ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նախ մամլոյ աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրին լուրը, ապա Թուրքիոյ վարիչները հաստատեցին, թէ հայկական ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մը՝ Տարօն Աճեմօղլու իր երկրին դեսպանը նշանակուած է Ֆրանսայի մօտ։
«Ասպարէզ»ի համապատասխան լրատուութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ հայազգի այլ քաղաքացի մը՝ Լէօ Սուրէն Հալէպլի, Մարտ 3ին, իր կարգին պետական բարձր պաշտօնի կոչուած է՝ Եւրոպական Միութեան հարցերու Ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ, ստանալով Թուրքիոյ Պետական խորհուրդին հաւանութիւնը։
Այս առընչութեամբ, ազերիական լրատու աղբիւր մը շուտով փութաց տարածելու լրացուցիչ տեղեկատուութիւն մը, որուն համաձայն Տարօն Աճեմօղլու՝ «պատիւ» համարելով հանդերձ իրեն առաջարկուած պաշտօնը, գիտական իր բազմազբաղութեան պատճառով չէ կրցած ընդառաջել նշանակումին… Ազերիական նոյն տեղեկատուութիւնը նաեւ կը նշէր, որ միջազգային հռչակի տէր հայազգի տնտեսագէտին առաջարկուած պաշտօնը Ֆրանսայէն գործող OECD կազմակերպութեան մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչի դեսպանութիւնն է։
Ինչ որ ալ ըլլայ Տարօն Աճեմօղլուի դեսպան նշանակման լուրին եզրայանգումը, ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ պետական վարիչները ճիշդ այս օրերուն կ՛ուզեն Եւրոպային ու աշխարհին ներկայանալ… իրենց հայազգի քաղաքացիին դէմքով։
Ինքնին կարեւոր նշանակութիւն ունի, անշո՛ւշտ, որ Տարօն Աճեմօղլու միջազգային մեծ վարկ վայելող հեղինակութիւն է տնտեսագիտութեան աշխարհին մէջ։ 1967ին Պոլիս ծնած եւ ներկայիս ամերիկեան MIT համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը ղեկավարող Տարօն Աճեմօղլուն, երկու անգամ, իր մասնագիտական ներդրումին համար, առաջադրուած է Նոպէլեան մրցանակի։ Հետեւաբար, որեւէ պետութեան համար աւելի քան պատուաբեր է նման հեղինակութեան մը դէմքով ներկայանալ աշխարհին։
Այս պարագային առաւել նշանակալիցը Թուրքիոյ պետական աւագանիին կողմէ դրսեւորուած յատուկ ճիգն ու նախանձախնդրութիւնն են՝ շեշտելու փրոֆ. Աճեմօղլուի հայկական ծագումը։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու առաւելագոյն չափով ինքնագովազդի ծառայեցուց առիթը, ազերիական լրատու աղբիւրին համաձայն յայտարարելով այս առթիւ, թէ՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներուն հանդէպ ազգային կամ կրօնական խտրականութիւնը անընդունելի է մեզի համար։ Ամէն ոք, որուն կարողութեան մենք կը հաւատանք, կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։ Մենք այս պաշտօնը յարգարժան Աճեմօղլուին առաջարկեցինք ամիսներ առաջ։ Ան աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր եւ յարգուած տնտեսագէտներէն մէկն է։ Թուրքիա հպարտ է իրմով»։
Ուրեմն, այսպէ՜ս, Թուրքիոյ վարիչները կը մերժեն եղեր… ազգային կամ կրօնական նկատառումներով՝ խտրական մօտեցում ցուցաբերել իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ։
Եւ ինչպէ՜ս կարելի է առարկել թրքական այդօրինակ ինքնագովազդին, երբ Թուրքիան ներկայացնելու «պատիւ»ը կը վստահուի, փաստօրէն, հայկական ծագումով թուրք քաղաքացիի մը…
Անշուշտ անմիջապէս կը յառաջանայ այն հարցը, որ եթէ թրքական պետութիւնը իրապէս անխտրական ոգիով կը նայի ոչ–թուրք ծագումով իր քաղաքացիներուն, յատկապէս հայազգի թրքահպատակներուն, այդ պարագային նախ ի՞նչ կարիք կայ նմանօրինակ գովազդի, ապա եւ աւելի հիմնականը՝ ինչո՞ւ աւելի քան 87ամեայ իր պատմութեան ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չէ ուզած աշխարհին ներկայանալ այսպէ՛ս, նաեւ հայո՛ւ դէմքով։
Պատասխանը կտրականօրէն բացասական է, որովհետեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Քեմալ Աթաթուրքի օրերէն իսկ, հիմնուեցաւ ու կազմաւորուեցաւ հայերու եւ քիւրտերու, յոյներու եւ ալեւի արաբներու նկատմամբ թրքամոլ խտրականութեան վրայ։
Եւ այդ բացասական պատասխանը շատ լաւ գիտեն, ամէնէն առաջ, Թուրքիոյ վարիչները իրե՛նք, ապա՝ նոյնինքն միջազգային ընտանիքն ու մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը, որոնց առաջնահերթաբար ուղղուած է թրքական ինքնագովազդը։
Բայց ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ մեծապետական աշխարհի վարիչները, տարբեր եւ երբեմն ալ հակադիր շահախնդրութիւններ ունենալով հանդերձ, տրամադիր չեն՝ նման հարցադրումներով ու անոնց կտրականօրէն բացասական պատասխաններով ծանրաբեռնելու Մերձաւոր Արեւելքը հակակշռի տակ պահելու իրենց «բարձր քաղաքականութեան» բուն օրակարգը։
Մանաւանդ որ ինքնին, արդէն, բարդ է օրակարգը ամբողջ տարածաշրջանին, ուր ազգային եւ կրօնական, ընկերային ու քաղաքակրթական լուրջ հակասութիւններ կուտակուած են երկար տասնամեակներու ընթացքին՝ պայթիւնավտանգ վառօդի տակառի մը վերածելով աշխարհաքաղաքական այս ռազմավարական գօտին։
Թուրքիա մեծ դռնէն մուտք գործած է մեծապետական այդ խօլ մրցապայքարին մէջ, ուր ամէն կողմէ եկող ճնշումներուն կը փորձէ հակադարձել իր հասողութեան տակ գտնուող զէնքերու կատարելագործումով։ Այդ զէնքերու կարգին իր կարեւոր դերն ու նշանակութիւնը ունի այսպէս կոչուած «կարգաւորումը» Հայկական Հարցին։ Անցեալ դարու 70ականներուն, աշխարհով մէկ շիկացած Հայ Դատի ուժական պայքարով, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ 90ականներուն, Արցախի ազգային–ազատագրական պայքարով, ամբողջական իր շղթայազերծումը գտած Հայկական Պահանջատիրութեամբ՝ Թուրքիա դէմ յանդիման կանգնեցաւ ցեղասպան պետութեան իր ժառանգութեան հետ հաշուի նստելու միջազգային ճնշումին։ Վերանկախացեալ Հայաստանի դէմ կիրարկած շրջափակման իր քաղաքականութիւնը ոչ միայն ակնկալուած արդիւնքը չտուաւ, այլեւ՝ լրջօրէն խոչընդոտեց Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու իր թափը։
2008ին Հայաստանի նախագահին հրամցուցած «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը ոսկի առիթ մը եղաւ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան համար, որպէսզի իր շահերուն ծառայող քաղաքական խաղաքարտի մը վերածէ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման… թրքանպաստ բեմագրութիւնը։
Կիւլի Երեւան այցելութենէն մինչեւ Հայաստան–Թուրքիա Արձանագրութեանց ստորագրութիւնը, Անգարա դիւանագիտական իր ամբողջ հնարամտութիւնն ու խորամանկութիւնը առաւելագոյնս օգտագործեց, որպէսզի մեծապետական մրցապայքարի մնացեալ խաղացողներուն կարենայ ներկայանալ… հայեւթուրք հաշտեցման դրօշակիրի կեղծ պատմուճանով։
Նաեւ ստորագրուած Արձանագրութեանց խորհրդարանական վաւերացումը ձգձգելու իր մարտախաղով՝ Թուրքիա մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր ծաւալապաշտ, ցեղասպան եւ թրքամոլ խտրականութեան դէմքը յարդարելու եւ «ընդունելի» դարձնելու միեւնոյն խորամանկ խաղը։
Թրքահպատակ հայազգի տնտեսագէտին դեսպան նշանակելու Անգարայի վերջին քայլը տարբեր տրամաբանութենէ չի ներշնչուիր։
Յատկապէս հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք ունի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ խորամանկ թակարդի դիրքորոշուելու Թուրքիոյ դիւանագիտական վերջին լարախաղացութեան նկատմամբ։
Եւ պատահական չէ, որ Ապրիլ 24ի նախօրէին Թուրքիա կը ձեռնարկէ դիւանագիտական նման գրոհի։
Չէ՞ որ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէր եւ իր արտասահմանի պաշտօնատարներուն ուղղութիւն կու տար, թէ հարկ է բացուիլ արտասահմանի հայութեան, որպէսզի Հայաստանի իշխանութեանց հետ իր սկսած այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ երկխօսութիւնը» թափանցէ նաեւ սփիւռքահայութեան մէջ…
Եւրոպային եւ աշխարհին հայ դեսպանով ներկայանալու Թուրքիոյ դիւանագիտական գիւտը պարզապէս եւ էապէս խորամանկ թակարդ մըն է։
Կը ծառայէ մէկ կողմէ հայութիւնը ներքնապէս պառակտելու, իսկ միւս կողմէ մեծապետական մրցապայքարին հաշտարար թուրքի բարի վարուց վկայագրով ներկայանալու… Թուրքիոյ դիւանագիտական ծրագրուած գրոհին։
Եւ Թուրքիա ի վիճակի է առաւելագոյնս օգտուելու իր խորամանկութեան զէնքերէն այնքան ժամանակ, որ Հայաստան յետս կոչած չէ իր ստորագրութիւնը Հայաստան–Թուրքիա Արձանագրութիւններէն։
Ի վերջոյ տխրահռչակ այդ Արձանագրութիւններով, նոյնիսկ իրենց սառեցուած վիճակին մէջ, Թուրքիա հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ այսպէ՛ս խուսափելու իր գործած ցեղասպանական ոճիրին ճանաչումէն, դատապարտումէն, այլ մանաւանդ քաղաքական հատուցումէն։
Ի վիճակի կ՛ըլլայ նաեւ հեգնելու եւ անարգական արհամարհանքով խոցելու մեր ազգային յիշողութիւնը՝ աշխարհին ներկայանալով նաեւ թրքահպատակ հայ դեսպանով։