Վախը զգացական աշխարհի վիճակներէն մէկն է, եւ ինչպէս ամէն կացութիւն կամ վիճակ, վա՛խը եւս կÿունենայ իր հետեւանքները: Վախին հետեւանքները, ա՛յլ կացութիւններ են բնականաբար, որոնք իրենց թողած ազդեցութեամբ կրնան վնաս պատճառել մանաւանդ վախի մէջ եղող անձին:
Վախը լաւ խորհրդատու չէ՛: Այս հաստատումը բազմիցս լսուած արտայայտութիւն է, որովհետեւ վախի մէջ եղող մարդուն առած քայլերը յաճախ անհակակշռելի կ՛ըլլան, ու մանաւանդ անգուշակելի: Վախի մէջ եղող մարդը առանց մտածելու գործող անձն է, որ չի՛ կրնար տարբերութիւն դնել, իր հակառակորդին ձեռքը անմեղօրէն բռնելուն եւ զայն սպաննելուն միջեւ: Որովհետեւ անոր պարագային միտքը չէ՛ խորհուրդ տուողը իրեն: Միտքը՝ որ կրնայ տրամաբանել ու ճիշդ կողմնորոշուիլ. այլ՝ վախի մէջ եղողին միակ խորհրդատուն իր վա՛խն իսկ է: Եւ քանի որ վախը լաւ խորհրդատու չէ՛, ուրեմն անոր տուած խորհուրդները միշտ դժբախտութեանց դուռ պիտի բանան, անոր հրահանգները գործադրող մարդոց դիմաց:
Վախը նաեւ ստախօսութեան կÿառաջնորդէ մարդը: Յանցանքի պարագային, երբ կայ պատժուելու վախը եւ խայտառակութեան ամօթը, նենգամտութեամբ հանրային կարծիքը շահելու նպատակով, վախը կը բանաձեւէ սուտերու անվերջանալի շարան, որուն մէկ ծայրը երկրի վրայ հաստատուած կÿըլլայ, իսկ միւսը՝ մինչեւ ամպերը կը հասնի, բաբելոնեան աշտարակին, կամ Նիւ Եորքի երկնաքեռներուն համանման:
Դարձեալ լսուած խօսք է. «Յանցապարտը կարելի է շուտով յայտնաբերել, իր խօսած սուտերէն դատելով»: Սա միայն դատաւորներուն տրուած իմաստուն խրատ չէ՛, այլ՝ ոեւէ անձի, որ տրամաբանելու նուազագոյն կարողութիւնը ունի: Սուտը իրաւի պէս խօսող մարդուն պարագային եւս, անոր աչքերուն մէջ կարելի է տեսնել շփոթը, որ իր ներքին անձին հետ պայքարի արդիւնք է: Իր զգացած վախին խորհրդատուութեամբ խօսելիք սուտը, ստախօսը պէտք է բազմաթիւ անգամներ կրկնէ, որպէսզի նախ կարենայ ինք ներքնապէս համոզուիլ անոր, կարենալ համոզելու ուրիշները:
Վերոյիշեալ այս սուտին մէկ այլ անունն է՝ բամբասանքը, որմէ չեն կրնար զերծ մնալ նոյնիսկ թագաւորները: Թագաւորին մասին ալ կը խօսին, ինչքան ալ սպառնացած ըլլայ ան իր քաղաքացիներուն, թէ զինք բամբասողը, գլուխը պիտի վճարէ իբրեւ պատիժ: Բռնատիրական երկիրներու մէջ իսկ յաճախ այնքան յստակ կ՛երեւի այս կացութիւնը, երբ նոյնիսկ լրտեսական խիտ ցանցերով անվստահութեան մթնոլորտ կը տիրէ անոնց սահմաններուն մէջ: Բայց դարձեալ, նոյնիսկ այդպիսի պայմաններու մէջ, երկրին իշխանաւորը զերծ չի՛ մնար բամբասանքէն, որ այս պարագային կը կատարուի փոխաբերութիւններով, «վրան գոց» բառերով:
Այս տիպի սուտերուն՝ բամբասանքներուն դրամագլուխը ամբողջ աշխարհն է: Ուրիշ խօսքով, «լեզուն ոսկոր չունի»ն հաստատող լաւագոյն օրինակները, վախի հետեւանքով սուտ խօսող մարդիկն են: Սուտին դառնահամ պտուղը ճաշակած ա՛նձը միայն կրնայ ճշդել ստախօսին զգացած ներքին՝ հոգեկան վախով սկսած տագնապին տարողութիւնը:
Զարմանալի, սակայն իրաւ է, թէ սուտը որ զայն օգտագործողին կողմէ կը խօսուի ուրիշ բան ծածկելու համար, ի՛նք յաճախ բացայայտիչը կը դառնայ ճշմարտութեան: Շատ մեծ սուտը, հանրային կարծիքը կը մօտեցնէ ճշմարտութեան: Դարձեալ, շատ մեծ սուտը պատճառ կը դառնայ որ նոյնիսկ հարցին հետ ընդհանրապէս կապ չունեցող մարդիկ գործածեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ փնտռեն ճշմարտութիւնը: Ուրիշ խօսքով մեծ սուտեր գործի կը մղեն զայն լսողներուն տրամաբանութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտումներ կը կատարուին, անպարտ արձակելով զրպարտուած, բամբասուած ու սուտի զոհ ըլլալու դատապարտուած անձը:
– Ինչո՞ւ սուտ խօսիլ: Զարմանքով կը հարցնէր հարազատ բարեկամս, որուն կեանքի բառարանին մէջ սուտ բառին չէի հանդիպած իսկապէս:
Պատասխանելու համար իր անկեղծ հարցումին, յիշեցի մէկ այլ բարեկամի գործածած առածը նման առիթներով, որ փոխաբերութեամբ կÿըսէ.
– Վախկոտ շունը բարձր կը հաջէ:
Իր տիրոջ սահմանները պահպանող հաւատարիմ այս անասունին բնազդային արարքը օգտագործած վերոյիշեալ առածը, բնականաբար չի՛ նուաստացներ անոր դրական երեսները, այլ միաժամանակ ցոյց կու տայ, որ պահապան այդ կենդանին, դիմացի օտարականը հեռացնելու ճիգին մէջ, բարձր հաջելով իր ներքին վախն ալ կը փարատէ:
Նոյնն է վախի ազդեցութեան տակ սուտ խօսող մարդոց պարագան, միայն այն տարբերութեամբ, որ շան հաւատարմութիւնը կը պակսի անոնց մօտ: Այսինքն դրական ո՛չ մէկ կէտ կարելի է գտնել անոնց նկարագրին մէջ: Իցի՜ւ թէ իրենց տիրոջ հանդէպ հաւատարմութենէ մղուած պաշտպանէին անոր տան սահմանները: Վախի ազդեցութեան տակ սուտ խօսող մարդիկ, ուրիշին շահուն համար պայքարողներ չեն կրնար ըլլալ, այլ միայն իրենց սեփական ստամոքսն ու քսակը մտածող շահամոլներ, որոնք նիւթական հանգիստ պայմաններու բերմամբ սովորութիւն դարձուցած են փետրախշտի վրայ երկննալ ու ստաբանել:
Նախախնամական արդարութիւնը, սակայն, հանգիստ չի՛ տար անոնց: Սուտերով իրենց ինքնավստահութիւնը սնուցած այս մարդիկը, իրենց ցանկացած հանգիստ կեանքը չե՛ն գտներ բնաւ: Որովհետեւ զիրենք անհանգստացնողը, իրենց իսկ ուրուահալած երեւակայութիւնը կÿըլլայ: Ատիկա բնա՛ւ չի թողուր որ անոնք իրենց կողոպուտով, ուրիշները զրկելով, ստախօսութեամբ ու խարդախութեամբ դիզած հարստութիւնը վայելեն: Ուրուահալած երեւակայութիւնը, իրենց աչքին հարուստ ու երջանիկ կը ցուցնէ իրենց աղքատ հակառակորդը: Ուստի, հանգստաւէտ բազմոցներու վրայ երկնցած իսկ պահուն, նման անձեր նոր դաւեր կը նիւթեն իրենց կարծեցեալ հակառակորդներուն, իբրեւ թէ անոնց կեանքը աւերելու, ու անոնց չունեցած հարստութիւնը աւարելու նպատակով:
Իր սուտին վրայ նոր սուտեր խօսող, աւելի բարձր պոռացող եւ զրպարտութիւնները բազմապատկող մարդը, անպայման կ՛ունենայ այնպիսի գաղտնիքներ, որոնց բացայայտումին վախը փարատելու իբրեւ միջոց կը կիրարկէ հետեւողական ստախօսութիւնը: Ուրեմն, անոր պարագային, կիրարկած ստախօսութիւնը համազօր է շան հաջոցին: Շան նման հաջելով դիմացինը վախցնելու օրինակը, բնազդով գործող կենդանիէն փոխ առնելով ստախօսներ, շան բերնէն հոսող լորձունքին պէս, իրենց բերնէն կը հոսեցնեն հոս ու հոն կպչող եւ գարշահոտութիւն յառաջացնող տեսակաւոր սուտերով համեմուած բամբասանքները, որոնք այդ լորձունքին պէս ալ պիտի չորնան ու ոտքի կոխան դառնան ուշ թէ կանուխ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.