ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը թեւակոխած է ներ–քաղաքական բախտորոշ խմորումներու ծանրակշիռ փուլը։
Յանկարծակի չսկսաւ կամ ըստ էութեան անակնկալ մը չէ նորովի շիկացումը Հայաստանի քաղաքական եւ քաղաքացիական բեւեռացման մթնոլորտին։ 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն իր գագաթնակէտին հասած եւ Մարտ Մէկի ողբերգութեան յանգած ներքին բեւեռացումը բնաւ չյաղթահարուեցաւ։ Պարզապէս մեղմ կրակի վրայ պահուեցաւ՝ պարբերաբար շիկացումի իր ներուժը զգալի դարձնելով։
Խորքին մէջ Հայաստանի վերանկախացման օրերէն կու գան սաղմերը այսօր վերստին բուռն դրսեւորումներ ստացող բեւեռացումին։ Եւ այնքան ալ պատահական զուգադիպութիւն չէ, որ քաղաքական միեւնոյն գործիչն ու իր ղեկավարած քաղաքական միեւնոյն խմբաւորումը կը յայտնուին բեւեռացումը շիկացնող ուժի դերակատարութեան մէջ։
Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ ՀՀՇական իր գործընկերները ոչ միայն չեն ծածկեր ներ–քաղաքական ճակատը բեւեռացման մղելու եւ շիկացումը հրահրելու իրենց դիտաւորութիւնները, այլեւ քաղաքական ամբոխավարութեան ամբողջ զինանոցը կ՛օգտագործեն, որպէսզի կարենան իշխանութեան ղեկին վերադառնալու իրենց հաշիւներուն ծառայեցնել մեր երկիրն ու ժողովուրդը տագնապեցնող դժուարութիւնները, չարաշահումները եւ անարդարութիւնները։
Տէր–պետրոսեանական բեւեռին պատասխանատուութեան վրայ դրուած այս շեշտը չի նշանակեր, որ Հայաստանի այսօրուան նախագահին գլխաւորած հակադիր բեւեռը հաւասարապէս պատասխանատու չէ ժողովրդային կիրքերու բորբոքման համար։
Ընդհակառակն՝ յատկապէս իշխանաւոր կոալիցիային հրապարակած վերջին համաձայնագիրը եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրապայքարը, այդպէսով, կանխահասօրէն հրահրելու քայլը իրենք թէժացուցին… ներքին բեւեռացման կրակը։
Ուշագրաւը այն է, որ երկու բեւեռներէն ալ այսօր հետեւողական ճիգ կը թափուի «քաղաքակիրթ երկխօսութեան» կոչերով… հրահրելու թշնամական լարուածութեան մընոլորտին շիկացումը ժողովրդային տրամադրութիւններու հարթութեան վրայ։
Իշխանութիւնները մազաչափ իսկ չեն հրաժարիր օրէնքն ու կառավարման լծակները մինչեւ ծայր իրենց դիրքերու վերահաստատման ծառայեցնելու կամակորութենէն։ Այսուհանդերձ՝ ամէն օր քարոզչական նոր հնարք մը կ՛օգտագործեն, որպէսզի մեր ժողովուրդին ներկայանան արդար դժգոհութիւնները հասկցող իշխանաւորի դիմակով։ Նաեւ յատուկ ճիգ կը թափեն, որպէսզի խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական իրենց ընդդիմախօսներուն առջեւ իբր թէ բաց պահեն «ինքնադրսեւորման» օրինական «հնարաւորութիւնները», թէեւ ամէն քայլափոխի իշխանութեան լծակները շարժման մէջ կը դնեն ու կ՛արգելակեն քաղաքական համակարգի բարեփոխման որեւէ արմատական նախաձեռնութիւն։
Տարբեր գնահատական կարելի չէ տալ, օրինակ, ընտրական օրէնսդրութեան մէջ համամասնական դրութիւնը ամրապնդելու նպատակով Դաշնակցութեան առաջադրած արմատական բարեփոխումը կտրականապէս մերժելու կառավարութեան քայլին, որ միաժամանակ կը փորձէ քարոզչականօրէն ստեղծել այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ իշխանութիւնը իբր տրամադիր է հաշուի առնելու այսպէս կոչուած «դրական ընդդիմութեան» տեսակէտը…
Նոյնքան հեգնական է Տէր–պետրոսեանական բեւեռէն հնչող «իշխանութիւն–հասարակութիւն մակարդակով քաղաքակիրթ երկխօսութիւն սկսելու առաջարկ»ի յանկերգը, որ Մարտ 17ի հանրահաւաքին… պսակումը եղաւ։ Հարիւր հազարով հանրահաւաք իրականացնելու ճամբով՝ այսպէս կոչուած «կոշտ ընդդիմութիւն»ը կը պահանջէ խորհրդարանական եւ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ, բայց իր այդ պահանջը կը ներկայացնէ իբրեւ «անցնցում ժողովրդավարական բարեփոխումների իրականացման ծրագիր», որ իբր հիմնուած է եղեր «պետական շահի եւ ազգային համերաշխութեան գիտակցութեան վրայ»..
Դժուար չէ տեսնել, որ երկուստեք լուռ համախոհութիւն մը կայ Հայաստանն ու հայութիւնը պատանդ դարձնելու միեւնոյն բեւեռացումին՝ Սերժ Սարգսեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, իրենց ճամբարներով, պահելու համար իբրեւ միակ «ռէալ» ընտրանք…
Որքան ալ բուռն եւ կատաղի գրոհներ գործեն իրարու դէմ, երկուստեք միշտ ալ ուշադիր են, որ մեր ժողովուրդին առջեւ փակեն վտանգաւոր ու արիւնալի այս բեւեռացումը ինքնին մերժելու եւ իրաւ փոխընտրութիւն ունենալու բոլոր ուղիները։
Իսկ պետութեան մը մէջ, որ դեռ լրիւ ձերբազատուած չէ 70ամեայ ամբողջատիրութեան արմատաւոր, այլ արատաւոր «ժառանգութենէն» եւ ուր աշխարհի մեծերը ամէն գնով կ՛աշխատին ունենալ իրենց կամքը «յարգող» իշխանութիւններ, դժուար չէ պատկերացնել, թէ ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–քաղաքացիական ինչպիսի՛ հզօր ներուժ կը սպասուի մեր ժողովուրդէն, որպէսզի կարենանք մէկանգամընդմիշտ յաղթահարել անարդար ու արուեստական այս բեւեռացման կործանարար անելը։
Այդ ներուժը հաւանաբար անհրաժեշտ չափով հզօր չէ տակաւին, բայց ազատութեան եւ անկախութեան քսանամեայ իր երթին դժուար օրերէն անցած եւ սեփական ուժերուն ապաւինելու ինքնավստահութիւնը վերականգնած մեր ժողովուրդը իր մէջ ունի բաւարար պաշարը, որպէսզի թօթափէ իրեն պարտադրուած ինքնակործանման բեւեռացումի այս բեռը եւս։
Կը բաւէ, որ «պետական շահի եւ ազգային համերաշխութեան» կեղծ յանկերգներուն ու ամբոխավարական խաղերուն դէմ յանդիման՝ ամրօրէն փարի իր ազգային–քաղաքական սթափութեան։
Նաեւ ու մանաւանդ՝ քաղաքացիական իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու մարտունակութեան։