
ԳԵՐՄԱՆԻԱ, «ՓանԱրմինիըն».- Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) ընթացող Եւրոպայի յունա-հռոմէական ըմբշամարտի առաջնութեան մասնակցող հայ ըմբիշները, չորս ծանրութեան կարգերէն երեքին մէջ կրցան մետալներ նուաճել: Անգամ մը եւս իր հնարաւորութիւնները ապացուցեց Պaէյժինկի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Աշխարհի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր եւ Եւրոպայի ախոյեան Ռոման Ամոյեան: Հայ ըմբիշը Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ մինչեւ 55 քլկ. քաշային կարգին մէջ՝ յաղթանակ տանելով իր բոլոր մրցակիցներուն դիմաց: Եզրափակիչին, հակառակ գլխու իր վնասուածքին, 1:0 եւ 4:0 հաշիւով պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի մարզիկ Վուկար Ռակիմովը, որ կը ներկայացնէր Ուքրանիան:
84 քլկ. քաշային կարգի մէջ, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Արթուր Շահինեանը, որ երրորդ դիրքի պայքարին մէջ 3:1 եւ 2:0 հաշիւով պարտութեան մատնեց գերմանացի Եան Ֆիշըրը: Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալ նուաճեց նաեւ Պէյժինկի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Եուրի Փաթրիքէեւը՝ 120 քլկ. ծանրութեան կարգին մէջ:
Մրցոյթին վերջին օրը, արծաթէ մետալակիր դարձաւ Արթուր Ալեքսանեանը (96 քլկ.): Ան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Եւրոպայի մեծերու կարգի առաջնութեան: Ան եզրափակիչ հասնելով՝ հանդիպած է Թիմոֆէյ Ձէինիչենկայի հետ (Պելոռուս), որուն դիմաց պարտուելով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան:
Այսպիսով, յունահռոմէական ոճի Հայաստանի հաւաքականը նուաճած է չորս մետալ. երկրորդ անգամն ըլլալով Եւրոպայի ախոյեան դարձած է Ռոման Ամոյեանը (55 քլկ.), պրոնզէ մետալներ շահած են Արթուր Շահինեան (84 քլկ.) եւ Եուրի Փաթրիգէեւը (120 քլկ.), իսկ արծաթէ մետալակիր դարձած է Արթուր Ալեքսանեանը (96 քլկ.):