
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ գլխաւոր երեք կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ փոխադարձ նախատինքներով լեցուն քննադատութիւնները քառասմբակ կ՛ընթանան ու կ՛ակնկալուի, որ աւելի սաստկանալով՝ պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիս 12ի խորհրդարանական ընտրութիւնները։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ բանավէճը հարուստ է ու ամէն օր նոր նիւթ մը ունի: Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի Երեքշաբթի, Ապրիլ 5ի նիւթն էր՝ լրագրող Ահմետ Շըքի տակաւին շուկայ չիջած գիրքին հաւաքուած ըլլալն ու անոր հրատարակութեան դէմ դրուած արգելքը։
«Էրկենեքոն»ի հարցաքննութեան գծով պատահած այս դէպքը քննադատութեան նիւթ դարձած է ընդդիմադիրներուն մօտ: Սակայն, գիրքին ամբողջական պատճէնը արդէն իսկ դրուած է համացանցի վրայ ու կ՛ըսուի, թէ տասնեակ հազարաւորներ համացանցով կարդացած են տակաւին չհրատարակուած այդ գիրքը։
Քըլըճտարօղլու այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Հազարաւորներ կարդացին. եկէք ու այս ալ արգիլեցէք։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ բա՞նտ պիտի նետէք»։
Քըլըճտարօղլու հարցուց, թէ ամէն մարդ գիտակի՞ց է արդեօք, որ դատական համակարգէն ներս ինչպիսի՞ ժառանգութիւն մը պիտի ձգեն իրենց քայլերը յաջորդ սերունդներուն: «Այս սերունդին զաւակներն ու թոռները վաղը պիտի ամչնան այսօր «Էրկենեքոն»ի կապակցութեամբ ստեղծուած գայթակղութիւններուն համար», ըսաւ ան եւ ցաւ յայտնեց, որ փաստաբանական կաճառներն ու իրաւագիտութեան բաժանմունքները լուռ կը մնան այս ժխտական զարգացումներուն դէմ: