ԷԼԻԶԱ ՔԱՐԱԿԵԶԵԱՆ*

Դիտել Վահէ Կարապետեանի կատարումը՝ նման է ականատես ըլլալու անժամանակ երեւոյթի մը: Կարապետեանի խորունկ «պարիթոն» ձայնին զուգահեռ, երաժշիտ Արա Տապանճեանի երա-ժշտական հիանալի մշակումը, ունկնդիրը կը փոխադրէ դէպի անսահման ժամանակ մը ու դէպի խորքը հայկական ժողովրդային երաժշտութեան, որ կրնայ միայն սքանչացումի առարկայ դառնալ:
Մարտ 5ին տեղի ունենալիք համերգին առիթով իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Կարապետեան խօսեցաւ աշնան լոյս տեսած իր խտասալիկին՝ «Աշխարհումս»ին ու հայկական երաժշտութեան մեծ տիտաններուն մասին, որոնք զինք առաջնորդած են:
Մանուկ հասակէն, Կարապետեան շրջապատուած եղած է երաժշտութեամբ: Իր եղբօր եւ հօր հետ իր կատարած «Պիթըլզ»ի երգերէն աւելի, Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի երգերը կը յարմարէին իր ձայնին: Երբ Կարապետեան իր երկրորդական ուսումը աւարտած է, դիմած ու ընդունուած է «Վազգէնեան» վանք, ուր սկսած է անոր երաժշտական նոր ուղին:
Վահէ կ՛ըսէ, թէ վանքին մէջ է, ուր իր ձայնը աւելի զարգացնելու առիթը ունեցած է՝ դառնալով վանքի երգչախումբին առաջատար ձայներէն մէկը: Վահէ ապա կ՛ընդունուի Երեւանի պետական երաժշտանոցը՝ ուսումնասիրելով դասական երաժշտութիւն ու շարունակելով զարգացնել իր ձայնը, որ «թենոր»էն փոխուեցաւ «պարիթոն»ի, հակառակ իր նախնական մտավախութեան, թէ այդպէսով իր ինքնութիւնը պիտի կորսնցնէ: Ան կը գիտակցի, թէ «պարիթոն»ը աւելի յարմար է իր նախընտրած հայկական ժողովրդային երաժշտութեան:
Ճակատագիրի բերումով, երբ Վահէ 2003ին Լոս Անճելըս կը փոխադրուի, կը հանդիպի Արա Տապանճեանին: Հանդիպումը պատճառ կը դառնայ, որ Վահէի երաժշտութիւնը նոր ուղղութիւն ստանայ: Արայի հանճարեղ առաջնորդութեամբ, Վահէ կը մեկնաբանէ Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի եւ այլ հայ վարպետներու ստեղծագործութիւնները՝ նոր կեանք տալով հին վարպետներուն երաժշտութեան:
Կարապետեանի խոր սէրն ու յարգանքը երաժշտութեան նկատմամբ բացայայտ է ոչ միայն իր «Աշխարհումս» խտասալիկի երգերուն մէջ, այլ նաեւ անոր համերգներուն ընթացքին, ուր ան Տապանճեանին կամ նուագախումբին կ՛ընկերանայ կիթառով:
«Աշխարհումս»ը խորագիրն է Սայաթ Նովայի մէկ երգին, սակայն Կարապետեանի համար, ան կը յղուի իր ներաշխարհին: «Այս երգերը կը լեցնեն աշխարհս, ինքնութիւնս», կ՛ըսէ ան:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Barnsdall Gallery»ի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30ին: Տոմսերու սակը 20 տոլար է: Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com կայքը:
*Թարգմանեց Էտըլայն Սարգիսեան