաժիններու մարզին մէջ: