Մեր համայնքի կեանքին մէջ յաճախ տեղի կ՛ունենան պարահանդէսներ, ճաշկերոյթներ։ Ազգային մեր բոլոր կառոյցները կը տօնեն իրենց ամեակները, կը խանդավառուին եւ կը խանդավառեն իրենց կատարած բեղուն աշխատանքներով, միաժամանակ կը վերանային ու կ՛արժեւորեն իրենց գործունէութիւնը։ Այդ ձեռնարկներու շարքին կը պատկանէր Ուրբաթ, Փետրուար 18ի երեկոյեան, Նորթ Հոլիվուտի գեղատեսիլ «Անուշ-Օճախ» սրահին մէջ տեղի ունեցած Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։
Նորթ Հոլիվուտի հաւատացեալներուն համար խանդավառութեան ու իրաւացի հպարտութեան աղբիւր է իրենց կտրած երկու կարճ թուացող տարիներու ձեռքբերումները։ Ամէն Կիրակի, Ս. Պօղոս ասորական եկեղեցւոյ պատարագէն ետք, յետմիջօրէի ժամը երկուքէն սկսեալ, Հայց. եկեղեցւոյ անխոնջ հոգաբարձուները եւ հաւատացեալները, հակառակ այդ ժամին անյարմարութեան, կը հաւաքուին զիրենք հիւրընկալող ասորական եկեղեցին, այն յոյսով, որ հոգեւոր եկեղեցին ամրապնդելով՝ շուտով պիտի խոյացնեն նաեւ սեփական մարմնաւոր եկեղեցւոյ պատերը։ Պատարագի ընթացքին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, Կիրակնօրեայի սաները իրենց աշխատանքները կը տանին՝ միշտ երազելով ունենալ իրենց յարմարաւէտ ու սեփական մնայուն անկիւնը։ Չորեքշաբթի երեկոները Ս. Գրոց սերտողութեան դասընթացքներուն հետեւող հաւատացեալներ եւ երիտասարդ երիտասարդուհիներ, կը փափաքին ու իրականացած կ՛ուզեն տեսնել հայկական եկեղեցւոյ կառուցումը՝ իրենց հարազատ թաղամասին մէջ։ Այս բոլոր աշխատանքները կ՛իրականացուին շնորհիւ խումբ մը հաւատացեալներու ու հեռատես անհատներու, որոնք Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը հայկական եկեղեցիով օժտելու սրբազան ու վեհ գաղափարը կը փայփայեն։
Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը, հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ լծուած են եկեղեցաշինութեան վեհ բայց դժուար աշխատանքին, եւ ահա այդ երեկոյ կը տօնէին եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքի կազմութեան երկրորդ տարեդարձը, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն։
Երեկոյթի կազմակերպիչն էր եկեղեցւոյ ջանասէր հոգաբարձութիւնը, գործակցութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան։ Ձեռնարկը կը վայելէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարձր հովանաւորութիւնը։ Երեկոյի բացումը կատարեց ու այնուհետեւ հանդիսավարութիւնը ստանձնեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Թիթիզեանը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ հայր Միւռոնը՝ կատարելու ճաշի օրհնութիւնը:
Խաչիկ Թիթիզեանը, յանուն հոգաբարձութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ իր օրհնութեամբ ու քաջալերանքով զօրավիգ կանգնած է եկեղեցւոյս աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ համագործակցութիւնը եղած է այն մղիչ ուժը, որ առաջնորդած է հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը եւ ծխական համայնքը, որոնց հաւատքին ու ճիգերուն շնորհիւ, «կը հաւատանք, որ աւելիով մօտեցած ենք մեր երազի իրականացման, հաւատալով, որ մօտիկ ապագային պիտի խոյանայ նիւթական եկեղեցւոյ գմբէթը»:
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Աստուածաշունչէն դիպուկ մատնանշումներ կատարելով՝ նշեց. «Դո՛ւք էք այն թթխմորը, որ ձեր նուիրուածութեամբ, գործօն աշխատանքով կրնաք խմորել ոչ միայն ձեր շրջանակը, ձեր համայնքը այլեւ ողջ մարդկութիւնը»։ Այնուհետեւ ան շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց սրբազան հօր, Կարօ Էշքեանին եւ Կարօ Աւագեանին, հոգաբարձութեան, երեկոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբին, Տիկնանց միութեան անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ խորանին սպասարկող սարկաւագներուն, դպրաց դասին, նուիրատուներուն ու բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ ու ջանք կը խնայեն իրենց զոհողութիւններով պայծառ պահելու Հայց. եկեղեցին, ու այս օտար ափերուն վրայ հայ սերունդները կ՛առաջնորդեն հայ եկեղեցւոյ գիրկը։
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինի բացումը կատարեց հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամուհիներէն եւ նախկին ատենադպրուհի Սոնա Մատարեանը, որ Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ» եւ Յովհաննէս Շիրազի «Ճակատագիրը» բանաստեղծութիւններու իւրօրինակ մեկնաբանութեամբ ոգեւորեց բոլոր ներկաները։ Երեկոն իր հրաշալի ու բարձրորակ երգեցողութեամբ խանդավառեց երիտասարդ երգչուհի Աննա Յարութիւնեան-Պոյրազեանը։ Հայաստանէն ժամանած դերասան-երգիչ Յովհաննէս Բաբախանեանը նոյնպէս, իր երկլեզու կատարումներով ճոխացուց երեկոն։
Ընթրիքի աւարտին, եկեղեցւոյ տարեդարձի կարկանդակը կտրելու համար, բեմ հրաւիրուեցան սրբազան հայրը, հայր Միւռոնը, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան ատենապետն ու ատենապետուհին, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրընկալ՝ իրաւաբան Մարօ Պրոնսուզեանը՝ իր ընտանիքով։ Նշելի է, թէ Մարօ Պրոնսուզեան Հայաստան հասակ առած է, երբ դեռ տիրական էին խորհրդային կարգերը, սակայն իր հաւատացեալ մօր շունչին տակ քրիստոնէական հոգիով դաստիարակուելով՝ միշտ կառչած է հայ եկեղեցւոյ։ Ան առաջին ծնողներէն էր, որ իր երկու զաւակներուն ձեռքէն բռնած՝ առաջնորդեց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը, քաջ գիտակցելով, որ հաւատքով եւ քրիստոնէական արժէքներով սնուած հայ մանուկը միայն վաղը կը դառնայ օրինակելի հայ ու յաջողակ մարդ։
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդը, որ ներկաներու հոգիները, ինչպէս միշտ, լուսաւորեց իր ոգեշունչ պատգամներով։ Սրբազանը նշեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցւոյ պայծառութեան համար լծուած կ՛աշխատին ու կը ծառայեն, անպայմանօրէ՛ն եկեղեցի կ՛ունենան։ Հոգեւոր եկեղեցին իր բոլոր ենթաբաժանումներով եւ յանձնախումբերով՝ երիտասարդական խմբակ, Կիրակնօրեայ, Տիկնանց միութիւն եւ այլն, արդէն առկայ են ու կը գործեն Նորթ Հոլիվուտի համայնքէն ներս։
Յուսկ ապա սրբազանը, առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ աշխատանքներուն իրենց նուիրումին, Բիւզանդ Կրպոյեանին եւ Սեդա Դարբինեանին նուիրեց Ս. միւռոնի կաթսային նկարները, այն յոյսով, որ օր մը, նոյն այդ կաթսայի օրհնուած սրբալոյս միւռոնով պիտի օծուի Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցին։
(Թղթակցութիւնը եկեղեցիէն)