ՆՈՐԹՐԻՃ.- Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 10րդ գիտական մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 10ին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին «Կրենտ սալոն» սրահին մէջ (18111 Nordhoff Street, Northridge, California, 91330):
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայկական ու պետական վարժարաններէ հայ աշակերտներ: Միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններու համար անջատ մրցանքներու ընթացքին, մրցանակներ պիտի յանձնուին զանազան մարզերու մէջ գիտական լաւագոյն փորձառկումները իրականացուցած աշակերտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.