
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿի նախագահ՝ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիոս Ազուպալիս Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ աճող լարուածութիւնը կրնայ կացութիւնը վատթարացնել շրջանին մէջ:
Ան աւելցուց, թէ այս եզրակացութեան հասած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ իր հանդիպումէն ետք, եւ մտահոգիոչ համարեց այն իրողութիւնը, որ երկու կողմերը իրարմէ բաժնող սահմանին վրայ աւելի յաճախակի դարձած բախումներ տեղի կ՛ունենան ու զոհեր կ՛արձանագրուին:
Ազուպալիս անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Մինսկի խմբակի աշխոյժ միջնորդութեամբ, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու ԵԱՀԿի ջանքերը պիտի շարունակուին, միաժամանակ կոչ ընելով հակամարտութեան կողմերուն, որ վստահութիւն հաստատելու նպատակով քայլերու դիմեն:
Ան աւելցուց, թէ Մարտի կիսուն Հարաւային Կովկաս պիտի այցելէ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար իրադարձութեանց: