
ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 10ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան հրաւէր ստացած է «Ուիլթըն Փարք»էն (Wilton Park), մասնակցելու Մարտ 24-27ի ընթացքին Պոլսոյ մէջ կայանալիք «Ժամանակակից աշխարհին մէջ ներգրաւուելու համար Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը» թեմայով համաժողովին: Այս մէկը «Ուիլթըն Փարք»ի կողմէ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուելիք երրորդ համաժողովն է, որ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեամբ: Բացումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ:
Վահան Յովհաննիսեան հրաւէրին պատասխանած է նամակով մը՝ յայտնելով, որ ցաւօք, ստիպուած է մերժել Թուրքիոյ կառավարութեան, կամ անոր համագործակցութեամբ եւ կամ թուրք պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ կազմակերպուող ժողովներուն հրաւէրը, որովհետեւ Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ կը մերժէ անոր պատասխանատուութիւնը:
«Համոզուած եմ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բարձր կը գնահատի այս սկզբունքային դիրքորոշումը», ըսած է Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով. «Մենք կողմ ենք երկխօսութեանը եւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորմանը: Սակայն, ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան չարաշահեց Հայաստանի կողմից անկեղծ բարեացակամութեան քայլը. Թուրքիան մերժում է վերջ տալ Հայաստանի միակողմանի եւ անօրինական շրջափակմանը, եւ շարունակում՝ իր կողմնակալ վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրների նկատմամբ: Հետեւաբար, մենք չենք ցանկանում Թուրքիային տրամադրել նոր լծակներ՝ իր մեքենայութիւնների ու նենգ վարքագծի համար»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը իր նամակը աւարտած է կրկին շնորհակալական խօսքով եւ ցանկութիւն յայտնելով՝ մասնակցելու «Ուիլթըն Փարք»ի կազմակերպած այլ համաժողովներու կամ նախաձեռնութիւններու:
Այս հրաւէրին առիթով, Վ. Յովհաննիսեան ՀՅԴ մամլոյ դիւանի լրագրողի հարցին պատասխանած է՝ ըսելով. «Այս հրաւէրը մաս է կազմում Թուրքիայի վերջին շրջանում հրապարակած քաղաքականութեանը, որի նպատակն է՝ մի կողմից Արեւմուտքին ցոյց տալ, թէ իբր ինքը երկխօսութեան մէջ է Հայաստանի եւ հայութեան հետ, միւս կողմից՝ պառակտել հայկական կողմը՝ կեղծ երկխօսութեան փորձեր անելով հայ հասարակութեան առանձին շրջանակների հետ, Հայաստանում եւ կամ Սփիւռքում: Դաշնակցութիւնը լաւ ծանօթ է Թուրքիայի այս վարքագծին եւ մերժում է ընթացք տալ նրա սադրանքներին, յատկապէս այս օրերին, երբ Թուրքիան շարունակում է Հայաստանի նկատմամբ իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիայում դատում հայ-թուրքական իսկական մերձեցման կողմնակիցներին: Բոլորս պէտք է զգօն լինենք եւ միասնական կեցուածքով ձախողենք Թուրքիայի այս քաղաքականութիւնը»: