
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի Կանաչ կուսակցութեան ղեկավար Մայս Կուլալեւ Հինգշաբթի, Փետրուար 17ին յայտարարեց, թէ Փետրուար 11-13ին, Թիֆլիսի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի ու Վրաստանի Կանաչ կուսակցութեանց, ինչպէս նաեւ հայկական քանի մը ոչ կառավարական կազմակերպութեանց միջեւ, շրջանին մէջ կենսոլորտի ապականութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցելու նպատակով: