Ս. Մ.

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը որոշեց (ընդառաջելով Արաբական Լիկայի թախանձանքին) Լիպիոյ վերեւ հաստատել «թռիչքի համար արգիլեալ գօտի»։ (90ականներուն, Իրաքի վերեւ նման որոշում առանց հրաւէրի եղած էր. հիմա դարը փոխուած է)։
Քանի մը ժամ ետք, ֆրանսացիք յայտարարեցին, որ իրենց օդանաւերը յարձակում գործած են դէպի Պենկազի ուղղուող լիպիական չորս… հրասայլերու վրայ ու փճացուցած են զանոնք։
Թռչող հրասայլի մասին լսա՞ծ էիք։ Քազաֆիի հրասայլերը թռչող տեսակէն են եղեր…