
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ. Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարարութեան կողմէ Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, անգործութեան մակարդակը Մարտ ամ-սուան ընթացքին 8.8 տոկոսի իջած է, Փետրուարին արձանագրուած 8.9 տոկոսին փոխարէն:
Այժմ անգործութեան համեմատութիւնը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին իր ամենացած մակարդակին վրայ կը գտնուի:
Աւելի յատկանշական է այն տուեալը, որ յաջորդական երկրորդ ամիսն ըլլալով, աւելի քան 200,000 աշխատատեղիներ հայթայթուած են, իսկ Մարտ ամսուան ընթացքին՝ 216,000 աշխատատեղիներ, ըլլան անոնք ընկերութեանց ու վաճառատուներու մէջ, կամ կրթական ու առողջապահութեան մարզերուն եւ կամ սպասարկութեանց ոլորտէն ներս:
Այս աճը իրականացած է սեփական մարզին շնորհիւ, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգային ու տեղական կառավարութիւնները շարունակած են իրենց կատարած պաշտօնազրկումները՝ Մարտ ամսուան ընթացքին եւս 15,000 պաշտօնեայ գործէ արձակելով:
Տնտեսագէտներ կ՛ազդարարեն սակայն, թէ անգործութեան համեմատութիւնը կրնայ որոշ չափով աճիլ, որովհետեւ այս հանգրուանին է, որ սովորաբար աշխատանքի կարելիութիւն փնտռելէ դադրած քաղաքացիները կը սկսին աշխատանքի դիմելու: Նախարարութիւնը իր անգործութեան համեմատութեան տուեալին մէջ նկատի կ՛առնէ միայն անոնք, որոնք գործնականօրէն աշխատանքի կարելիութիւններ կը փնտռեն:
Հինգշաբթի օր, նոյն նախարարութիւնը հաղորդած էր, թէ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը եւս նուազած էր Մարտ 26ին աւարտած շաբթուան ընթացքին՝ հասնելով 388,000ի: Վերջին 8 շաբաթներուն ընթացքին, այս դիմումները 8 տոկոսով նուազած են: Այս դիմումներուն թիւը 659,000ի հասած էր՝ տնտեսական ճգնաժամի ամենավատ օրերուն:
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր, «Էյ.Տի.Փի.»ի հիմնարկը հաղորդած էր, թէ սեփական մարզը 201,000 աշխատատեղիներ գոյացուցած է Մարտ ամսուան ընթացքին: