ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուական պարզ համեմատութիւն մը կը շարժէ նախանձս: Այլ պարագայի, բարի նախանձ պէտք է ըսէի, սակայն, նկատի առնելով, որ հարցը կը վերաբերի երկիրի մը, որուն պետութիւնը իմ հայրենիքս կը նկատէ իր աչքին փուշը, իմ զգացումներս ալ միայն չարութեամբ կարելի է բնորոշել:
Խոստովանիմ. չար նախանձով կը կարդամ Թուրքիոյ արձանագրած յաջողութիւնները զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ: Շուրջ ութ տարուան ընթացքին, այս երկիրը յաջողած է իր հրապոյրը այնքա՛ն աւելցնել, որ ապահոված է կրկնապատիկէն իսկ աւելի թիւով զբօսաշրջիկներ, որոնք միլիոնաւոր տոլարներով հարստացուցած են անոր տնտեսութիւնը:
13 միլիոնէն 28 միլիոն: Իսկապէս նախանձելի աճ: Ինչպէ՞ս կարելի է նման մակարդակ մը նուաճել. պետական համապարփակ ծրագրումով ու յստակ ռազմավարութեան մը կիրարկումով:
Հայաստանն ալ կը ջանայ զարգացնել այդ ոլորտը եւ կարելի չէ ուրանալ, որ որոշակի աշխատանք կը տարուի պետական մակարդակով՝ տարուէ տարի աւելցնելու զբօսաշրջիկներուն թիւը:
Տաթեւ, Ծաղկաձոր, Սեւան, Ջերմուկ, Դիլիջան, բնութեան բազում այլ հրաշալիքներով հարուստ մեր երկիրը, այսուհանդերձ, տակաւին չի ներկայանար յստակ ծրագիրով մը, որ կարենար իր կողմ շրջել դէպի Թուրքիա ուղղուած հայեացքները: Բացի աշխարհի բոլոր կողմերը ռմբակոծող թրքական քարոզչութեան հաւասարելու խնդիրէն, մեր պարագային, տակաւին հսկայական խնդիրներ կան լուծելու՝ սկսելով ամէնէն տարրական յարմարութիւններու ստեղծումէն, մինչեւ անհեթեթութեան հասնող սղութիւնը, որ միջին եկամուտի տէր զբօսաշրջիկին համար անմատչելի կը դարձնէ Հայաստանը:
Լաւ անէծք մը: Թող Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուները չար կամ բարի նախանձով վարակուին ու տքնին զբօսաշրջիկներուն հոսքը դէպի մեր դրախտավայրը ուղղելու: