
ԱՐԱՐԱՏ.- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ապրիլ 13ին այցելած է Արարատ մարզի Ռանչպար համայնքին մէջ գործող «Եունիֆիշ» ձկնաբուծական ընկերութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը շրջած է ընկերութեան բաժինները եւ տեղեկացած ձկնաբուծական տնտեսութեան մէջ ջրաչափերու տեղադրման մասին:
Վարչապետին ներկայացուած են ընկերութեան արտադրական հնարաւորութիւնները ու զարգացման հեռանկարային ծրագիրները:
Շրջայցէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, թէ ձկնաբուծութեան ոլորտին մէջ 2011ին արտածման կարողութիւնները առնուազն երկու անգամով պիտի աւելնան:
Վարչապետը նշած է, որ անցեալ տարի Հայաստանէն արտածուած է 400 թոն ձկնամթերք, իսկ այս տարի կը նախատեսուի ամենաքիչը 800 թոaն ձուկի արտածումը:
Անդրադառնալով ձկնաբուծական տնտեսութիւններուն մէջ ջրաչափերու տեղադրման խնդիրին ու մտահոգութիւններուն՝ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ կ՛իրականացուին ժամանակակից ջրաչափերու տեղադրման աշխատանքներ. «Արդիւնքում, ե՛ւ մենք հանգիստ կը լինենք, ե՛ւ իրենք, թէ օգտագործուած ջրի հաշուառումը պատշաճ մակարդակով է իրականացւում: Նման բարդ տնտեսութիւն ունենալով՝ այդ ջրաչափերի տեղադրումը պարզապէս անհրաժեշտութիւն է», ընդգծած է վարչապետը: