ՄԱՍՔԱԹ, Օման, «Ճազիրա».- Օմանի մէջ գործի առիթներ եւ քաղաքական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներ Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին փակեցին երկրին հիւսիսը գտնուող ու ճարտարարուեստի կեդրոն հանդիսացող Սոհար քաղաքը առաջնորդող ճամբաները, մինչ աւազակներ մթերքի վաճառատուն մը կողոպտեցին։ Խաղաղ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Մասքաթի, կառավարութեան շէնքերու եւ այլ կեդրոններու առջեւ։ Օմանի սուլթան Քապուսը Կիրակի օր կացութիւնը հանդարտեցնելու փորձով մը խոստացած էր պետական մարզի 50 հազար աշխատատեղիներ ստեղծել, անգործներուն 380 տոլար ամսական նպաստ տալ եւ խորհրդատուական խորհուրդի լիազօրութեան ընդարձակումը քննել։
Կիրակի օր, ոստիկանութիւնը ձգախեժէ փամփուշտներ արձակած էր քարեր արձակող ցուցարարներու դէմ, որոնց շարքին արձնագրուեցաւ երկու զոհ։ Ցոյցերը սկսած էին Շաբաթ օր:
Պահրէյնի մէջ, ցուցարարներ Երկուշաբթի օր խորհրդարանի շէնքը պաշարեցին եւ պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքին առջեւ հաւաքուեցան՝ փորձելով երկու շաբաթ տեւած ցոյցերէն եւ զոհեր պատճառած բախումներէն ետք յաւելեալ ճնշում բանեցնել թագաւորութեան վրայ։ Պահրէյնի իշխանութիւնը լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով կը ձգտի ընդդիմադիր խմբակներու հետ երկխօսութիւն կատարելու։
Միւս կողմէ, Թունուզի վարչապետ Մոհամմետ Ղաննուշի իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն անսալով՝ Կիրակի օր յայտարարեց, թէ որոշած է հրաժարիլ: Ուրբաթ օրուընէ ի վեր, փոխանցման կառավարութեան մէջ ունեցած Ղաննուշիի դերակատարութեան դէմ ցոյցերու ընթացքին ապահովական ուժերու հետ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով երեք զոհ արձանագրուած է։
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Միշել Էլիօ Մարի Կիրակի օր պաշտօնազրկուեցաւ, Թունուզի տապալած վարչակարգին հետ ունեցած իր սերտ կապերուն պատճառով: Ալան Ժիւփէ նշանակուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.