ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէս հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ բառապաշարին նորամուծութիւններէն շատեր, նոյնպէս եւ «Պետական Այր»ը յաճախակի կը քաշքշուի առասպելի եւ իրականութեան միջեւ։
Խօսքը կը վերաբերի «Պետական Գործի»չ դրոյթին, որ չես գիտեր ինչո՛ւ եւ առաջին անգամ որո՛ւն կողմէ այսպէս՝ սեռերու միջեւ խտրականութեան գիտակցական թէ ենթագիտակցական ներշնչումով, Հայաստանի մէջ կնքուեցաւ… «Պետական Այր»։
Հաւանաբար աւելի ենթագիտակցական, քան թէ գիտակցական մղումով 1990ականներու սկիզբը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Պետական Այր»ը՝ պետական գործիչի ընդունակութիւնը առանձնաշնորհելով… հայ տղամարդուն։ Ի վերջոյ ազգային մեր ինքնագիտակցութեան խոտոր կը համեմատի սեռերու իրաւահաւասարութեան անտեսումը, մանաւանդ որ պետական գործիչի, նոյնիսկ ղեկավա՛ր գործիչի կոչումին արժանանալու առնուազն նոյնքան հիմք ունին մատի վրայ համրուող ՀՀ կին իշխանաւորները, որքան հիմք ունին մեր պետականութիւնը ղեկավարող այրերէն շատեր…
Այսքանը՝ Մարտ 8ի առիթով հայ կանանց տօնը շնորհաւորելու համար եւ յիշեցնելու, որ տարին օր մը քաղցր խօսքեր նուիրելու կողքին՝ չմոռնանք տարուան մնացեալ օրերուն ալ ըստ արժանւոյն ընկալելու եւ յարգելու հայ կնոջ ազգային–հասարակական եւ պետական–քաղաքական դերն ու իրաւահաւասարութիւնը։
Ամէն պարագայի, այր թէ կին ըլլայ կամ սոսկ կառավարական պաշտօնատար թէ քաղաքական ղեկավար՝ պետական գործիչին մասին, հայ իրականութեան մէջ, աստիճանաբար կ՛արմատաւորուի թիւր պատկերացումներու նոյնքան թիւր «պետական մշակոյթ» մը։
Հանրային կարծիքի մակարդակին արդէն ստեղծուած է առասպել մը, որուն համաձայն՝ Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրերէն մեր ժողովուրդը իբր թէ բախտաւորուեցաւ «Պետական Այրեր»ու յայտնութեամբ…
Քսանամեայ մեր անկախութեան ամբողջ տեւողութեան ականջալուր, ականատես եւ մասնակից եղանք մեր պետական–քաղաքական գործիչներուն իբրեւ «պետական այրեր» գովազդումին՝ խորհրդային ժամանակներու «Անձի պաշտամունք»ը յիշեցնող ջերմեռանդութեամբ։
Պետական մշակոյթի երկար ճամբայ կտրած ազգերն ու ժողովուրդները չափ ու սահման կը յարգեն եւ ամէն ինչ իր անունով կը կոչեն։ Մինչդեռ պետական անկախութեան համեմատաբար նոր տիրացած եւ իրաւական ու ժողովրդավարական մշակոյթ կերտելու իրենց սկզբնական փուլը ապրող ազգերն ու ժողովուրդները, ինչպիսին նաեւ հայ ժողովուրդն է, հակամէտ են շատ անդին անցնելու քաղաքացիական յարգանքի պատշաճութեան սահմաններէն։
Ընթացիկ լրատուութեան մէջ անգամ ակնբախ է գովազդային զեղումը մեր «Պետական Այրեր»ու հասցէին։ «Պետութեան լիդեր»ն ու «Երկրին առաջնորդ»ը, «ընդդիմութեան ղեկավար»ն ու «օպոզիցիայի լիդեր»ը յանկերգի պէս կը գովազդուին Հայաստանի նման երկրի մը մէջ, ուր ներ–քաղաքական կեանքը տակաւին իր առաջին քայլերը կը նետէ երկ–կուսակցական կամ բազմակուսակցական ժողովրդավարոււթեան հաստատման ուղղութեամբ, եթէ անշուշտ կարելի է իրապէս խօսիլ կուսակցութիւններու լիարժէք կայացման մասին…
Իրողութիւնը այն է, որ «Պետական Այր»ի առասպելը այսպէ՜ս կը գովազդուի, որպէսզի գաղափարական հողը պատրաստէ ոչ թէ ժողովրդավարութեան լիիրաւ կայացման, այլեւ ընդհակառակն՝ ամբողջատիրական իշխանութեամբ կառավարման համակարգի մը արմատաւորումին։
Առասպելին հիմքը ա՛յն է, որ անկախ պետականութիւն հռչակելով եւ համապատասխան միջազգային ճանաչումի արժանանալով՝ ուզեցինք հաւատալ եւ զիրար համոզել, որ արդէն ինքնաբերաբար պետական մտածողութեամբ առաջնորդուող Ազգ ու Հայրենիք դարձած ենք։
Հետեւութիւնը պարզ ու անխուսափելի եղաւ։ Ուզեցինք հաւատալ եւ զիրար համոզել, որ համաժողովրդային շարժման ու վստահութեան ալիքին վրայ ազատ ու անկախ Հայաստանի ղեկին հասած գործիչները անվիճելիօրէն «Պետական Այրեր» էին, որոնք բնականաբար օժտուած էին «Պետական Շահ»ը գաղափարական թէ քաղաքական ամէն նկատառումէ վեր դասելու… իմաստութեամբ։
Թէեւ յուսախաբութիւնն ու պատրանաթափութիւնը շատ արագ հետեւեցան, բայց արդէն ուշ էր եւ դաժան իրականութիւնն իսկ բաւարար չէր՝ առասպելին սանձ դնելու համար։ Ազգային անկախ պետականութեան փորձ չունեցող, բայց մանաւանդ ամենայն հայոց կառավարութիւն ստեղծելու տեսլականէն զուրկ մեր առաջին իշխանաւորները, այդ կարճ ժամանակամիջոցին արդէն, հասցուցին անսահման մեծ համարում կազմել «Պետական Այր»ի իրենց սեփական ու բնատուր «շնորհներուն» մասին։ Աջ ու ձախ «իշխանութեան հետ խաղ չկայ» ազդարարելով ու սպառնալով՝ իշխանութեան բազկաթոռներուն յանկարծ տիրացած պետական մեր գործիչները սկսան նորանկախ մեր պետականութեան նաւը օրէ օր, աւելի ու աւելի, մխրճել ազգային շահն ու ազգային գաղափարախօսութիւնը մերժող կեղծ պետական մշակոյթի մը աւազուտքին մէջ։
Այդպէ՛ս սկսաւ հասակ նետել «Պետական Այրեր»ու առասպելը մանուկ մեր հանրապետութեան կեանքին մէջ։
Եւ արագ քայլերով յայտնուեցանք հասարակարգի մը մէջ, ուր օրինական եւ ստուերային իշխանութեանց միջեւ «սերտաճում»ը հռչակուեցաւ ու նուիրագործուեցաւ իբրեւ «պետական շինարարութեան» տիեզերական եւ ընկալեալ օրինաչափութիւն։
Եւ չուշացաւ «Պետական Այրեր»ու իշխանապետութեան պսակադրումը Սահմանադրութեամբ մը, որ չափուեցաւ, ձեւուեցաւ եւ կարուեցաւ՝ իբրեւ նախագահական սանձարձակ իշխանութեան մը համար ապսպրուած իրաւական զգեստ։
Չէ՞ որ հայերս դարաւոր երազը ունէինք հա՛յ իշխան տեսնելու…
Այո՛, կ՛երազէինք ազատ ու անկախ Հայաստանը եւ քանի–քանի՜ սերունդ երգեցինք, ինչո՞ւ չէ նաեւ այսօր կ՛երգենք՝ օր մը «Կարին նստած հայ իշխան» տեսնելու մեր ազգային երազին մասին։
Բայց ոչ մէկ պարագայի ազգային մեր յիշողութեան մէջ կարելի է գտնել հայկական սաղմերը «Պետական Մտածողութեան» եւ «Պետական Այրեր»ու այն կեղծ ու դրսեկ պաշտամունքին, որ ախտավարակ բոյն շինած է պետական անկախութիւնը վերականգնած մեր ժողովուրդի հասարակական մարմնին մէջ։ Ախտավարակ բոյն՝ որ ահա քսան տարիէ ի վեր ներքնապէս կը կրծէ եւ կը հիւծէ համազգային վերականգնումի ինքնին դժուարին մեր երթը։
Ազգային մեր յիշողութեան մէջ անշուշտ ունինք հայկական նախատիպը շեշտակի անհատականութեամբ օժտուած պետական գործիչներու, որոնց նեղ եկած է կուսակցութեան մը պատկանելու եւ կուսակցական որոշումներով գործելու «կաղապարը»։
Որոշապէս Դաշնակցութեան կեանքէն խօսուն օրինակներ ունինք։
Եւ խօսքը չի վերաբերիր միայն Անդրանիկի, Գարեգին Նժդեհի կամ Յովհաննէս Քաջազնունիի օրինակով գործիչներու, որոնք Դաշնակցութեան մէջ իրենց գործունէութեան շրջանին նուաճեցին ազգային ու պետական գործիչի բարձունքը, բայց եւ ունեցան պահեր, երբ Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը նեղ թուեցաւ իրենց անհատական ինքնադրսեւորման համար։
Խօսքը կը վերաբերի նաեւ Դրոյի, Ռուբէնի կամ Ալեքսանդր Խատիսեանի օրինակով նոյնքան, եթէ ոչ աւելի շեշտուած ուժեղ անհատականութեանց, որոնք Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ միշտ գործելով հանդերձ, իրենց կարգին տուրք վճարեցին կուսակցական «կաղապար»ը նեղ գտնելու փորձութեան։
Մանաւանդ Ալ. Խատիսեանի պէս պետական գործիչի բարձրագոյն արժանիքներով օժտուած անհատականութիւնը, իր գործով, կեանքով ու քաղաքական վարքագծով բաւարար օրինակ է, որպէսզի կարենանք «Պետական Այր»ի առասպելէն անդին սեւեռիլ։ Որպէսզի կարենանք տեսնել, որ վերանկախացեալ մեր հայրենիքին ու ազգային պետականութեան ուժեղացման ու քայլ առ քայլ ամբողջացման համար, ամէն բանէ աւելի, պէտք ունինք ազգային պատասխանատուութեան մօտեցումով ու ազգային շահերու վրայ խարսխուած պետական մտածողութեամբ առաջնորդուող հասարակութեան։
Ճիշդ ըսուած է, որ ամէն հասարակութիւն արժանի է իր ընտրած ղեկավարութեան։
Այդ առումով մեր հասարակութիւնը դեռ դատապարտուած չէ, որովհետեւ տակաւին պայքարի մէջ է՝ քաղաքացիական իր իրաւունքները, յատկապէս ընտրելու իր իրաւունքը հաստատելու եւ յարգանքի արժանացնելու համար։
Իսկ այդ պայքարը յաջողութեան իր առաջին գրաւականը ձեռք կը բերէ միայն այն ատեն, երբ մեր ժողովուրդը կարենայ թօթափել պետական կեղծ մտածողութեան առասպելը։
Առասպելը այսպէս կոչուած «պետական այրեր»ու, որոնք Անձի Պաշտամունքի խորհրդային ժառանգութիւնը կը փորձեն վերանորոգել՝ արեւմտեան ժողովրդավարութեան այլասերումներուն, մանաւանդ խաթարուած կառավարման մեքենայութիւններուն պատուաստումով։