ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայ ուսանողներու միութեան, կազմակերպած է «Ասպարէզի օր» մը, որուն ընթացքին հայ համալսարանական ուսանողներուն պիտի տրուին խորհուրդներ՝ իրենց ապագայ ասպարէզին մասին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 3ին, կ.ե. ժամը 2էն 5, համալսարանի խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ (Conference Center):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ocaps.org կայքը կամ դիմել (714) 546-1105 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
It’s honestly a good and worthy piece of facts. I’m happy that you shared this useful information with us. Please keep posting like this. Thank you very much for sharing.