
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գերմանացի բեմադրիչ Էրիք Ֆրիտլերի վաւերագրական «Աղէտ. Ցեղասպանութիւն մը» շարժապատկերը Կիրակի, Մարտ 27ին պիտի ցուցադրուի Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ ( 222 East Harvard Street): Մուտքը ազատ է:
Սրահին դռները պիտի բացուին կ.ե. ժամը 3:30ին, իսկ ֆիլմին ցուցադրութիւնը պիտի սկսի ժամը 4ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548-3288 թիւով կամ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով: