ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ընկերային իւրաքանչիւր կառոյց՝ երկիր, ժողովուրդ, քաղաք, գիւղ, հիմնարկ, հաստատութիւն ու ընտանիք, ներքին անկախութեան կարիք ունի, իր կեանքը արժանապատիւ կերպով ապրելու համար: Նոյնն է նաեւ մարդ անհատի պարագային: Մարդն ալ ունի իր ներքին՝ հոգեկան կառուցուածքը, որ իր կարգին ունի իր ներքին ծալքերն ու մակարդակները: Մարդ էակին այդ ներքին «աստիճանաւորում»ը եւս անհրաժեշտ կարիքը ունի որոշ ինքնավարութեան, ինքնանկախութեան կամ ազատութեան:
Աշխարհի քաղաքական կեանքը վերիվայրումներու կ՛ենթարկուի, երբ տարբեր երկիրներու շահերը չեն համընկնիր ու անհամաձայնութիւնները կը բազմանան: Նման կացութեանց մէջ արձանագրուած ոտնձգութիւնները եւ մանաւանդ այլ երկիրներու միջամտութիւնները, քաղաքական կեանքը կ՛ալեկոծեն ու երկպառակութիւններ կը սերմանեն, երբեմն միեւնոյն երկրի տարբեր հոսանքներուն միջեւ:
Նոյնն է պարագան առեւտրական մեծ գործընկերութիւններու եւ վաճառականական հիմնարկներու, որոնց միջեւ արտաքին ազդակներէ հրահրուած մրցակցութիւնը, յաճախ պատճառ կը հանդիսանայ իրարու գործին միջամուխ ըլլալու երեւոյթին: Կացութիւն՝ երբ նիւթական հարստութիւնը բաժնուիլ չկարենալով, զիրար կը քանդեն մեծ ընկերութիւններ, մինչ՝ ինքնակործան արարքի փոխարէն, կրնային իրենց արտադրութիւններով մարդկութեան կեանքը աւելի դիւրացնել, կամ պարզապէս շահարկել իրենց ունեցած դրամագլուխը:
Քաղաքական միջամտութիւնները առհասարակ չեն կատարուիր տուեալ երկրի բնակիչներուն գեղադէմ ըլլալուն կամ՝ ինչպէս մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ՝ «սեւ աչքերուն ու սեւ յօնքերուն» սիրոյն, այլ կան աշխարհաքաղաքական շահեր՝ տուեալ երկրի բնական հարստութիւններէն օգտուելու հնարաւորութիւն, ռազմական պայմանագրութիւններ, ռազմամթերքի տեղակայման վայրի յատկացում, հիւլէական ուժանիւթի պատրաստութեան ու գործածութեան ծիրէն ներս գործակցութիւն, եւայլն:
Առեւտրական դաշնադրութեանց պարագային ընդհանուր շահի ու շահաբաժինի հասկացողութիւնները կը տարբերին անշուշտ, համաձայն տուեալ ընկերութեան գործառնութեան քանակին ու որակին: Մեծ շահ ապահովող ընկերութեան տրամադրած շահաբաժինն ալ մեծ կ՛ըլլայ, իսկ փոքր ընկերութեանց շահածն ու տուածը՝ փոքր:
Մարդ էակի կեանքին պարագային, ներքին՝ սեփական գործառնութիւններ կան, որոնք իր առօրեան կը կազմեն: Ոմանց պարագային այնքան անկազմակերպ է այդ առօրեան, որ ձախող գործարանի եւ կամ՝ թափթփած սենեակի տպաւորութիւն կու տայ իրեն հանդիպողին: Գործարան՝ որուն ո՛չ տէրն ու տնօրէնը յայտնի է, ոչ ալ պաշտօնեան ու աւելածուն: Եւ սենեակ, ուր մտնելէ ետք հազիւ մարդ կրնայ իր գոյութիւնը ստուգել՝ շօշափելով ինքզինք, ներսը գտնուող անկանոն գոյքերուն մէջ կորսուելու մտավախութեան մատնուելով: Իսկ կազմակերպուած առօրեայ ունեցող մարդոց պարագային, անցորդներ հիացումով իրենց ժամացոյցը կը լարեն, վստահ ըլլալով որ ճիշդ ժամուն վրայ կրնայ դնել անոր սլաքները, նկատի ունենալով որ այդպիսի անձեր ճիշդ ժամուն գործի կը հասնին:
Իրենց հայրենիքին մէջ արժանապատուութեամբ եւ հայրենասիրական վառ ապրումներով ապրող ժողովուրդներ, չեն ուզեր որ այլ պետութիւններ միջամուխ ըլլան իրենց կեանքին: Հակառակ անոր որ համաշխարհայնացած ներկայ դարուն կարելի չէ՛ ինքնակղզիացման ենթարկուիլ ամբողջովին, սակայն տակաւին կայ այդ ինքնակառավարման ձգտումը, յատկապէս սեփական մշակոյթ ու հարուստ աւանդութիւն ունեցող երկիրներու ու ժողովուրդներու մօտ: Անոնց հոգիէն թռչող միակ աղերսը, ուղղուած գերպետութիւններու՝ «Մեզ հանգիստ թողէք»ի աղիողորմ ճիչն է: Իսկ վաճառականներու միջեւ ծագած վէճերը, առհասարակ կ՛աւարտին «գործիս մի՛ խառնուիր» կտրուկ հատումով, որ բնականաբար կ՛առաջնորդէ խզումի ու գժտութեան: Անհատական փոխ-յարաբերութեանց պարագային եւս նոյն ձեւով իրենց աւարտը կը գտնեն յաճախ սերտ բարեկամութիւններ եւ նոյնիսկ ամուսնական ուխտեր:
Նոյն՝ «գործիս մի՛ խառնուիր» հրահանգը, ունի նաեւ դրական իր իմաստաւորումը, որ միայն Աստուծոյ բերնէն արտաբերուելով, օրհնութիւն կը դառնայ մարդուն:
Մարդկային մեր հաշուարկումները գրեթէ միշտ ալ սխալ եզրայանգումներ կ՛ունենան: Երբեմն այնքան զգայուն կը դառնայ մարդ, որ իր կեանքի ընթացքին պատահող ամէն երեւոյթի ետին նշանակութիւն փնտռելու տագնապին կը մատնուի: Մինչդեռ պէտք է կեանքը իր բնական հոսքի հունին մէջ պահել, պարզապէս հետեւելով անոր երբեմն հեզասահ եւ երբեմն դարուփոս՝ խորտուբորտ ընթացքին:
Կեանքի հեզասահ ընթացքէն դժգոհող մարդոց շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ: Ընդհանրապէս մարդիկ կը բողոքեն, երբ իրենց կեանքը անյաջող ընթացք ունենայ: Օրինակ՝ արկած, բաժանում, թշնամանք, նախանձ ու ատելութիւն, եւայլն, պատճառ կը դառնան որ մարդիկ դժգոհին իրենց կեանքէն ու ըսեն. «Ինչո՞ւ ինծի պիտի պատահին ասոնք»:
Նման կացութեանց մէջ փոխանակ բողոքելու Աստուծոյ դէմ, պէտք է ականջ տալ Արարիչին ձայնին, որ այնքան խորհրդաւոր կշռոյթով կ՛ըսէ քեզի.
– Գործիս մի՛ խառնուիր:
Սովորական, մահկանացու մարդոց գործին խառնուելէ ետք երբ նման ազդարարութիւն կը լսենք, հապա՞ Աստուած, որ աշխարհի ստեղծման ծրագիրը մշակած էակն է, ինք իրաւունք չունի՞ ազդարարելու մեզի: Ինք չի՞ գիտեր թէ ի՛նչ կ՛ընէ քու կեանքիդ մէջ:
Երբեմն մարդոց կը յայտնէ Աստուած իր ծրագիրը, թէ՛ իրենց կեանքին առնչութեամբ եւ թէ անոնց շրջապատին մէջ գտնուողներուն: Աստուածաշունչը այդ մասին ունի գեղեցիկ դրուագը Յովսէփի՝ Յակոբի որդիին, զոր եղբայրները ստրուկ ըլլալու ծախեցին եգիպտոս ուղղուող իսմայէլացի վաճառականներուն: Այնտեղ, երբ Աստուծոյ տնօրինումով Եգիպտոսի կառավարիչ դարձած Յովսէփ ինքզինք կը յայտնէ իր եղբայրներուն, անոնց ամօթահար դէմքերը տեսնելով, զանոնք կը մխիթարէ, ըսելով որ չտրտմին զինք ծախած ըլլալնուն համար, որովհետեւ, կ՛ըսէ՝ Աստուած զիս ղրկեց այստեղ ձեր կեանքը ապահովելու համար (Հմմտ Ծն 45.5):
Խորունկ իմաստ կայ Յովսէփի այդ արտայայտութեան մէջ, որովհետեւ Աստուած նախասահմանեալ իր գիտութեամբ, գիտէ՛ թէ քեզ ե՞րբ «Եգիպտոս» պիտի ղրկէ, ե՞րբ պիտի կանչէ, կամ ի՞նչ առաքելութիւն պիտի յանձնէ: Մեր կեանքին մէջ պատահող դէպքերը պէտք չէ՛ յուսահատութեան առիթ հանդիսանան մեզի, այլ՝ ընդհակառակը, ամէնէն տխուր պահուան մէջ իսկ պէտք է աստուածային խորհրդաւոր ձայնը, մեզ քաջալերող մղիչ ոյժը հանդիսանայ.
– Գործիս մի՛ խառնուիր:
Աստուծոյ վրայ ամբողջական վստահութիւն ունենալը, բացառիկ առաքինութիւն է: Իսկ Աստուծոյ գործին խառնուողներուն, պարզապէս պէտք է բարձրաձայն ըսել.
– Միայն գործի՛դ խառնուիր: