ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 30 Ապրիլ եւ Կիրակի, 1 Մայիս 2011ին, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահը դարձեալ հայկական երաժշտութեամբ, երգ ու պարով պիտի թնդայ: Ոտքի է արդէն ՀՕՄի մեծ ընտանիքը: Հարիւրաւոր ՀՕՄուհիներ ու համակիրներ աշխատանքի լծուած են՝ լաւապէս պատրաստուելու եւ հանրութիւնը հիւրընկալելու Հայ Օգնութեան Միութեան տարեկան փառատօնին, որուն 10րդը պիտի իրագործուի այս տարի:
Հայկական մեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները հանրութեան ներկայացնող գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը, ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասուի հանրութեան կողմէ: Հոն պիտի ըլլան շրջանի սիրուած երգիչ-երգչուհիներ, հայկական պարախումբեր. տեղւոյն վրայ նաեւ առիթ պիտի ստեղծուի սորվելու հայկական մեր հիասքանչ շուրջպարերը: Պիտի վաճառուին հայկական համադամ ճաշեր ու անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած պիտի ըլլան անձնազոհ մեր ՀՕՄուհիներուն կողմէ: Երկօրեայ յայտագիրին մէջ իրենց յատուկ տեղը պիտի գրաւեն հայկական տարազներու ցուցադրութիւնն ու հայկական աւանդական հարսանիքը: Հոն պիտի ըլլան հայրենակցական միութիւնները՝ այցելուներուն ներկայացնելու համար իրենց յատկանշական սովորութիւնները, տարազները, ճաշերն ու ձեռագործները: Պիտի ցուցադրուին արուեստի բազմազան ստեղծագործութիւններ, շրջանի արուեստագէտներու եւ առեւտրականներու կողմէ:
Նկատի ունենալով, որ 2011 տարին Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «Մանուկներու Տարի» հռչակուած է, կազմակերպիչ յանձնախումբը առաւել ճոխացած պիտի ներկայացնէ մանուկներու անկիւնը: Աւելի՛ն, մասնակից մանուկներուն առիթ պիտի ընծայուի ներկայացնելու իրենց թաքուն տաղանդները:
Փառատօնի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 30 Ապրիլ 2011ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, գործադրութեամբ յատուկ յայտագիրի մը, որուն ընթացքին գնահատագիրներ պիտի յանձնուին բոլոր այն անձնաւորութիւններուն ու հաստատութիւններուն, որոնք անցնող տասնամեակին իրենց օգնութիւնը երբեք չզլացան ՀՕՄի տարեդարձներուն նուիրուած փառատօներու յաջողութեան: Յայտագիրին խմ-բերգներով պիտի մասնակցին ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտութիւնը: Այնուհետեւ փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ կէսգիշեր, իսկ Կիրակի, 1 Մայիս 2011ին՝ բաց պիտի ըլլայ կէսօրէն առաջ ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7: Մուտքը $3 է:
Փառատօնին եկամուտը պիտի յատկացուի ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի բարեսիրական զանազան ծրագիրներու, որոնց կարգին են՝ ընկերային ծառայութիւններ, երիտասարդական կեդրոններ եւ կրթաթոշակներ:
ՀՕՄի փառատօնի 10ամեակին փառահեղ տօնախմբութեան առիթով, հրաւիրուած է շրջանի հայ թէ օտար հասարակութիւնը: Գործադրուող երկօրեայ ճոխ յայտագիրները, անկասկած, անմոռանալի յիշատակներ պիտի ձգեն մասնակիցներուն մօտ:
30 Ապրիլին ու 1 Մայիսին թող բոլորիս ժամադրավայրը հանդիսանայ Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահը, որ կը գտնուի Մաունթըն եւ Վըրտուկօ պողոտաներու խաչմերուկին, 1401 N. Verdugo Road, Glendale, CA 91208, Կլենտէյլ Քոլեճին դիմաց։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ ՀՕՄի գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ office@arswestusa.orgor հասցէին, ինչպէս նաեւ այցելելով
www.arswestusa.org ՀՕՄի կայքէջը: