
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 4ին տեղի ունեցաւ հիւրանոցային ամրագրման համակարգի՝ armhotels.am կայքի շնորհահանդէսը: Նոր գործարկուած համակարգը այցելուներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջային առանձնայատկութիւններուն, նաեւ ելեկտրոնային կարգով ամրագրելու զբօսաշրջային տուներու վարձակալութիւն, թանգարաններու մուտքի տոմսերու ձեռքբերում, ինքնաշարժներու վարձոյթ, ճաշարաններու եւ միօրեայ պտոյտներու ապահովում:
Համակարգի ստեղծման ծրագիրը արժանացած է ՀՀ կառավարութեան հաւանութեան: Հակաճգնաժամային միջոցառումներու շարքին, «ՌՈՒՄԷԱ» ընկերութեան տրամադրուած է 25 միլիոն դրամ վարկ՝ հինգ տարուան մարման ժամկէտով: Ընկերութեան տնօրէն Ռուբէն Գրիգորեանի խօսքով, ընկերութիւնը պայմանագիր կնքած է աշխարհի առաջատար Many bookers ելեկտրոնային համակարգին հետ:
Ցանցին արդէն միացած է 106 հիւրանոց, իսկ յառաջիկային պիտի ներառուին նաեւ թանգարաններ, մշակութային այլ օճախներ, զբօսաշրջային ոլորտի ծառայութիւններ եւ այլն: