
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ հաստատուած են թիւ 60 ազատուղիին վրայ Մոնթեպելլոյի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը ծանուցող ցուցատախտակները:
Այս առիթով, Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին, կ.ա. ժամը 11ին, ազատուղիին մէկ մասը պիտի փակուի ու նահանգային, գաւառային ու քաղաքային մակարդակի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ, յատուկ արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ցուցատախտակներուն քով, ապա յուշարձանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական արարողութիւն մը՝ հանդիսավարութեամբ իրաւաբան եւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ անդամներէն Լեւոն Կիրակոսեանի:
Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Չաք Քալտերոն, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ատենապետ Նազարէթ Ծատուրեան ու Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբէն Մուրատ Մինասեան:
Ատենապետ Նազարէթ Ծատուրեան այս առիթով անգամ մը եւս կ՛ողջունէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի այս որոշումը՝ աւելցնելով, թէ ցուցատախտակներուն զետեղումը պատգամ մըն է բոլորին, թէ Քալիֆորնիոյ ժողովուրդը միշտ պատրաստ է հաստատելու Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս նպատակով բանաձեւ մը ներկայացուցած Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Չաք Քալտերոնին:
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը անցեալ տարի վաւերացուցած էր թիւ 148 բանաձեւը, որ կ՛որոշէր տեղադրել այս ցուցատախտակները, նշելով, թէ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը այցելելու համար ո՞ր թաղէն պէտք է դուրս գալ:
Մոնթեպելլոյի, Պիքնել զբօսայգիին մէջ գտնուող յուշարձանին վայրը առաջնորդող սոյն ցուցատախտակները տեղադրուած են ազատուղիին երկու ուղղութիւններուն վրայ (արեւելք եւ արեւմուտք), ինչպէս նաեւ ներքին թաղերուն մէջ:
Յուշարձանը հաստատուած է 1965ին: