ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ
1560 տարի առաջ, 451 թուականին, Հայոց սպարապետին՝ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, հայոց բանակը պատմութիւն կերտող ճակատամարտ մը մղեց պարսից հզօր բանակին դէմ, եւ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» զոհաբերելու կամքով, անմոռանալի յաղթանակ մը արձանագրեց, արժանանալով երկնային պսակի ու պաշտամունքի հասնող սիրոյ ու յարգանքի։
Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը ծանօթ է բոլորիս։ Անոր կը ծանօթանանք մեր մանկութեան տարիներուն ու անկէ մեզի հասնող պատգամները մեր էութեան կը շաղկապենք ցկեանս։ Կը սորվինք եւ ապրումի կը վերածենք, որ Վարդան Մամիկոնեան, 1036 նահատակները, ապա նաեւ՝ պարսիկներու կողմէ գերի տարուած հայ հոգեւորականները, իրենց նահատակութեամբ, անջնջելի ու անժամանցելի պատգամներ ամրագրած են մեր պատմութեան մէջ, ու անոնց ձայնը կը հասնի մեզի, պիտի հասնի նաեւ ապագայ սերունդներուն։ Անոնք ծառացան հաւատքի բռնադատութեան, խղճի ազատութեան ու ազգային ինքնութեան ուղղուած մարտահրաւէրներուն դէմ, Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին հայկականութիւնը պահպանեցին ու իբրեւ աւանդ՝ փոխանցեցին ժառանգորդներուն։
Մամիկոնեան սպարապետը մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով դաստիարակուած էր ու անոնց պաշտպանութեան համար պատրաստուած՝ մանկութեան օրերէն։ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ հայերէն մշակոյթի հիմերը հաստատած Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի շունչին տակ, ան մանկութեան օրերէն ստացած էր այն ոգեղէն հարստութիւնը, որուն մենք այսօր կու տանք Ազգային Դաստիարակութիւն կոչումը։ Հայաստանի պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուի իր դիրքէն, հայ հոգեւորականներու եւ իշխանական դասուն հետ միասին, ան օր մը պարսից Յազկերտ թագաւորին պիտի պատասխանէր. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ մեզ հեռացնել… Քու սուրդ եւ մեր պարանոցը»։ Սա չէր նշանակեր, թէ հայ ժողովուրդը առանց դիմադրութեան պատրաստ էր սպաննուելու, այլ կը նշանակէր, որ հայը ի գին գերագոյն զոհողութեան, կեանքի գնով պատրաստ է պաշտպանելու իր հաւատքը, իր խղճի ազատութիւնը, իր հայրենիքն ու ինչ որ ազգային ինքնութիւն մարմնաւորող արժէք է։
Աւարայրի ճակատամարտը մէկ օր տեւած գուպար էր, սակայն հաւատքի ու ազատութիւններու համար այդ օրը սկսած պատերազմը, զոհաբերումի երթը շարունակուեցաւ Ղեւոնդեանց նահատակութեամբ ու Վահանեանց շարժումով, որ ի վերջոյ արդար պայքարը հասցուց յաղթանակի ու Վարդանանց հերոսամարտէն շուրջ 30 տարի ետք, 484ին, Նուարսակի դաշնագիրը պարտադրեց բռնադատութիւն փորձողին, ամրագրելով այն իրաւունքներն ու սկզբունքները, որոնց համար մղուած էր Աւարայրը։
Աւարայրի դաշտէն բխած Պատգամը կը հնչէ նաեւ այսօր։ Անիկա մշտական հրաւէր է հաւատքի, ազգապահպանման, հոգեւոր ու ազգային աւանդներով համակումի, ի սպաս անոնց ծառայութեան, զոհաբերութեան, անոնցմով գօտեպնդումի։ Այս պատգամը ուղղուած է մէն մի հայու, պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի ան, հոգեւորական թէ դաստիարակ ուսուցիչ, պետական պատասխանատու թէ քաղաքական դաշտի ծառայող, ծնող թէ նորահաս սերունդներու հոգատարութեան մասնակից հարազատ։ Հաւատքի, խղճի ազատութեան, հայրենիքի հողերուն ու ոգիին պաշտպանութեան պատգամները հաւասարապէս ազնիւ մարտահրաւէրի դիմաց կը դնեն բոլորս, եւ մենք, մանկութեան օրերուն մեր սորված առաջին ոտանաւորին բառերը կրկնելով կը յայտարարենք ու կը կրկնենք ընդմիշտ՝ «Հայ եմ ես… Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես», նաեւ կ՛երգենք՝ «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան…»։
Վարդանանց նահատակութեան պատգամը անժամանցելի է ու այժմէական՝ նա՛եւ աշխարհը ցնցող մերօրեայ իրադարձութեանց լոյսին տակ, երբ ժողովուրդներ պայքարի մէջ կը նետուին վասն ազատութեան, ազգային ու մարդկային իրաւունքներու։ Իսկ մենք՝ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, անմասն չենք այն մարտահրաւէրներէն ու իրականութիւններէն, որոնք կը յուզեն աշխարհն ու ժողովուրդները։
«Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց, միշտ յառաջ» պատգամը դարեր շարունակ հնչած է ու հունաւորած՝ մեր պատմութիւնը, մեր ժողովուրդին կեանքը։ Այդ պատգամը բարձրագոչ կը հնչէ նաեւ այսօր, պիտի հնչէ նաեւ վաղը, իբրեւ փարոս եւ ուղեցոյց մեր ծառայութեան ու առաքելութեան երթին։