ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրապարակաւ յանձն առաւ դառնալ Երեւանէն Ստեփանակերտ թռչող օդանաւին առաջին ուղեւորը:
Իր կեանքը անտեղիօրէն վտանգի ենթարկելու իրաւունքը չունի նախագահը, ու պարզապէս հերոսի համբաւի տիրանալու համար նման գրգռիչ յայտարարութիւն կատարելու չափ ալ քաղաքականօրէն տհաս չէ, վստահաբար:
Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն այսպիսի պատասխան մը տալով՝ նախագահ Սարգսեան յստակօրէն կ՛արտայայտէ Հայաստանի վճռական յանձնառութիւնը Արցախին պաշտպան կանգնելու ու անոր միջազգային ճանաչման ուղին հարթելու կապակցութեամբ:
Այնուամենայնիւ, նախագահին յայտարարութիւնը կը թելադրէ որոշ ինքնավստահութիւն, որ մինչեւ Մայիս 9, հնարաւոր պիտի ըլլայ լեզու գտնել եւ կամ միջազգային ճնշումներու ճամբով համոզել Ատրպէյճանը, որ ետ կանգնի Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայանը վայրէջք կատարող քաղաքացիական ինքնաթիռները վար առնելու իր սպառնալիքը գործադրելէ:
Անշուշտ, ոչ մէկ երաշխիք կրնայ հարիւր տոկոսով ապահովութիւն տալ ոեւէ մէկուն: Հետեւաբար, նախագահին քայլը կարելի է գնահատել իբրեւ քաղաքական ծանրակշիռ առաջադրանք, որուն բարեյաջող աւարտը կրնայ անկիւնադարձային յաջողութիւն մը արձանագրել Արցախի ինքնորոշման միջազգային ճանաչման գործին հաշւոյն, իսկ ձախող՝ ողբերգական աւարտի մը պարագային, ամբողջական պատերազմի ազդանշանը պիտի դառնայ անիկա, հաստատօրէն:
Հայաստանի նախագահը առանձին պիտի չըլլայ, պէտք չէ ըլլայ, այդ թռիչքին վրայ: Ինչպէս ժամանակին Քելբաջարի լեռներու նեղ ձորերէն կենսական զէնք, զինամթերք ու քարիւղ Արցախ փոխադրող «ԵԱՔ-40» ինքնաթիռներու օդաչուները ամէն անգամ իրենց կեանքը կը վտանգէին, հիմա ալ այս առաջին թռիչքով Ստեփանակերտը միջազգային քարտէսի վրայ ամրագրելու ճախրանքն է, որ կը պատրաստուի՝ ի հեճուկս ատրպեճանական սպառնալիքներուն: Մենք ալ պատրաստ չե՞նք այդ թռիչքին առաջին ուղեւորին ընկերակցելու: