
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խորհրդարանին դիմաց խօսք մը արտասանելով՝ խոստացաւ իր երկրին դէմ հիւսուած դաւը ձախողութեան մատնել՝ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան արտայայտուելով վերջին երկու շաբաթներու ցոյցերուն մասին: Ան ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար եւ շարք մը բարեփոխումներ խոստացաւ: Ան երկրին մէջ տիրող արտակարգ վիճակը վերցնելու կամ զայն մեղմացնելու խոստում չկատարեց, այլ պարզապէս ըսաւ, թէ այդ հարցը կը քննուի:
Ասատ մերժեց Տարաա նահանգի բնակիչները պատասխանատու նկատել արձանագրուած դէպքերուն, անոնց կոչ ընելով միասնաբար գործելու՝ «դաւը ձախողութեան մատնելու համար»։ Ասատ ընդունեց, թէ սուրիացիները ունին կարիքներ, որոնք չեն բաւարարուած, սակայն կոչ ըրաւ դէմ դնելու Սուրիոյ կայունութիւնը խախտելու նպատակով «մեր թշնամիներու» ջանքերուն: Ան դատապարտեց «արտասահմանի մէջ գտնուող դաւադիրները»՝ զանոնք պատասխանատու նկատելով երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց։
Սուրիոյ նախագահը յայտարարեց, որ այն տեսութիւնը, թէ Սուրիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ այն, ինչ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ, պիտի չիրականանայ, «ճիշդ ինչպէս նոյն տեսութիւնը ձախողեցաւ Իրաքի ներխուժումէն ետք»։