ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Զուր տեղը չէ՛ որ Աստուածաշունչը մարդու կեանքին կանուխ տարիները այնքան կը շեշտէ, իբրեւ մանուկը դաստիարակելու ամէնէն կարեւոր ժամանակաշրջանը: Փաստօրէն, սակայն, ամէն ծնողք յաջողութիւն չի՛ գտներ այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ: Անոնցմէ ոմանք գործի գացող ծնողներ ըլլալով, (յատկապէս մայրերու պարագային), տրամադրելի լայն ժամանակ չեն ունենար իրենց զաւակներուն դաստիարակութեամբ զբաղելու: Ուստի, մանուկներուն խնամքն ու դաստիարակութիւնը կը յանձնուի կա՛մ մեծ մայրերուն եւ կամ ալ խնամատար սպասուհիներուն, որոնք անկասկած թերի պիտի թողուն այս աշխատանքը, չկարենալով լրացնել մայրական անփոխարինելի կրթութիւնը:
2011 թուականը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուեցաւ «Հայ Մանուկի Տարի»: Ամբողջ տարին մանուկներուն ձօնելու Հայրապետական այս որոշումը, խորհրդանշական արարք չէ՛ սոսկ մեր եկեղեցիին կողմէ կատարուած, այլ՝ մեր հաւաքական ուշադրութիւնը անոնց վրայ հրաւիրելու Հովուապետական կոչ:
Մանուկներուն տրուած թերի դաստիարակութիւնն է որ ապագային աղէտ պիտի դառնայ աշխարհին, երբ անոնք շուտով մեծնան, ու իրենց ծնողքէն ստացած դաստիարակութեամբ մտնեն կեանքի թատերաբեմ:
Այնպէս ինչպէս ամէն ինչ իր ճիշդ ժամանակին երբ կատարուի աւելի՛ հաւանականութիւն կ՛ունենայ արդիւնաւէտ ըլլալու, նոյնպէս ալ մարդուն դաստիարակութիւնը իր ճի՛շդ ժամանակին կատարուելու է, որպէսզի պտղաբերի ապագային: Առակաց գիրքին իմաստուն հեղինակը շեշտելով այս մտածումը, կ՛ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը, իր ճամբան սկսած ատեն» (Առ 22.6): Ապա նաեւ կ՛աւելցնէ ապահովութիւնը իր տուած խրատին, թէ՝ երբ մեծնայ իր ճամբէն պիտի չխոտորի:
Առաջին իսկ ընթերցմամբ, թէեւ դրական թուացող այս խրատը, այն տպաւորութիւնը կը թողու, թէ ամբողջութեամբ ճշմարտութեան չի՛ համապատասխաներ: Որովհետեւ ծնողներէն շատեր իրենք պիտի ըսեն, թէ՝ «թէեւ մենք լաւ դաստիարակութիւն տուինք մեր զաւակին, սակայն անիկա մոլորեցաւ այդ ուղղութենէն ու ինկաւ այնպիսի ճամբաներու մէջ, որոնք խոտոր կը համեմատին մեր քրիստոնէական վարքին ու Աստուածաշնչական սկզբունքներուն»:
Նման պարտուողական մօտեցումներ բնա՛ւ հարազատ չեն իսկական ծնողի տիպարին, որ ընկրկիլ չի՛ գիտեր, ո՛չ ալ կը վախնայ կեանքի անակնկալներէն: Կեանքի պայքարին մէջ մտած մարդը, անոր ամեհի ալիքներուն վրայէն պիտի առաջնորդէ իր մակոյկը, ապահով հասցնելու զայն խաղաղ նաւահանգիստ: Ուստի, իրենց տուած քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան ապաւինելով, ծնողներ պէտք է աչալուրջ հետեւին անոնց պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան տարիներուն: Ճիշդ է, արբունքի ու պատանութեան տարիներու յատուկ ըմբոստութեամբ, կամ տարեկից ընկերներու հետ զրուցատրութեամբ կրնան որոշ ժամանակ անտեսել այն դաստիարակութիւնը զոր ստացած էին իրենց կանուխ մանկութեան տարիներուն, սակայն մտահոգիչ չէ՛ այս երեւոյթը: Արմատն է կարեւորը: Հիմքն է էականը: Այն ծնողքը որ վստահ է իր ցանած հունտին լաւորակ ըլլալուն, անպայման իր ժամանակին բարի հունձք պիտի քաղէ: Որովհետեւ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւն ստացած երեխան, անպայման պիտի վերադառնայ իր արմատին, ուշ թէ կանուխ պիտի յիշէ այն օրէնքները, որոնք իր ծնողքին ու յատկապէս մօր կողմէ տաղուած էին իր սրտի օրինագիրքին վրայ:
Ողբերգութիւն կը դառնայ անշուշտ այն ընտանիքին կեանքը, երբ անոր մայրը ազնուութեան, քրիստոնէական կրթութեան կարօտ կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս գաղափար չունենալով թէ որո՞նք են մարդկային առաքինութիւնները, զորս պէտք է փոխանցէ իրմէ ծնած զաւակներուն:
Այս իմաստով անփութութիւնը շատ աւելի մեծ մեղք է, քան՝ զաւակը ճիշդ ժամուն չկերակրելը: Կաթին ուշացման չտոկալով, մանուկին նորածիլ ստամոքսը, կրնայ պատճառ դառնալ անոր աղիողորմ լացին ու երեխայական ճիչերուն: Սակայն, առաքինութիւններով զայն լիացնելու գիտակից արարքը, կրնայ կանխարգիլել ապագայ անկանխատեսելի դժբախտութիւններ:
Միականի կնոջ ծանօթ եղող անձը պատմեց ինծի, թէ անիկա չափահաս դառնալէ ետք հարց տուած է իր մօր.
_Մայրի՛կ, ինչո՞ւ կոյր է մէկ աչքս:
Մայրը, որ երկար տարիներ գաղտնի պահած էր իր աղջիկէն այն պատահարը որ շատ կանուխ տարիներուն տեղի ունեցած էր տան մէջ, կը ստիպուի ճշմարտութիւնը ըսել անոր.
_Աղջիկս, հազիւ մի քանի տարեկան էիր, երբ մօտս նստած կը հետեւէիր դերձակուհիի իմ աշխատանքիս: Կու լայիր երբ արգիլէի քեզի դպչիլ կարի տուփին: Սակայն օր մը այնքան լացիր մկրատը ձեռքէս առնելու համար, որ չդիմանալով տուի քեզի, իսկ դուն զայն ձեռքէս քաշելով, սխալմամբ ուղղակի աչքիդ տարիր:
_ Բայց մայրի՛կ եթէ այդ վայրկեանին չտայիր մկրատը, մէկ օր կու լայի, մէկ շաբաթ կու լայի, մէկ ամիս կու լայի, ու ապա կը դադրէի լալէ: Իսկ հիմա ամբողջ կեանքիս ընթացքին կու լամ, միականի ըլլալուս համար:
Այսպէս են նաեւ բազմաթիւ մայրեր, որոնք հետագային կը զղջան իրենց զաւակները ճիշդ ատենին դաստիարակած չըլլալնուն համար, սակայն անօգուտ: Իսկ աւելի ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուին այն մայրերը, որոնք չեն ալ անդրադառնար որ թերի դաստիարակութիւն տուած են իրենց զաւակին: Ասիկա անշուշտ ժառանգական պակասաւորութիւնն է, որ առհասարակ տգէտ խաւին մօտ կարելի է նշմարել: Ասոնցմէ ոմանք անշուշտ մեծամտութեամբ ալ տարուած կ՛ըլլան հակառակ իրենց մտային խեղճութեան, պարզապէս նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգած ըլլալով, եւ կը խորհին թէ՝ լաւագոյն կրթութիւնն է որ ջամբած են, կամ կը ջամբեն իրենց զաւակներուն: Ասոնք անյոյս պարագաներ են, որոնց դաստիարակութեամբ պէտք չէ պարապիլ, Աստուածապարգեւ մեր ժամանակը վատնած չըլլալու համար:
Իրական կեանքէ քաղուած վերոյիշեալ դրուագին մէջ ի՞նչ օգուտ ունեցաւ մօր զղջումը, երբ իր ատենին չէր կրցած մանկավարժական ամէնէն պարզ մեթոտով կրթել իր երեխան: Այդ մայրը չէր մտածած, որ իր աղջիկն ալ օր մը մայր դառնալով, զաւակներ պիտի կրթէ, եւ ինչ որ իրմէ սորված էր, նոյն դաստիարակութիւնը պիտի տար իրմէ ծնած զաւակներուն: Այդ պատճառաւ հիները հարսնացու փնտռող երիտասարդները խրատելով կ՛ըսէին. «Մօր նայէ՝ եւ ապա աղջիկը առ»: Անոնք լաւապէս սերտած էին, որ դաստիարակութիւն ջամբելն ալ ժառանգական իւրայատկութիւն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Այնպէս ինչպէս դաստիարակուած է մայրը, նոյն կրթութիւնն է որ պիտի փոխանցուի մէկէն միւսը:
Եթէ մկրատ տուող ես զաւակներուդ ձեռքը, անոնք ալ իրենց զաւակներուն ձեռքը պիտի տան մկրատը, եւ այսպէս, թերեւս ի վերջոյ գերդաստանիդ մէջ աչք ունեցող մէկը չգտնուի: