
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովըստի-Արմէնիա».– Մարտ 30ին, լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մշտական համակարգող, UNDP մշտական ներկայացուցիչ Տաֆինա Կերչեւա յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ բաւական քիչ են ղեկավար պաշտօններ գրաւող կանայք: Պետական բարձրաստիճան պաշտօններ գրաւող կանանց շարքին են երկու նախարար, վեց փոխնախարար եւ քանի մը հոգի՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն վրայ։
«Ողջ աշխարհի մէջ կանայք կը զբաղեցնեն ղեկավար պաշտօններու միջինը 17 տոկոսը՝ իշխանութեան հիմնական երեք ճիւղերու մէջ, միեւնոյն ժամանակ միայն եօթ կին ընտրուած է նախագահի պաշտօնին մէջ 150 երկիրներէն եւ միայն 11 կին վարչապետի պաշտօն զբաղցուցած են ամբողջ աշխարհի մէջ 192 նման պաշտօններու մէջ», ըսած է ան:
Ըստ ՄԱԿի ներկայացուցիչին, ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն կը գիտակցին սեռային հաւասարութեան խնդիրի կարեւորութեան եւ համապատասխան պայմաններ կը ստեղծուին իգական սեռի ներկայացուցիչներուն տղամարդոց հաւասար իրաւունքներ տրամադրելու ուղղութեամբ: