ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հաւաքը Կիրակի, Ապրիլ 24ին կայացաւ Սուլթանահմետի մէջ Իսլամ գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ։ Այս շէնքը նախկին կեդրոնական այն բանտն էր, ուր պահուած էին Ապրիլ 24ի գիշեր Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները։ Միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ փաստաբան Էրեն Քեսքին, շեշտելով, թէ 1915ի ջարդերը ցեղասպանութիւն էին եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է։
Քեսքին նախ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ այս հաւաքը կը կատարուի այս շէնքին առջեւ, ըսելով, որ կեդրոնական բանտէն ձերբակալուած հայ մտաւորականները Հայտարփաշա ղրկուած են ու այդտեղէն՝ դէպի Անատոլուի զանազան աքսորավայրերը։ Ան ըսաւ, որ ձերբակալուածներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Կոմիտաս վարդապետը, որ ի մի հաւաքած էր քրտերէն, թրքերէն, հայերէն երգերը, ու նշեց նաեւ զանազան հայ ձերբակալեալներու անունները՝ ըսելով, որ այս ցեղասպանութեան հետեւանքով հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն մը Անատոլուէն սրբուեցաւ:
Քեսքին յիշեցուց, որ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը ամէն տարի կ՛արտայայտուի Ապրիլ 24ի մասին ու պահանջեց, որ Թուրքիա վերջ տայ այս ուրացումին եւ բոլոր իրաւական հետեւանքներով ընդունի յանցագործութիւնը։ «Միայն այն ատեն է, որ պիտի հանգստանան հոգիները գերեզման չունեցող այն մեռեալներուն, որոնք կը ննջեն հոսող գետերու, կամ հովիտներու ու անդունդներու խորը։ Այն ատեն է, որ արդարութիւնը գործադրուած պիտի ըլլայ», ըսաւ Քեսքին։
Այս լուսաբանութենէն ետք, մարդու իրաւունքներու պաշտպանները մեխակներ դրին հրապարակին վրայ ու ծառերէն կախեցին վերտառութիւններ, ուր գրուած էր, թէ հայ մտաւորականները հո՛ս է, ուր բանտարկուեցան առաջին գիշերը։ Սուլթանահմետի հանրահաւաքը վերջացաւ առանց միջադէպի։
ԹԱՔՍԻՄԻ ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ ԵՒ ՀԱԿԱՀԱՅ ՑՈՅՑ
Ապրիլ 24ի զոհերու ոգեկոչման համար կազմակերպուած ցոյցը, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ: Մօտաւորապէս 500 մասնակիցներ, որոնց մէջ կային նաեւ հայեր, նստացոյց ըրին հրապարակին վրայ ու անխօս ցոյցի ընթացքին ունկնդրեցին հայերէն երգեր։
Ցոյցի ընթացքին պարզուեցան վերտառութիւններ, որոնց վրայ հայերէն, թրքերէն, քրտերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով գրուած էր՝ «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է»։
Ապա, կազմակերպիչներու անունով ելոյթ մը ունեցաւ Զէյնեպ Թանպայ, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ապրիլ 24ը։ Ան ըսաւ, որ ասիկա այն թուականն է, երբ դարերէ ի վեր հոս միասնաբար ապրող հայ ժողովուրդը՝ մանուկ, կին, ծերունի, հիւանդ կամ անկար, անխտիր, պարզապէս հայ ըլլալուն պատճառաւ աքսորուեցաւ ու հարիւրհազարներ սպաննուեցան։
Ան ըսաւ, որ 1915էն ի վեր պետութիւնը կը ջանայ քօղարկել այս խնդիրը, կամ թեթեւցնել՝ զայն ցոյց տալով որպէս օրինաւոր քայլ, բայց մահացու այս աքսորը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր էր։ Պէտք է գիտնալ, որ այնքան ատեն որ պետութիւնը կը շարունակէ գործադրել այս պաշտօնական քաղաքականութիւնը, վէրքերը այնքա՛ն պիտի խորանան, ալ աւելի պիտի անդամալուծեն մեր միտքն ու խղճմտանքը։ Այլեւս վերջ պէտք է տրուի այս կացութեան։ Այս պատճառաւ է, որ շատ ուշացած պարտականութեան մը կը հրաւիրենք այս երկիրի բոլոր այն մարդիկը, որոնք մաքուր ճակատ ու խղճմտանք ունին։ Զանոնք կը հրաւիրենք մեզի միանալու, որպէսզի յայտնենք, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, բացատրեց Թանպայ։
Այս լուսաբանութենէն ետք, աքսորի ենթարկուած հայ մտաւորականներէն շատերուն անունները մէկ առ մէկ կարդացուեցան, ապա մասնակիցներուն հաց բաշխուեցաւ՝ իբրեւ սուգի մասնակցութիւն։
ՀԱԿԱԴԻՐ ՑՈՅՑ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԷՄ
Թաքսիմի հրապարակը միայն վերոնշեալ հանրահաւաքին հիւրընկալը չէր։ Հրապարակը թատերաբեմ դարձաւ իրերայաջորդ ուրիշ ցոյցերու ալ, որոնցմէ մէկը կատարուեցաւ ինքզինք «Պոլսոյ թրքական միութեան բեմահարթակ» անուանող խմբակի մը կողմէ։ Այս խմբակին ցոյցը կը վերաբերէր Ապրիլ 24ի հարցին, որուն կը մօտենար հակահայ կեցուածքով։ Խմբակի անդամները պնդեցին, որ թուրք ժողովուրդը երբեք ցեղասպանութիւն չէ կատարած եւ թէ հայե՛րն են, որոնք կայսերապաշտ երկիրներու գրգռութեամբ յառաջ քշեցին ցեղասպանութեան պնդում մը։ Լուսաբանութեան մէջ պնդուեցաւ, որ հայերը իրենց փորած հորին մէջ ինկան. 1992ին Խոճալուի մէջ սպանդ իրագործելով՝ իրե՛նք է, որ իրականացուցած եղան ցեղասպանութիւն մը։
Ցուցարարներու ներկայացուցիչները քննադատեցին նաեւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարած կառավարութիւնը եւ պահանջեցին, որ հայերը, վերջ տալով զրպարտութեան իրենց քաղաքականութեան՝ ներողութիւն խնդրեն թուրք ժողովուրդէն։ Անոնք նաեւ ըրին հետեւեալ տարօրինակ առաջարկը. «Ջնջեցէք ձեր պետութիւնը, միացէք Թուրքիոյ, որովհետեւ միայն այսպէս է, որ դուք կրնաք անդորրութիւն ապահովել ձեզի ու ձեր ապագայ սերունդներուն»։
Ճիշդ այս ցոյցին ընթացքին, Թաքսիմի հրապարակ եկաւ նաեւ ինքզինք «Անկախ յեղաշրջական դասակարգի բեմահարթակ» անուանող խմբակ մը, որ հոն պիտի կարդար ընտրութիւններու յայտագիր մը։ Ասոնք ի ձեռին ունէին կարմիր դրօշակներ։ Առաջին խմբակի անդամները ուզեցին միջամտել երկրորդ խմբակի ցոյցին՝ կարծելով, որ անոնք հայերու ի նպաստ ցոյց կը կատարեն, բայց ոստիկանները յաջողեցան արգելք ըլլալ երկու խմբակներու միջեւ բախումին։
Նոյն ժամերուն հոն հաւաքուելու սկսան Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութեան անդամները, որոնք նմանապէս Ապրիլ 24ի զոհերու յիշատակին նուիրուած հաւաքոյթին դէմ բողոքեցին, սակայն ապահովութեան ուժերը երկու խմբակներուն միջեւ պատնէշներ կանգնեցնելով՝ արգելք հանդիսացան որեւէ ընդհարումի։ Երկրորդ խմբակի անդամները, «Ասիկա նոր Սեւրի դէմ մեր երկրորդ ազատագրումի պատերազմն է», «Պիտի փաստենք, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումը սուտ մըն է» եւ այլ վերտառութիւններ ցուցադրեցին։ Ցուցարարները պնդեցին, որ բուն ցեղասպանը Ամերիկան է եւ ամերիկացիները Թուրքիայէն վռնտելու կոչ ըրին:
«Միլլիյէ»չ գրած է, թէ 300 հոգիէ բաղկացած խմբակ մը, Թաքսիմի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հաւաքին դէմ բողոքելու նպատակով հաւաքուած է «Կալաթասարայ» վարժարանին առջեւ, եւ հակահայ ցոյց կատարած է՝ կրկնելով վերոյիշեալ հակահայ ցոյցերուն պնդումները, միաժամանակ պոռալով՝ «Անկցի Հայկական Սփիւռքը», «Օկիւն Սամասթ (Տինքը սպաննած ոճրագործը), օլէ՛յ», կամ՝ «Կեցցէ՛ Օկիւն Սամասթը»։
Ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ու ազդանշաններ արձակող ցուցարարները, որոնք թրքական ու ատրպեճանական դրօշակներ կը կրէին, ուզած են քալել դէպի Թաքսիմի հրապարակ, սակայն ոստիկանները դէմ դրած են անոնց, որպէսզի բախումներ չպատահին անոնց եւ Թաքսիմի վրայ նստացոյց կատարողներուն միջեւ։
Խմբակին անունով լուսաբանութիւն մը ըրած է Հանեֆի Չաքըր, ըսելով. «Հայ ժողովուրդին կը յանձնարարենք, որ այլեւս հրաժարի կայսերապաշտ երկիրներու խաղալիքը ըլլալէ ու վերջ տայ իր սուտերուն ու ներողութիւն խնդրէ թուրքերէն»։
ՊՈՏՐՈՒՄԻ ՄԷՋ
Մուղլայի Պոտրում գաւառակի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է» նիւթով հանրահաւաք մը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 80 ցուցարարներ։ Հոս ալ զանազան լեզուներով պարզուեցաւ օրուան լօզունգը։ Չորս մեթր լայնութեամբ վերտառութիւն մըն ալ դրուեցաւ պոտրումցի նահատակներու գերեզմանատան դրան առջեւ։ Ցուցարարներու անունով ելոյթ ունեցաւ արուեստագէտ Այլա Իշլեր Թսեքա, որ դիտել տուաւ, թէ Ապրիլ 24ին սկսաւ հարիւր հազարաւոր հայերու աքսորը. աքսոր, որ գործադրուեցաւ պարզապէս անոր համար, որ անոնք հայ էին։ Աքսորեալները ենթարկուեցան ամէն տեսակ չարչարանքի, իսկ պետութիւնը ջանաց քօղարկել եւ ապստամբութեան պատմութիւններով օրինաւոր դարձնել այն, ինչ կատարուած էր։ «Ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն կրնայ արդարացնել մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութիւնը», ըսաւ Թսեքա։
Այս ելոյթէն ետք ցուցարարները մեխակներ դրին ու մոմավառութիւն կատարեցին։
ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ
Իզմիրի «Պասմանէ» հրապարակին վրայ եւս զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած խմբակ մը հանրահաւաք կատարեց՝ «Ապրիլ 24ին ի՞նչ պատահեցաւ» նիւթով։ Ցուցարարները վերտառութիւններ ու այդ թուականին սպաննուած հայ մտաւորականներու պատկերներ պարզեցին։
Հոն եւս հակադիր խմբակներ դէմ եկան հաւաքին։ Ոգեկոչման ցոյցէն տասը մեթր անդին, այլ ցոյց մը կատարուեցաւ Ժողովուրդի փր-կութեան կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, որոնք պնդեցին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները «բոլորովին սուտ են»։