ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Միամիտ ու կարճատես են բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը խորհին, կը հաւատան եւ կ՛ուզեն հաւատացնել, որ Հայաստանի մէջ չեն կրնար պատահիլ հասարակական պոռթկումի այնպիսի՛ դրսեւորումներ, ինչպիսիք ամբողջ տարածաշրջանը վերածած են քաղաքական Ցունամիի շղթայազերծման… պայթիւնավտանգ վառօդի տակառի։
Քաղաքական միամտութիւնն ու կարճատեսութիւնը չեն վերագրուիր անոնց, որոնք ազգային պատասխանատուութեան զգացումով՝ չեն փափաքիր եւ պատրաստ են իրենց առաւելագոյնը ի գործ դնելու, որպէսզի քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան խնայուի Եգիպտոսի, Լիպիոյ կամ Ալճերիոյ օրինակով հասարակական հրաբուխի մը պատուհասը։
Խօսքը կը վերաբերի որոշապէս Հայաստանի իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր ճամբարներու այն «դրօշակիրներ»ուն, որոնք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ երկփեղկած են մեր ժողովուրդը իր հայրնի հողին վրայ եւ ազգային պետականութեան կտուրին տակ՝ թշնամական բեւեռացումը հասցուցած են իր ծայրագոյն աստիճանին։
Հաւասարապէս ե՛ւ Սերժ Սարգսեանի, ե՛ւ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի ճամբարներուն կը վերաբերի խօսքը, որովհետեւ երկուստեք ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի վախի՝ ահ ու սարսափի մթնոլորտին մէջ պահեն եւ պատանդ բռնեն մեր ժողովուրդը։
Եւ ահա թէ ինչպէ՛ս.
Հայաստանի գործող նախագահը, հազիւ 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը հակասահմանադրականօրէն հրապարակած եւ այսպէս կոչուած «իշխանաւոր կոալիցիայի» կուսակցութիւնները իր նախագահական թեկնածութեան շուրջ համախմբուելու պարտադրանքին ենթարկած՝ սկսած է Հ1ով (Առաջին ալիք-Խմբ.) գովազդել, թէ հին ժամանակներու խալիֆաներու ոճով ինք «բարեգութ հայր»ն է ժողովուրդին, արտայայտիչն է անոր պահանջներուն եւ պաշտպանը… անոր իրաւունքներուն։ Թէ՛ մեր երկրի տնտեսական անկումը ղեկավարող նախարարները, թէ՛ մեր հասարակութեան հետ իբրեւ հասարակ ոճրագործի վարուող ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները, վերջին շրջանին, հեռուստատեսութեան լուսարձակներուն տակ՝ խիստ կշտամբանքի եւ անխնայ պատժուելու սպառնական show-երու կ՛արժանանան նախագահ Ս. Սարգսեանի կողմէ։
Մեր ժողովուրդը բնականաբար չի հասկնար, թէ մեր նախագահը ինչո՛ւ պետական պատասխանատուութեան ղեկը նախ յանձնած է այսպիսի՛ պաշտօնատարներու, եւ ապա՝ ինչո՛ւ այդպէս ցուցադրականօրէն եւ աշակերտի պէս հրապարակաւ կը սաստէ զանոնք, երբ կրնար պարզապէս դատի տալ իրենց օրինական հանգամանքը չարաշահող ստորադաս իր գործակիցները…
Մեր ժողովուրդը նաեւ շատ լաւ կը հասկնայ, որ երբ կեսուրը իր կնոջ կամ դուստրին ծանր դիտողութեան կ՛արժանացնէ՝ պարզապէս հարսին խօսք հասցնելու եւ վախցնելու համար կ՛ընէ ատիկա։
Իսկ մեր կեանքի այսօրուան հանգրուանին, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք ունինք Հանրապետութեան նախագահ մը, որ ո՛չ մէկ դիտաւորութիւն ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը խոստովանելու, ո՜ւր մնաց սեփական մեղքերը քաւելու մասին մ։տածելու։
Ընդհակառա՛կն. կը փորձէ ահի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել մեր ժողովուրդին մէջ՝ բացայայտ ազդարարելով, թէ ինչ որ արտօնուած է Զեւսին, արտօնուած չէ… եզին։
Ամբողջատիրութիւն հաստատելու ախորժակը այնքան սրած է, որ Ազգային Ժողովի նախագահին եւ կառավարութեան վարչապետին հետ եւս մեր նախագահը պատրաստ է խօսելու միեւնոյն՝ վարժապետի ոճով։
Բայց վտանգը աւելի լուրջ է։
Ունինք «Պետութիւնը ես եմ» յայտարարելու չափ գինովցած Հանրապետութեան նախագահ մը, որ շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ։ Կը վախցնէ մեր ժողովուրդը… Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի ՀՀ նախագահ վերադարձի ուրուականը ճօճելով։
Իսկ մեր ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնայ գոնէ այդքանը։
Եւ ուղղակի կը սարսափի կառավարման այսօրուան համակարգի հիմնադրին ու գլխաւոր պատասխանատուին իշխանութեան վերադարձի… սպառնական հաւանականութենէն։
Թէեւ ՀՀ նախագահը դեռ այդ բառերով չ՛ըսեր, բայց սպառնական կը հասկցնէ, որ՝ «Եթէ ես գնամ, հաստատ իմացէք, որ Լեւոնը կը գայ»…
Կարծէք ազգովին դատապարտուած ենք մեր ընտրութիւնը կատարելու կա՛մ Սերժ Սարգսեանի, կա՛մ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի նախագահութեան միջեւ։
Ի՜նչ փոյթ, որ այդպիսով կը խորանայ թշնամական բեւեռացումը մեր ժողովուրդին մէջ՝ երկփեղկելով մեր հասարակութիւնը այնպիսի՛ պահու մը, երբ թուրքեւատրպեճանական միացեալ գրոհը դիմագրաւելու համար, ամէն բանէ աւելի, պէտք ունինք մեր ժողովուրդի հասարակական համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան, համապատասխան պահեստին ամբողջական հաւաքագրումին եւ զօրաշարժին։
Ողբերգութիւնը ա՛յն է, որ Տէր–Պետրոսեանական ճամբարէն եւս միեւնոյն տենդոտ ճիգը կը թափուի՝ մեր ժողովուրդին վախի զգացումը չարաշահելու եւ, այդ ճամբով, հասարակական պայթումը հրահրելու համար։
Տակաւին երէկ ՀՀՇ Վարչութեան նախագահը «կ՛աւետէր», թէ «ժողովուրդն այլեւս չի վախենում իշխանութիւնից… Իշխանութիւնների տարիներով սերմանած վախը կորաւ, գարնան հետ դուրս եկաւ։ Մարդիկ իսկապէս չեն վախենում»…
Այսինքն՝ ի՞նչ։
Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի իշխանութեան վերադարձին սարսափը ապրող մեր ժողովուրդին՝ ՀՀՇական գործիչները կը սպառնան… հակաթոյնով, իբր թէ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը տապալելու վախը յաղթահարած մեր ժողովուրդին քաղաքացիական պոռթկումով։
Ամբոխավարութիւնը քաղաքական վարքագծի վերածած մարդոց հետ զուր է բանավէճի մէջ մտնել՝ դիտել տալու համար, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան նկատմամբ վախին յաղթահարումը, մեր ժողովուրդին կողմէ, ինքնին բաւարար երաշխիք չէ, որպէսզի նոյն մեր ժողովուրդը կարենայ յաղթահարել, Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի ՀՀ նախագահ վերադարձի հաւանականութեան նկատմամբ, իր մէջ արմատաւորուած ազգային–քաղաքական վախի մթնոլորտը։
Աւելի՛ն. երկուստեք կրակի հետ կը խաղան «պետական այր»ի պատմուճանով զարդարուած քաղաքական այն գործիչները, որոնք յանուն իշխանութեան տիրացման իրենց մղած աթոռակռուին՝ հակադիր ու թշնամի ճամբարներու բեւեռացման կը մղեն միեւնոյն ժողովուրդը։
Ի վերջոյ, եթէ իսկապէս «մարդկանց վախը կորել է», այդ պարագային ինչո՞ւ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը շարունակէ կրաւորական մնալ։
Կրաւորականութիւն՝ որ չի բխիր անտարբերութենէ, ոչ ալ խաթարուած կառավարման այս համակարգին համակերպելու պարտուողականութենէն։
Այլ՝ կրաւորականութիւն մը, որուն հիմքը անզօրութեան զգացումն է, քաղաքացիական ու ժողովրդավարական իր քուէին արժեցնելու եւ պարտադրելու հնարաւորութեան նկատմամբ՝ մեր ժողովուրդը վարակած ու ջլատող թերահաւատութիւնն է։
Եւ այդ կրաւորականութիւնը խորացնելու կը ծառայեն, ըստ ամենայնի, թէ՛ Հայաստանի մէջ հասարակական պայթումը բացառող իշխանաւոր ճամբարի ինքնագոհ զեղումները, թէ՛ քաղաքացիական պոռթկումով այսօրուան իշխանութիւններէն ձերբազատուելու ուղղութեամբ՝ հակադիր ճամբարէն հնչող յաղթագոռ կոչերը։
Ե՞լքը։
Ելքը՝ աշխուժացումն ու հզօրացումն է իրաւ ընդդիմադրութեան, որ ժողովրդավարական պայքարի ամբողջ զինանոցը օգտագործելով՝ կազմակերպ ու քաղաքական շղթայազերծումը կը կատարէ մեր ժողովուրդը վարակած ընդհանուր դժգոհութեան։
Ելքը՝ քաղաքացիական անդուլ ճնշումն է կառավարման այս խաթարուած համակարգին վրայ, որ ձեւաւորուեցաւ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի նախագահութեամբ եւ որ դիմայարդարումներով կը վերահաստատուի Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ։
Միայն համաժողովրդային ու քաղաքացիական այդ անհաշտ ճնշումն է, որ ի վիճակի է մեր երկիրն ու պետականութիւնը ձերբազատելու «իշխանաւորներու» եւ «իշխանատենչներ»ու այսօրուան ջլատիչ բեւեռացումէն։
Եւ վերջ տալու Վախի հասարակութիւն ստեղծած կառավարման այս համակարգին, որ աղբիւրն է մեր ժողովուրդին սպառնացող քաղաքացիական պայթումի կործանարար վտանգին։