
Շաբաթ, Փետրուար 12ին, Ս. Անդրէաս Հայց. եկեղեցւոյ «Ամիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ընդունելութիւնը, որուն նախագահեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ձեռնարկի ընթացքին յատուկ պատիւի արժանացան Զ. Վիքթըր եւ Մերիըն Վ. Փափարիկեան բարեսիրական հիմնարկութիւնն ու Փափարիկեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Ատոմ Մութաֆեան եւ Հիլտա Չերեկճեան: Սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վերոյիշեալ բարեսիրական հիմնարկութեան եւ պատիւի արժանացողներուն, որոնք օգտակար ծառայութիւն կը մատուցանեն:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանի խնդրանքին ընդառաջելով՝ սրբազանը առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն ներս երկարամեայ եւ անձնուէր ծառայութիւն մատուցող հետեւեալ հայորդիները.
Զաւէն Վիքթըր Փափարիկեան, Զաւէն Փափարիկեան, Զապէլ Փ. Մրեսըն, Վիվիըն Մութաֆեան, Զարի Սէմէրճեան, Հիլտա Չերեկճեան եւ Ատոմ Մութաֆեան:
Այդ օրը նաեւ համայնքի հայութեան համար հոգեկան ցնծութեան օր մըն էր, որովհետեւ այդ օրը Սանթա Քլարա հովիտի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի 20ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց մասնաճիւղին բոլոր անդամները եւ քաջալերեց զիրենք, որ հայու ճշմարիտ ոգիով ու հայրենասիրութեամբ շարունակեն իրենց ազգային-եկեղեցական պատուաբեր առաքելութիւնը, ապա ըսաւ. «ՀՄԸՄ մեր ազգային կեանքին մէջ նուիրական հաստատութիւն մըն է, որուն նպատակը բարի է: Այս եկեղեցիէն ներս ՀՄԸՄի 20րդ տարեդարձը կը տօնենք եւ կոչ կը յղենք բոլոր ծնողներուն, որ իրենց զաւակները արձանագրեն ՀՄԸՄ եւ նմանօրինակ կազմակերպութիւններ, որոնք կը հետապնդեն հայ մանուկի միտքին մէջ հայրենիքի սէրն ու ազգային ոգին արմատաւորելու նպատակը»:
Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան ծուխի անունով իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին հոգատար վերաբերմունքին եւ անմիջական հետաքրքրութեան համար, իսկ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց տէր հօր, որ բծախնդրութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ Զ. Վիքթըր Փափարիկեան, որ «Փափարիկեան» բարեսիրական հիմնարկութեան հիմնադիրն է, անդամալոյծ վիճակի մէջ կը գտնուի, սրբազանը նոյն օրը այցելեց անոր ու զինք անձամբ պարգեւատրեց «Հայ Ոգի» շքանշանով՝ գնահատելով անոր բարեգործութիւնը եւ աղօթելով անոր առողջութեան համար: Զ. Փափարիկեան երկար տարիներէ ի վեր առաջնորդարանի ամառնային ճամբար յաճախող կարօտեալ աշակերտներուն կրթաթոշակ կը յատկացնէ, որպէսզի անոնք չզրկուին ճամբարի բարիքներէն: