ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Լինսի» հիմնարկութեան լուծարման լուրը, երբ հրապարակուեցաւ, մեր համայնքի կրթական օճախներու, հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու բոլոր պատասխանատուները լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ գտան իրենք զիրենք:
Անցնող տարիներուն, շրջանիս հայկական վարժարանները՝ բոլորը, անխտիր, վայելած էին ապահովութիւնը, զոր կը շնորհէին ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի ստեղծած «Լինսի» հիմնարկութեան ամէնամեայ շօշափելի յատկացումները, որոնց հանրագումարը կը գերազանցէր երկու միլիոն տոլարը (աւելի ճշգրիտ՝ «Լինսի» փոխնախագահ Յարութ Սասունեանի տրամադրած տուեալով՝ վերջին երեք տարիներուն 2.3 միլիոն ընդհանուր գումար մը):
Ի՞նչ պիտի ըլլայ դպրոցներուն վիճակը գալիք տարի, երբ այդ հսկայ ներդրումը այլեւս պիտի չկատարուի: Խնդիրը այն է, որ «Լինսի»ի յատկացումը ոչ թէ կու գար հայկական դպրոցներուն պիւտճէները յաւելեալ հնարաւորութիւններով օժտելու, որպէսզի անոնք զարգացնեն իրենց ծրագիրները կամ բարեկարգեն իրենց կառոյցները, այլ ուղղակի կը ծառայէր նիւթական բացերը փակելու եւ գոյատեւելու համար անհրաժեշտ պահանջները գոհացնելու:
Կրթական յաջորդ տարեշրջանը շատ հեռու չէ: Պէտք է արդէն նախապատրաստուիլ, պէտք է արդէն ծրագրել ու գործի անցնիլ: Այս հարցին շուրջ ամբողջ համայնքը զօրաշարժի պէտք է ենթարկուի, այլապէս, եթէ նոյնիսկ մէկ վարժարան, մեծ թէ փոքր, նիւթական պատճառներով փակուելու պարտադրանքին տակ դրուի, պիտի յառաջանայ բարոյալքման իսկական ցունամի մը, որուն աւերները վերականգնելու համար, պիտի զգացուի շատ աւելիին կարիքը, քան նիւթական միջոցներունը:
Քալիֆորնիոյ ամբողջ տարածքին, հայկական բոլոր դպրոցներուն սատար կանգնելու ազդանշանը տրուած է: «Լինսի» ամէնամեայ յատկացումները պէտք է փոխարինուին: Ատիկա նուազագոյն պահանջն է տակաւին: