
Անցեալ Ուրբաթ, 18 Փետրուարին, Նորթ Վալիի մէջ հազիւ մէկ ու կէս տարի առաջ ճամբայ ելած ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան շուրջ հաւաքուած երկու հարիւրի հասնող համակիրներ, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ երկու հարիւր հազար տոլար հանգանակելով՝ շօշափելի հիմքեր ստեղծեցին այդ նոր կազմաւորուած շրջանը Հայ կեդրոնով մը օժտելու համար:
Փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձին զուգադիպած ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Լարա Գազանճեան: Ապա ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Տօնոյեան փոխանցեց օրուան պատգամը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ Հայ կեդրոնի կայացման կարեւորութիւնը բացատրելու վրայ:
«Կեդրոնը պէտք է ըլլայ այն վայրը, ուր պէտք է վխտան մեր պատանիները, պէտք է ոգեւորուին, լիցքաւորուին մեր երիտասարդները, եւ վերջապէս պէտք է կազմակերպեն եւ առաջնորդեն մեր տարէցները», յայտնեց Տօնոյեան:
Կեդրոնի գնման համար յատկապէս ստեղծուած յանձնախումբը կը ղեկավարուի Սարգիս Քարկոտորեանի կողմէ, որ իր կարգին ելոյթ ունենալով՝ մանրամասնութիւններ ներկայացուց ցարդ տարուած աշխատանքներուն եւ անմիջական ծրագիրներուն մասին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Յովան Թաշճեան, որ բացատրեց Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը: Ան իր խօսքի աւարտին, խրախուսեց ներկաները մասնակցելու հանգանակութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել այդ նորակազմ շրջանին մէջ Հայ կեդրոն մը ունենալու կարեւոր ծրագիրը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին Էմի Քէօշկէրեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն ժամանած)՝ դուդուկով, եւ Գօգօ Հայիթեան՝ ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարումով: