ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի իշխանաւոր ճամբարի ղեկավարներէն Գալուստ Սահակեանը, որ հայրենի ներ–քաղաքական դաշտէն ներս «հին ոսկոր»ի համբաւ ունի, շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, երբ այս օրերուն կը յոխորտայ, որ՝
«Համագործակցութեան մասին կոալիցիոն նոր յուշագիրը, գալիք խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնների հետ կապուած, խանդ է առաջացրել միւս քաղաքական ուժերի մօտ. եւ նրանք, ի զուր խանդելու փոխարէն, աւելի լաւ կը լինէր, որ կոալիցիայից օրինակ վերցնէին: …Ես կարծում եմ, որ հայաստանեան ընդդիմութիւնը պէտք է օրինակ վերցնի իշխող քաղաքական ուժերից եւ համախմբուի: Քանի որ առանձին գործելով եւ միմեանց քննադատելով՝ ընդդիմադիր ուժերը յաջողութեան չեն հասնի: Կոալիցիայի օրինակը պէտք է նրանց համար ուսանելի լինի»…
Ի՜նչ հեգնանք. ուրեմն՝ ընդդիմադրութիւնը պէտք է պարտական ալ զգայ իշխանաւոր «կոալիցիային», որ այս աստիճան հոգածու եւ մտահոգ կը թուի ըլլալ «ընդդիմադիր ուժերի յաջողութեան» չհասնելու… հեռանկարով։
Հապա՞ քաղաքական կրտումն ու ներքինիացումը կոալիցիայի անդամ ստորադաս գործընկերներուն, որոնք Փետրուար 18ի յուշագրով կարգի հրաւիրուեցան գործող ՀՀ նախագահին կողմէ եւ ստիպուեցան խոնարհիլ… «պետութիւնը ես եմ» յայտարարող իշխանութեանց Թիւ Մէկի «Հանրապետական» ուժի ցուցադրութեան առջեւ։
Բայց հեգնանքը՝ մէկ կողմ։
Նոյնպէս եւ մէկդի՝ ամբողջատիրութիւն հաստատելու փորձութեան անձնատուր եղած մեր երկրի իշխանաւոր ճամբարի «հին ոսկոր» թէ «նորատամ» քաղաքական գործիչներուն քարոզչական այսօրինակ «զինավարժութիւններ»ը։
Այս պահուն կարեւորը վերանկախացեալ Հայաստանի դեռատի ժողովրդավարութեան սպառնացող վտանգն է, որ քաղաքացիական պայթումի մը պարագային կրնայ սրբել ու աւլել–տանիլ ոչ միայն գալուստ–սահակեանները, այլեւ անփոխարինելի շատ բաներ՝ մեր ժողովուրդի արիւնէն ու քրտինքէն, այլ մանաւանդ նոյնինքն հայոց պետականութեան ամրապնդման հիմնական կռուաններէն։
Եթէ քաղաքական ողջմտութեան հատիկ մը իսկ մնացած է իշխանաւոր վերնախաւին մօտ, անոր ղեկավար թէ գործակատար ներկայացուցիչները աւելի լաւ կ՛ընեն, որ բաց աչքով հետեւին նոյնինքն մեր ժողովուրդին մէջ ահագնացող դժգոհութեան եւ ցասումի ալիքին՝ փոխանակ այդպէ՜ս, հեգնաբա՛ր, դասեր տալու ընդդիմադրութեան, իշխանութեան հասնելու իրենց «ուսանելի օրինակ»ին մասին։
ի՞նչն է «ուսանելի» այս իշխանութեանց վարքագծին մէջ։
Ա՞յն, որ ընտրազանգուածին «պարզ ու հանգիստ մեծամասնութեան» քուէն ձեռք ձգելով հանդերձ՝ գործող նախագահին ընտրութեան «օրինակութիւնը» հաստատելու համար պէտք եղաւ անցնիլ Մարտ Մէկի ողբերգական որոգայթէ՞ն…
Թէ՞ այն, որ երեք տարուան իր իշխանութեան շրջանին, նախագահական գործող վարչախումբը շարունակ «ստեպղինի եւ գաւազան»ի քաղաքականութիւն կիրարկեց սեփական ժողովուրդին նկատմամբ՝ խորացնելով ու արմատաւորելով սեփակա՛ն պետութեան նկատմամբ վախի զգացումը մեր հասարակութեան մէջ։
Ո՛չ, հայոց պետականութեան ամրապնդման եւ ժողովրդավարութեան արմատաւորման առումով «ուսանելի» բան չկայ իշխանաւոր ճամբարի եռամեայ պաշտօնավարութեան «օրինակ»ին մէջ։
Ինչպէս որ «ուսանելի» ոչինչ կայ հակադիր բեւեռին կանգնած տէր–պետրոսեանական ընդդիմադրութեան եռամեայ վարքագծին մէջ, որուն շարժիչը կը շարունակէ մնալ միեւնոյն ամբողջատիրական մղումը՝ սեփական ճամբարէն դուրս որեւէ ընդդիմադրութեան գոյութիւն ունենալու իրաւունքն իսկ մերժելու կամակորութեամբ։
Կարծէք ոչինչ փոխուած է 2008ի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, ընթացքին եւ աւարտին պարզուած անընդունելի եւ աններելի բեւեռացումէն։ Մեր հասարակութիւնը սեւի ու սպիտակի բաժնելու եւ թշնամական բեւեռացումով երկփեղկելու միեւնոյն ռազմավարութիւնը, փաստօրէ՛ն, կը շարունակէ առաջնորդել քայլերը Հայաստանի նախագահական իշխանութեան համար արիւնալի աթոռակռիւ մղող այս երկեակին։ Սերժ Սարգսեան կը մոռնայ, որ ինք երկրին գործող նախագահն է եւ իրաւունք չունի այսպէ՛ս ապաժամ, իր պաշտօնավարութեան կիսուն, ասպարէզ իջնելու իբրեւ հասարակ մահկանացու՝ յառաջիկայ նախագահի ընտրութեան համար իր թեկնածութիւնը պաշտպանող միացեալ ճակատ մը յարդարելով։ Իր կարգին Լեւոն Տէր–Պետրոսեան կը մոռնայ, որ դեռ քաւած չէ նախագահական իր պաշտօնավարութեան շրջանին գործած մեղքերը, որ նախագահական պաշտօնէն իր հրաժարումէն առաջ արդէն կորսնցուցած էր ժողովուրդին վստահութիւնը, նաեւ՝ ընտրազանգուածի քուէն, 1996ի նախագահական ընտրութեանց օրինակով եւ, ընդհակառակն, կը գործէ այն յաւակնութեամբ, որ «լիազօրութիւն»ը ունի ժողովուրդին անունով խօսելու, աջ ու ձախ դատելու եւ վճիռներ արձակելու…
Աւելի՛ն. պատահական չէր, որ Մարտ Մէկի խռովութեանց երրորդ տարելիցին առիթով, իշխանութեան աթոռակռուի զոյգ այս բեւեռներէն ալ վերստին հրահրուեցան միեւնոյն թունոտ ու փոխադարձմեղադրանքները։ Փոխանակ Մարտ Մէկի ողբեգրութեան համար սեփական պատասխանատուութեան բաժինը ընդունելու, փոխանակ քաղաքացիական աղէտի նոր պայթում մը կանխելու ուղղութեամբ հանրային ողջմտութեան մթնոլորտ յարդարելու, զոյգ ճամբարներէն ալ բարձրագոռ հնչեցին լրիւ պատասխանատուութիւնը հակառակորդին վրայ բեռցնելու սպառնալիքներ։
Փաստօրէն երկուստեք կատարուած է 2008ի բեմագրութիւնը կրկնելու քաղաքական ընտրանքը եւ միամիտ պէտք է ըլլալ՝ չանդրադառնալու համար, թէ խորհրդարանական ընդդիմադրութեան ուղղուած «միացէ՛ք»ի իրենց «յորդորներ»ով կամ «պահանջներ»ով, հաւասարապէս զոյգ ճամբարներու ներկայացուցիչներն ալ տենդագին յառաջ կը մղեն ներ–քաղաքական դաշտը միեւնոյն թշնամական բեւեռեցման ու պայթունավտանգ առճակատման դատապարտելու ռազմավարութիւնը։
Անշուշտ ծայր աստիճան վտանգաւոր հետեւանքներով յղի է նորովի շարժման մէջ դրուած ներ–քաղաքական բեւեռացման զօրաշարժը, բայց ինչպէս որ քաղաքական աշխարհի ընդհանուր օրէնքն է, այնպէս ալ Հայաստանի պարագային վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին։
2008ի Մարտի Մէկը «ճաշակած» եւ նախագահական հինգ ընտրութեանց դառն հիասթափութիւնները ապրած մեր ժողովուրդը անհրաժեշտ փորձը ունի, որպէսզի ձեռնթափ չըլլայ եւ անձնատուր չդառնայ պարտուողական համակերպումի։
Իշխանութեան աթոռակռուին յաւելեալ տուրք վճարելու տեղ չունի այլեւս մեր ժողովուրդը, որ վաղուան իր օրը փրկելու մեծ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ եւ գալիք սերունդներու հաշւոյն լիարժէք հայրենիք ու պետականութիւն ժառանգ ձգելու պարտքի զգացողութեամբ կ՛առաջնորդուի։
Դժուար է, անշո՛ւշտ, ընտրութենէ ընտրութիւն չարաչար «պարտուած» ժողովուրդը իր քուէին տէր դարձնելու առաջադրանքին իրագործումը։ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանէն մինչեւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան համար կայացած ընտրութիւններուն, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը շարունակաբար «պարտաւորուեցաւ» ծառայելու օրուան իշխանաւորի վերահաստատման «օրէնք»ին ու «խաղականոն»ին։
Բայց ամէն ժողովուրդ անցած է միեւնոյն այդ դժուարին ուղիէն, ուր Benjamin Franklin-ի դիպուկ բնութագրումով՝ «ժողովրդավարութիւնը երկու գայլերու եւ ոչխարի մը քուէարկութիւնն է որոշելու, թէ ի՞նչ պէտք է ուտել ճաշին։ Ազատութիւնը լաւապէս զինուած ոչխար մըն է, որ կը վիճարկէ քուէարկութեան արդիւնքը»…
Ընտրութեանց ճամբով չարաչար «պարտութիւն կրած» ժողովուրդը, Ազատութիւնը խորհրդանշող «լաւապէս զինուած ոչխարը» դառնալու համար, ամէն բանէ վեր քաղաքացիական իր իրաւունքներուն համար պայքարելու պատրաստ պէտք է ըլլայ, յատկապէս իր քուէի ուժին հաւատալով եւ անոր լիարժէք տէր կանգնելով։
Այդ առումով ալ ամենայն արձագանգի արժանի է, երկու օր առաջ կատարուած, ՀՀ Ազգային Ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր եւ Մարտ Մէկի հետաքննութեան խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի անդամ Արծուիկ Մինասեանը այն ախտորոշումը, թէ «2008թ. դէպքերից յետոյ մեր երկրում վախի մթնոլորտը դեռ յաղթահարուած չէ։ Ոչ միայն վախի մթնոլորտը յաղթահարուած չէ, այլ նաեւ չի ձեւաւորուել այն անհրաժեշտ հիմքը, որպէսզի հետագայում քաղաքացիներն աւելի վս-տահ գործեն եւ հասկանան, որ անհրաժեշտ է հանդէս գալ սեփական իրաւունքների պաշտպանութեամբ»: Աւելի՛ն. Ա. Մինասեանի համոզումով, «այսօր երկրում տիրող իրավիճակը խօսում է մէկ բանի մասին.– ՀՀում ընտրական իրաւունքը պաշտպանուած չէ: Քանի դեռ այս հիմնարար իրաւունքը չի վերականգնուել, անհնար է խուսափել նոր ցնցումներից»:
Մանաւանդ որ ինչպէս բնութեան մէջ, նոյնպէս եւ զանգուածային հոգեբանութեան համաձայն՝ վախը կը հանդիսանայ գլխաւոր պատճառներէն մէկը կատաղութեան ու վայրագութեան։ Նախ՝ անհնար է անվերջ վախի մթնոլորտին մէջ պահել ու ճնշել ժողովուրդին ազատ կամքը։ Ապա եւ աւելի կարեւորը՝ վախը յաղթահարելու հնարաւորութենէն զրկուած մարդ էակը, անհատաբար թէ հաւաքաբար, ի վերջոյ կը պոռթկայ եւ կատաղութեամբ ու վայրագութեամբ կը փոխարինէ զինք ներքնապէս կապտող ու ջլատող վախը։
Իշխանութեան աթոռակռիւով կուրացած ուժերը այս իմաստով ուղղակի կրակի հետ կը խաղան, երբ վախի մթնոլորտը տարածելով ու ծանրացնելով՝ կը փորձեն իրենց կամքին ենթարկել ժողովուրդը եւ ոտնակոխել իշխանաւորներուն ընդդիմանալու քաղաքացիական անբռնաբարելի իրաւունքը։
Քաղաքացիական քուէին ուժը իր փառքին կը հասնի, երբ կը յարգուի ու կ՛երաշխաւորուի նոյնինքն պետական իշխանութեան լծակներով։
Հակառակ պարագային, վախի մթնոլորտին մէջ խեղդամահ եղող քաղաքացիական քուէն անպայման կը պոռթկայ ողբերգականօրէն՝ աննախատեսելի կատաղութեամբ ու վայրագութեամբ։
Հայաստանին ու հայութեան պէտք է խնայել, ամէն գնով, ընկերային պայթիւնի ծանրագոյն այդ ցնցումը։