ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Երեւանի «Մոսկուա կինոթատրոն»ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ազդարարեց «Քուէն Ուժ Է» ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան շարժման մեկնարկը:
Քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին Ռուստամեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որու ամբողջական բնագիրը կրնաք կարդալ այսօրուան «Ասպարէզ»ի երկրորդ էջով: http://www.asbarez.com/arm/92665/