
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Փարաջանով-Վարդանով հիմնարկը այս տարի որոշած էր մեծարել շարժապատկերի աշխարհի եւ մասնաւորաբար ֆրանսական շարժապատկերի նախահայրերէն մէկը նկատուող բեմադրիչ Ժան Վիկօ (1905-1934): Մրցանակին յանձնումը կատարուեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 10ին, երբ «Օսքար» մրցանակի արժանացած դերասան Ճան Վոյթի ձեռքով, մրցանակը ստանձեց բեմադրիչին դուստրը՝ Լիւս Վիկօն, որ շարժապատկերի յայտնի քննադատ մըն է՝ Փարիզ հաստատուած: Տեղի ունեցաւ նաեւ Ժան Վիկոյի ֆիլմերէն հատուածներու ցուցադրութիւն: Այս առիթով, ամերիկացի հռչակաւոր բեմադրիչ Մարթին Սքորսէյզի հիմնարկին ղրկած է նամակ մը՝ նշելով, որ Վիկօ, Փարաջանով եւ Վարդանով սովորականը մերժած բեմադրիչներ էին, անոր համար ալ գրաքննութեանց ենթարկուած են, սակայն կը շարունակեն յարգուիլ մտաւորականութեան ու շարժապատկերի սիրահարներուն կողմէ: