
Նորոգ հանգուցեալ Կիրակոս Թիթիզեան լոյս աշխարհ եկած է 1922 թուականի Յունուար 3ին, Քեսապի Գարատուրան աւանին մէջ, Կարապետ եւ Ֆերիտա Թիթիզեան ամոլի ընտանեկան ջերմ երդիքին ներքեւ։
Հանգուցեալը ունէր մէկ եղբայր՝ Անդրանիկը։ Փոքրիկն Կիրակոս իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ։ Ան 13 տարեկան պատանի էր երբ իր հայրը՝ Կարապետը կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը։
Նոյն տարին եւ ծնողաց նիւթական բեռը թեթեւցնելու մտօք՝ Կիրակոս կ՛որոշէ իր ուսումը շարունակել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորաբաց դպրեվանքէն ներս եւ ձգելով իր գիւղն ու հարազատները հաստատ քայլերով կը մեկնի Անթիլիաս։
Դժուարին տարիներ էին եւ իր ծնողքին նիւթական վիճակը աւելի ծանր։ Վեց տարիներու դպրեվանքեան ուսումով զինուած, 19 տարեկան Կիրակոս ստիպուած կ՛ըլլայ ձգել դպրեվանքը եւ երթալ Սուրիոյ Ազազ շրջանը՝ հոն դպրոցի մը մէջ Անգլերէն լեզու դասաւանդելու եւ նիւթապէս օգտակար ըլլալու իր ծնողաց։
21 տարեկան գիտակից, պարտանաճանաչ եւ աշխատունակ երիտասարդ մըն էր Կիրակոս Թիթիզեանը երբ Քեսապի պատասխանատուները զինք կը նշանակեն ուսուցիչ իր ծննդավայրի վարժարանին։ Այս նշանակումէն ու պաշտօնավարութենէն կը ծնի ուրիշ բարիք մը՝ երբ Կիրակոս կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ Մարթա Աբէլեանին, որ նոյն վարժարանին մէջ ուսուցչուհի էր։
1943 թուականին Կիրակոսն ու Մարթան Աստուծոյ Ս. Խորանին առջեւ իրենց ուխտը կը կատարեն, կը պսակուին եւ կը կազմեն հայկական ջերմ օճախ մը, լի եկեղեցական աւանդութիւններով եւ յորդուն ազգային սովորութիւններով եւ ամբողջ 68 տարի կ՛ապրին նոյն սիրով, նոյն կապուածութեամբ եւ իրարու հանդէպ տածելով նոյն խնամքն ու հոգատարութիւնը։
Այստեղ, սակայն, նորապսակ զոյգը կը հանդիպի տնտեսական դժուարութիւններու եւ աւելի փայլուն ապագայի հեռանկարով տոգորուած կը հեռանայ Քեսապէն եւ իր բնակութիւնը կը հաստատէ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ։
Պէյրութի մէջ Կիրակոս կ՛աշխատի որպէս պահեստարանի պատասխանատու անգլիական բանակին մէջ, սակայն 1945ին, համաշխարհային պատերազմի աւարտով, կ՛աւարտի նաեւ իր գործը։
Անորոշ եւ քաոսային ժամանակաշրջան մըն էր որ կը տիրէր ամէնուրեք։ Հաւանաբար պահ մը նոյն վիճակին մատնուեցաւ նաեւ Կիրակոս Թիթիզեանը, բայց նոր գործի մը սկսելու որոշումը չուշացաւ եւ ան որպէս աշակերտ հայ ժամագործի մը քով աշխատեցաւ՝ առանց նիւթական ակնկալութեան եւ 6 ամիս ետք իսկ ձեռնարկեց իր սեփական գործին։
Թիթիզեան ամոլը բախտաւորուեցաւ երեք զաւակներով. այսպէս 1946ին ծնաւ իր անդրանիկը՝ Ժանը, 1951ին Կարպիսը, իսկ 1956ին՝ Սիլվան եկաւ ամբողջացնելու ընտանիքը:
Չարքաշ աշխատող մըն էր Կիրակոս Թիթիզեանը։ Շաբաթը 6 օր կ՛աշխատէր ծուարած վարսայարդարի մը անկիւնը, ուր նոյնիսկ հովէն եւ անձրեւէն պաշտպանութիւն չունէր։ Շաբթուայ 7րդ օրը, ան Աստուծոյ տրամադրած էր եւ որպէս դպիր եւ ուրարակիր կը մասնակցէր սրբազան արարողութեանց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ, աւելի ուշ, որպէս բանկալի պատասխանատու՝ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ։
1969ին Կիրակոս եւ Մարթա Թիթիզեանները իրենց դստեր Սիլվային հետ եկան Ամերիկա ուր արդէն բնակութիւն հաստատատ էին Ժանն ու Կարպիսը։ Հոս ալ, Կիրակոս նոյն ժրաջանութեամբ աշխատեցաւ իր ընտանիքին պարգեւելու համար գեղեցիկ օրեր։ Սակայն, աւա՜ղ, օրերը շատ ալ գեղեցիկ չեղան։ 11 անգամ անոր խանութը կողոպուտի ենթարկուեցաւ որոնցմէ մէկուն ընթացքին, 1980ին, Կիրակոս փամփուշտով մը վիրաւորուեցաւ գլխէն։
2010 թուականի Սեպտեմբերին անկումի մը հետեւանքով կոնքի բեկում ունեցաւ եւ այդ օրէն անոր առողջութիւնը վայրէջք արձանագրեց։ Հետզհետէ տկարացաւ։ Առողջական վիճակին մէջ բարդութիւններ յառաջացան։ Պայքարեցաւ, յատուկ խնամք ստացաւ ոչ միայն բժիշկներէն կամ բուժքոյրերէն, այլ իր հարազատներէն: Կինը՝ Մարթան միշտ կողքին էր, դուստրը՝ Սիլվան պահապան հրեշտակ մը եղաւ իրեն համար, զաւակները, հարսը, թոռները համակ օգնութիւն եղան։
Աւա՜ղ, սակայն, հողածին էր Կիրակոսը եւ հողին դառնալու դատապարտուած եւ այսպէս հակառակ բոլոր ջանքերուն եւ ի գործ դրուած ճիգերուն ան իր աչքերը յաւիտեան փակեց այս կեանքին համար Մարտ 3, 2011ին:
Կիրակոս Թիթիզեան աշխատեցաւ ու գործեց մինչեւ վերջին շաբաթները իր կեանքին։ Ցաւեցաւ ու տագնապեցաւ հայ արժէքներու կորուստով այս ափերուն վրայ։
Երբեք չստեց, խարդախութիւն չկար իր բառարանին մէջ, ոչ մէկուն ցաւ պատճառեց։ Օգտակար եղաւ բազում անձերու։ Արժանապատուութիւն ունէր ան։ Բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին հաւատացեալ մըն էր հանգուցեալը, բառին իսկական եւ վաւերական զոյգ իմաստներով։ æատագով մըն էր Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ։ Սերտ կապեր ունէր բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ զոյգ կաթողիկոսներուն հետ եւ շատ ու շատ եկեղեցականներ զինք կը կոչէին «Քեռի»։
Թող լոյս իջնէ իր շիրիմին եւ յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
———————————————————————————————————-
Երկու Վեհափառները Ցաւակցական Հեռագիր Կ՛ուղարկեն Տիկին Մարթա Թիթիզեանին
Կիրակոս Թիթիզեանի մահուան կապակցութեամբ տիկնոջ՝ Մարթա Թիթիզեանին ցաւակցական հեռագիր ուղարկած են Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները:
«Մեր եկեղեցու արժանաւոր զաւակ» Կիրակոսի մահուան առթիւ Գարեգին Բ. յանուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան, ցաւակցած է հանգուցեալի ընտանիքին եւ վկայած, որ «Կիրակոս Թիթիզեանը ազգասէր, եկեղեացնուէր ոգով է ապրել աստուածապարգեւ իր կեանքը ու բարի յիշատակ թողել հայորդաց սրտերում»:
Մեր եկեղեցական կեանքին Կիրակոսի բոլորանուէր ծառայութիւնը գնահատելով, Գարեգին Բ. կը յայտնէ, որ «մեր հոգում ջերմութեամբ են պահպանուել բարի տպաւորութիւններն ու յիշողութիւնները, որոնք ունեցել ենք հանգուցեալի հետ Մեր հանդիպումների ընթացքում՝ զգալով նաեւ նրա մշտավառ սէրը, նուիրումն ու յարգանքը հանդէպ Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը, համայն հայութեան նուիրական սրբավայր Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ իր սիրելի զարմիկը՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. ամենայն հայոց հայրապետը, ով սրտի անկեղծ ջերմութեամբ լուսահոգի Կիրակոսին կոչում էր Քեռի»:
Արամ Ա. կաթողիկոսը, իր կարգին կը գրէ, որ «Մենք շատ մօտէն ճանչցած ենք հանգուցեալ Կիրակոս Թիթիզեանը: Ան եղաւ ու մնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտիկ բարեկամներէն ու բարերարներէն մէկը: Վերջերս տակաւին ստացանք Մեզի ուղղուած իր գիրը, որով կը վերահաստատէր իր սէրը, կապուածութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ, եւ իր զօրակցութիւնը՝ դարաւոր այս Սուրբ Աթոռի առաքելութեան: Վստահ ենք քաջ գիտէք, թէ Կիրակոս Թիթիզեան յատուկ սէր կը տածէր մեր Դպրեվանքին նկատմաբ: Ան բարձր կը գնահատէր այստեղ կատարուած աշխատանքը, եւ մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց կու տար անոր յարկին տակ թրծուած եկեղեցական թէ աշխարհական դպրեվանցիներուն նկատմամբ»:
——————————————————————————————————-
Ամէնո՛ւն Քեռին (ԿԻՐԱԿՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բարձրաստիճան հոգեւորականի Քեռին կոչուելու վարկը ոչինչ կ՛աւելցնէր այն բծախնդրութեան, յարգանքին ու սիրոյն վրայ, որ ունէր Կիրակոս Թիթիզեան հանդէպ հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին ու հայ կրթութեան բոլոր բնագաւառներուն, որոնք իր հանապազօրեայ մտահոգութեանց առանցքը կը կազմէին:
Անթիլիասի Դպրեվանքի ակունքէն, Սահակ Բ. Խապայեան եւ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կիւլէսէրեան կաթողիկոսներու ձեռքէն ըմպած էր ոգեղէն բաժակը այդ անբացատրելի սիրոյն, որ հիմնական պատճառն էր իր նախանձախնդրութեան: Վերոյիշեալ բնագաւառներուն շուրջ իր ունեցած մտահոգութիւններուն յաճախակի կրկնութիւնը եւս կու գար նոյն նախանձախնդրութենէն, որ սերմանուած էր իր հոգիին մէջ, 1930 թուականին Անթիլիասի ծովափին կայք հաստատած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արմաշական ոգիով հիմնադրուած Դպրեվանքին մէջ:
Երախտագիտական զգացումը Անթիլիասի Դպրեվանքին նկատմամբ, պաշտամունքի աստիճանին հասցուց Քեռին, մինչեւ իր խոր ծերութիւնը յիշելով այն տունը, ուր Աստուծոյ ու մեր ազգի հանդէպ սիրոյ փթթում ապրեցաւ իր հոգին: Յառաջացեալ տարիքին բերումով յուշերու վերապատմում չէր իր կատարածը, այլ յարատեւ յիշողութիւն՝ որ հայ եկեղեցւոյ ու ազգին հանդէպ իր սէրը վերաթարմացնելու կը ծառայէր, ինչպէս նաեւ՝ զայն վարակիչ դարձնելու իր շրջապատին մէջ: Հայ եկեղեցւոյ խոնարհ ջատագովն էր ան, բառին լայն իմաստով, եւ իր կատարած ջատագովութիւնը գիտութենէ մղուած չէր, այլ՝ խոր համոզումէ:
Աղօթքը, շարականը, Աւետարանի պատգամները, առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին մէջբերուող նիւթեր էին, որոնք նոյնիսկ հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին կը լսուէին իր բերնէն, զրուցատրութեան տալով իւրայատուկ համ ու հոտ եւ սովորական բառերուն մէջ դնելով որոշ սրամտութիւն: Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսն ու այլ տօներու առթիւ իր շնորհաւորանքը փոխանցելու համար բացած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը մինչեւ հեռաւոր ափեր, յանկարծ Քեռի Կիրակոս կը սկսէր տօնին յատուկ շարականին երգեցողութեամբ, իր հոգեւոր ապրումներուն միացնելով նաեւ ազգային քարոզչութիւնը: Հակառակ յառաջացեալ տարիքին, մտքի թարմութիւնը վերապահած էր մասնաւորաբար այս յիշողութիւնները վերյիշելու ճիգին:
Եկեղեցականներու տարբեր սերունդներուն փոփոխութեան ականատես եղած այս վկան, գիտէր նաեւ լաւապէս կամրջում կատարել անոնց միջեւ: Հայրապետական գահուն բազմած աստիճանաւորէն մինչեւ նորընծայ աբեղայի վեղարին նետուած կամար էր Քեռի Կիրակոս, այս անսքեմ խոնարհ սպասաւորը մեր եկեղեցւոյ, որուն համար իւրայատուկ հաճոյք էր իր տան մէջ հոգեւորականներ հիւրընկալելը: Արծարծած նիւթերը նաեւ ունէին վերոյիշեալ կամրջումին յատուկ աստիճանաւորումները, որովհետեւ ան գիտէր թէ ի՞նչ առաջարկներ պէտք է ներկայացնէր եկեղեցական տուեալ կարգի սպասաւորին, եւ ի՞նչ լուծումներ ակնկալէր անկէ: Իր փնտռտուքի գլխաւոր առարկան, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնն էր: Իր քննարկած հարցերուն լուծում բերելու ձգտումին մէջ, բնա՛ւ չյուսահատեցաւ ան: Յիշեց, ու դարձեա՛լ յիշեց: Առաջարկեց, ու դարձեա՛լ առաջարկեց: Խօսեցաւ ու առա՛նց յոգնելու խօսեցաւ, որովհետեւ բոլոր սքեմաւորներուն նայեցաւ իբրեւ իր հարազատ քրոջ զաւակները եւ ամէնքն ալ լսեցին զինք սրտցաւ համբերութեամբ: Այս իմաստով ահա, «Ամէնուն Քեռին» եղաւ ան, հակառակ անոր որ միայն Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետին քեռին էր գերդաստանական առնչուածութեամբ:
Քեռիին լեռնցիութիւնը քաղաքային պայմաններու մէջ չտկարացաւ բնաւ: Հայրենի Քեսապին հետ իր կապը չխզեց ան երբեք, գիւղ կատարած իր յաճախակի այցելութիւններով:
Իր ապրած տան մէջ իսկ, Ամերիկայի քաղաքային միջավայրին մէջ, փոքրիկ տարածութեան վրայ փռուած հողամշակութիւնը շարունակեց, պապենական գիւղին համն ու բոյրը փոխանցելով իր տունին՝ զաւակներուն ու թոռներուն, որոնց «պապ»ը եղաւ, գերդաստանին հեղինակաւոր նախահայրը նկատուելով:
Աստուծմէ ետք, եկեղեցին էր ամենակարող «հրաշագործը» Կիրակոս Թիթիզեանին համար: Ամէն ինչ կ՛ակնկալէր եկեղեցիէն ու եկեղեցականէն, ապահովելու համար յաջորդ սերունդներուն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը: Հայ Դպրոցը սիրեց ու սիրցուց իր ընտանիքին, եւ քաջալեր հանդիսացաւ անոր, իր համեստ կարողութիւններով: Իսկ հոգեւորականի պատրաստութիւնը, դարձեալ մնաց առաջնահերթ, եւ իր աչքերը միշտ յառած մնացին մեր նուիրապետական Աթոռներու Դպրեվանքներուն, առանց խտրութեան:
Տխուր է հաստատել, որ այսօր մեր հաւաքական կեանքէն ներս Քեռիներուն թիւը նուազում կ՛արձանագրէ ամէն տեղ: Արենակից մօրեղբայրներ շատ կրնան ըլլալ, սակայն Քեռիներ սկսած են պակսիլ, որոնց համոզումներուն կեդրոնական տեղը կը գրաւէ Հայ Եկեղեցին Հայ Դպրոցին հետ միասին, իբրեւ երկու ամուր կռուանները մեր գոյապայքարին: Համոզումներ, որոնց ամէնօրեայ տագնապի վերածումը միայն պիտի փրկէ մեզ վերջնական ձուլումէ: Ահա այդ տագնապող բերաններէն մէկն է որ փակուեցաւ այս մահուամբ:
Քեռի Կիրակոսին առ յաւէտ մեկնումը այս վիշտը կը թողու իր ետին, ֆիզիքական իր բացակայութենէն աւելի, որովհետեւ երկար տարիներով օրհնուած եղաւ իր կեանքը արդէն: Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութենէն ետք, միակ մխիթարութիւնը իր փոխանցած ոգին է, որ հանդարտօրէն պիտի թեւածէ այսուհետեւ զինք մօտէն ճանչցած անձերու յիշողութեան մէջ: Ամէնուն Քեռին պիտի շարունակէ ամէնո՛ւն հետ խօսիլ, իրեն յատուկ «ինծի նայէ՛» ոճով սկսելով մեր հաւաքական մտահոգութիւններու անվերջանալի ցուցակը ներկայացնելու իր աշխատանքին:
Քեռիին գործը շարունակողներ պիտի ըլլա՞ն արդեօք, երբ օրէ օր կ՛աւելնայ այդ ցուցակին արձանագրուելիք մտահոգութիւններուն թիւը: