ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տակաւին շաբաթ մը առաջ էր, երբ հայ մամուլը ծանուցեց, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն, Մայիս եւ Յունիս ամիսներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄի աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան խաղերը, որ այս տարի կը թեւակոխէ իր 36րդ ամեակը:
Շրջանի 17 մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ տեսակաւոր մարզաձեւերու մրցումները, հաւանաբար Միջին Արեւելքէն հոս հաստատուած իւրաքանչիւր հայուն համար կրկին անգամ կը բերէ հին օրերու անոյշ յիշատակներէն բոյրեր, որոնք ոչ միայն զինք տարբեր մթնոլորտի մը մէջ կը նետեն, այլ նաեւ ձեւով մըն ալ կը թարմացնեն միտքը եւ կը ջերմացնեն հոգին:
Գաղտնիք մը չէ, երբ ըսեմ, թէ ընդհանրապէս իմ սերունդին եւ յատկապէս ինծի համար, հայ մարդու կերտումի իր ծրագիրով եւ առաջադրութեամբ, ՀՄԸՄը եղաւ ու մնաց նոր դպրոց մը՝ երկրորդ մը եթէ կ՛ուզէք՝ տարբեր սովորականէն, որուն յարկին տակ հայ երիտասարդներս համախմբուելով՝ հայ ազգային արժէքներուն ծանօթացանք ու գուրգուրացինք:
Հոն էր, որ միշտ երիտասարդ այս միութեան հին քարաշէն ակումբին չոր ու ցամաք պատերուն տակ, մեր կեանքը տարբեր, նոր եւ գեղեցիկ իմաստով մը զգեստաւորեցինք: Կենդանի եւ մանաւանդ ազգաշէն իր գործերու ապացոյցը, մեզի համար դարձաւ բարոյական եւ ֆիզիքական մեր կեանքի ազնուացման եղանակ:
Եւ աւելին, իր փոշոտ եւ քարքարոտ մարզադաշտերուն վրայ, մեր մարմինին հետ մեր գաղափարներն ալ աճեցուցինք ու այս կերպով կապուած մնացինք մեր ազգին, մեր աւանդութեան եւ մեր հայութեան:
Ապա, տարիներ ետք, հազարաւոր իր անդամներուն նման մասնակից դառնալով հաւաքական իր բազմաշերտ եւ բազմազան բոլոր աշխատանքերուն՝ համեստ կամաւորներս՝ մենք ալ նոր գիտելիքներով ճոխացուցինք մեր կեանքը: Այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, «Բարձրացի՛ր եւ բարձրացո՛ւր» իր նշանաբանը ոչ միայն խտացուց մեր հայ մարդու կեանքին իմաստը, այլեւ մենք ալ աւելի մօտէն զինք ճանչնալով՝ այդ մէկը դրոշմեցինք մեր հոգիներուն մէջ, հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին ու նկարագիրին հետ միատեղ:
Տարիներու մեր սիրայօժար աշխատանքով հաստատեցինք, թէ այս միութիւնը իսկապէս մեր ժողովուրդը երիտասարդացնող միութիւնն է: Նոյնպէս է նաեւ տեսանելի եւ անտեսանելի, շօշափելի եւ ոչ բոլոր դժուարութիւններուն դիմադրող ու յաղթական դուրս եկող միութիւնը, որ իր վրայ յատկապէս այս օրերուն, ինչպէս իբրեւ լաւագոյն օրինակ, միշտ սովոր է ըսել՝ «Արեւը մայր չի մտներ»:
Ու մենք մնացինք իր կարգախօսին կապուած անձնազոհ հարազատներ, կարգապահ համոզումով եւ ազգանուէր մտածելակերպով:
ՀՄԸՄ ԿԱՄ՝
ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Մէկ խօսքով, ինչպէս մեր մեծերը միշտ յիշած են, չորս տառերով հիմնաւորուած այս միութիւնը, մեզի՝ մեր հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրողներուս համար, մեր պապերու դարաւոր հայրենիքը ստեղծեց մեր սիրտերուն մէջ, ինքնագիտակցութեամբ եւ մանաւանդ հայու գիտակցութեամբ՝ հաւատաւոր եւ նոյնքան ալ գաղափարապաշտ:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ ան ալ մեզի նման ապրեցաւ տագնապներ եւ ունեցաւ գործընթացի դժուարութիւններ: Կամայ եւ ակամայ յուսահատութիւններով լեցուեցան իր օրերը: Այսպէս, գրեթէ ամէն տեղ եւ կամ հայ գաղութէ ներս, յաճախ իր դիմացը ստեղծուեցան բազմատեսակ խոչընդոտներ եւ քաոսային իրավիճակներ, սակայն ամէն անգամ զինք ծնող իր ժողովուրդին նման, կախարդական ուժականութեամբ մը կրցաւ յաղթել եւ յաղթահարել:
Կրցաւ դիմանալ եւ բարգաւաճիլ:
Կրցաւ կրկին անգամ ծլիլ ու ծաւալիլ, ճիւղաւորուիլ եւ մանաւանդ՝ յարատեւել:
Այս օրերուն եւ իր կեանքի տեւողութեան բոլոր օրերուն, մանաւանդ վերեւը նշուած մարզական խաղերու նախօրեակին, ան մեզմէ, այլ խօսքով՝ իրեն անդամ բոլոր ՀՄԸՄականներէն, ունի ակնկալութիւններ, յստակ, որոշ եւ իրապաշտ:
Անոր համար, հռետորական մարզանքներէն անդին անցնելով, իբրեւ իր համեստ ջահակիրները եւ իր կեանքի գործօն մասնակիցները, գիտակցելով այդ բոլորին՝ կը խոստանանք հաւատարիմ մնալ իր նպատակին, երդման ու դաւանանքին, որպէսզի ինք դէպի ապագայ իր ճակատաբաց երթը շարունակէ հպարտօրէն: