
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Շաբաթ, Ապրիլ 23ին կատարած է Հայկական Ցեղասպանութեան կաaպակցութեամբ իր տարեկան յայտարարութիւնը՝ անցեալ տարուան նման գործածելով «Մեծ Եղեռն» բացատրութիւնը, անգամ մը եւս դրժելով Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն հաստատելու իր նախընտրական խոստումը, տեղի տալով Թուրքիոյ իշխանութեանց ճնշումներուն դիմաց:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան «անարգական» որակեց Օպամայի այս կեցուածքը՝ աւելցնելով, թէ նման մօտեցումով Օպամա մեղսակից կը դառնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ արշաւին, յիշեցնելով, որ Սպիտակ տունը գործօն մասնակցութիւն բերած էր նախորդ Քոնկրեսին ներկայացուած Ցեղասպանութեան բանաձեւը ձախողութեան մատնելու Թուրքիոյ փորձերուն:
Ան վիրաւորական եւ ամօթալի համարեց յատկապէս Օպամայի այն պնդումը, թէ Ցեղասպանութիւնը «վիճելի պատմութեան մը» մաս կը կազմէ:
ՕՊԱՄԱՅԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Մենք ակնածանքով կը յիշենք 96 տարի առաջ պատահած սահմռկեցուցիչ դէպքերը, որոնք պատճառ դարձան 20րդ դարու մեծագոյն նախճիրներէն մէկուն։ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին, ջարդերու ու տեղահանութիւններու զոհ դարձան 1.5 միլիոն հայեր։
Ես մշտապէս յայտնած եմ իմ անձնական գնահատականը 1915ին պատահածներուն վերաբերեալ եւ պատմութեան մասին իմ դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Փաստերու ամբողջական, անկեղծ ու արդարացի ճանաչումը մեր բոլորին շահերէն կը բխի։ Վիճելի պատմութիւն մը կ՛ապակայունացնէ ներկան ու կ՛արատաւորէ բոլոր անոնց յիշատակը, որոնք կորսնցուցած էին իրենց կեանքը, մինչդեռ անցեալի հետ հաշուի նստիլը խաղաղ ու բարեկեցիկ հասարակաց ապագայի մը հաստատ հիմերը կ՛ապահովէ:
Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մեր պետութիւնները աւելի հզօր են ու մեր դատը աւելի արդար է, երբ մենք պատշաճ կերպով կը ճանչնանք կնճռոտ անցեալն ու կ՛աշխատինք վերակառուցանել փոխադարձ հասկացողութեան կամուրջները, որպէսզի ապագան աւելի լաւ ըլլայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս դասը քաղած է իր իսկ պատմութեան մութ էջերէն։ Ես կը պաշտպանեմ Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ անհատներու կողմէ առնուած խիզախ քայլերը՝ հասարակաց անցեալը ճանչնալու շուրջ երկխօսութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Այսօր, երբ մենք կ՛ոգեկոչենք Մեծ Եղեռնը եւ յիշատակի տուրք կը մատուցանենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց մահկանացուն կնքեցին, մենք նաեւ վերստին պարտաւորութիւն կը ստանձնենք ապահովելու, որ նմանօրինակ կործանարար դէպքերը երբեք չկրկնուին։ Ասիկա մերօրեայ հարց մըն է, որուն նուիրուած են հազարաւոր ամերիկահայեր։
Հայ ժողովուրդը աւանդաբար աչքառու դարձած է իր տոկունութեամբ, կամքով եւ յաղթանակներով, զորս ապահոված է բոլոր այն պետութիւններուն դէմ, որոնք փորձած են ոչնչացնել հայ ազգը։ Միացեալ Նահանգները մեծապէս շահած է այն նշանակալից աւանդէն, զոր մեր երկիրին մէջ ունեցած են ամերիկահայերը. անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը Մեծ Եղեռնի վերապրողներու ժառանգորդներն են։ Հայկական ծագումով ամերիկացիները իրենց հարուստ մշակոյթով ու աւանդութիւններով զօրացուցած են մեր հասարակութիւնն ու համայնքները։ Հայ ժողովուրդի ոգին՝ հակառակ ողբերգական անցեալին, ներշնչանք կը հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին առաւել խաղաղ ու արդար աշխարհի մը։
Մենք սրտով ու աղօթքներով ամէնուրեք հայ ժողովուրդին կողքին ենք՝ յիշելով Մեծ Եղեռնի սահմռկեցուցիչ դէպքերը, յիշատակի տուրք մատուցանելով բոլոր տուժածներուն եւ մեր բարեկամութիւնն ու խոր յարգանքը վերահաստատելով Հայաստանի ժողովուրդին»։
ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլին մէջ, Օպամայի յայտարարութիւնը ընկալուեցաւ իբրեւ Թուրքիոյ ակնկալութիւններուն յարմար յայտարարութիւն մը, քանի որ անիկա հայերուն սպասածը չէր։ Թուրքիոյ դիւանագէտները շարունակ ազդարարած էին, թէ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները մեծապէս կը վնասուին, եթէ Օպամա գոհացում պատճառէ հայերուն։
Սակայն նախագահին խօսքերէն բաւական դժգոհ մնացած է Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը։ Հակազդեցութիւններ եղան նախ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանէն ու արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Թան ըսաւ, որ Օպամայի յայտարարութիւնը պատմութեան մասին կը խօսի «սխալ, պակասաւոր ու միակողմանի մերձեցումով», ու ասոր համար «Թուրքիա ցաւ կը զգայ»։ Դեսպանը դիտել տուաւ, որ պատմութեան վերաբերեալ ցաւերու միակողմանի կերպով մեկնաբանումը չի կրնար համաձայնութիւն ու հաշտութիւն իրականացնել կողմերուն միջեւ։ «Բացարձակապէս ընդունելի չեն թուրք-հայ յարաբերութիւններու պատմութեան մասին երրորդ կողմերու մեկնաբանութիւններն ու ներքին քաղաքականութեան մտահոգութիւններով արձակուած վճիրները», ըսաւ ան։ Թան ըսաւ նաեւ, որ նմանօրինակ լուսաբանութիւններ աւելիով կը դժուարացնեն թուրքերու ու հայերու միջեւ հասարակաց յիշողութեան մը իրականացումը. «ԱՄՆ պէտք է քաջալերէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու ու երկխօսութիւն հաստատելու գործընթացը, պէտք չէ այս գործընթացին արգելք հանդիսանայ միակողմանի ու քաղաքական յետին նպատակներ հետապնդող լուսաբանութիւններով», եզրակացուց ան։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Օպամայի յայտարարութիւնը «պատմութիւնը կը խեղաթիւրէ», «բազմաթիւ հարցերով լեցուն» է եւ թէ այս յայտարարութիւնը Անգարայի մէջ դիմաւորուած է «ցաւով»։
Նախարարութիւնը պաշտպանեց այն տեսակէտը, որ ԱՄՆի նախագահը հայերու ու թուրքերու հասարակաց պատմութեան ցաւոտ էջերէն ծնունդ առնող անհամաձայնութեան մէջ հայերու տեսակէտները ցոլացնող մերձեցում մը ցոյց տուաւ իր յայտարարութեամբ, պնդելով, որ Օպամայի յայտարարութիւնը հիմնուած է ներքին քաղաքականութեան մտահոգութիւններուն վրայ:
«Վիճելի պատմական պատահարներու մասին միակողմանի վճիռները կը դժուարացնեն ճշմարտութիւններու յայտնաբերումը», ըսուած է նախարարութեան լուսաբանութեան մէջ, ուր կը կրկնուի, թէ Ուաշինկթըն պէ՛տք է նպաստէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու գործընթացին:
«Պատմութեան մասին կողմնակալ նմանօրինակ յայտարարութիւնները հաշտութեան ի նպաստ չեն, բայց մենք վճռաբար պիտի շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի Հայաստանի հետ մեր հասարակաց ապագան կերտենք», ըսուեցաւ նախարարութեան կողմէ։
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ըսաւ, որ Օպամայի յայտարարութիւնը պատմութեան կը նայի միայն մէկ տեսանկիւնէ. «Մենք կ՛ուզէինք ցաւակցիլ իրարու: Պիտի ուզէինք, որ պատմուի նաեւ պատմութիւնը սերունդի մը, որ Անատոլուի հողերէն դուրս գալով՝ կռուեցաւ ու անհետացաւ։ Կը սպասէինք, որ մեր բարեկամ ու դաշնակից Ամերիկայի նախագահը ցաւակից ըլլար նաեւ թուրքերու ցաւերուն», աւելցուց ան:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, իր կարգին յայտնեց, թէ Օպամա այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարեց, որովհետեւ գիտէ «հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ զգայունութիւնը»։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին, մինչեւ որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն չհաստատուի։
Օտար մամուլը, մասնաւորաբար ամերիկեան լրատուական գործակալութիւնները նշեցին, թէ Օպամա կրկին անգամ հաւատարիմ չմնաց իր նախընտրական խոստումին։
«Էյ.Փի.»ն իր լուրը խորագրեց հետեւեալ տողերով. «Օպամա դարձեալ հայերուն կոտորածները ցեղասպանութիւն չորակեց»:
«Էյ.Պի.Սի.»ի կայքէջին վրայ զետեղուած յօդուածի մը մէջ, թղթակից Ճեք Թէյփըր կը յիշեցնէ, որ 2006ին Օպաման Ամերիկայի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Քանտըլիսա Ռայսը քննադատած էր, որովհետեւ Ռայս պաշտօնանկ ըրած էր Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ճան Էվընզը՝ 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն որակելուն համար։ Ըստ լրագրողին, նախագահ Օպամա միշտ ուշադիր է բառերը ընտրելու հարցին մէջ եւ կը գործածէ «սարսափելի կոտորածներ» բացատրութիւնը, բայց երբե՛ք դէպքերը չ՛որակեր իբրեւ «ցեղասպանութիւն»։
«Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ»ը եւս նշեց, որ նախագահը «կրկին զգուշութեամբ ներթափանցեց Հայաստանի ու Թուրքիոյ պատմական վէճին մէջ, բայց դարձեալ քննադատուեցաւ»։
Միւս կողմէ, գերմանական «Տոյչէ Վելլէ» թերթը գրեց, թէ Օպամա, հակառակ իր խոստումին, «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը չարտասանեց՝ չուզելով լարուած վիճակ մը ստեղծել Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ։
Թէ՛ և, Նախագահ Օպաման Դարձեալ Դրժեց Ցեղասպանութիւնը Յստակօրէն Հաստատելու Իր Խոստումը, բայց, վիճելիութեան լուրը Քեն Խաչիկեանի կողմէ՝ ««Օպամայի այն պնդումը, թէ Ցեղասպանութիւնը «վիճելի պատմութեան մը» մաս կը կազմէ»» ասիկա նորութիւն մըն է։
Անգլերեն գրութեան մէջ այդ մասը նոր նախադասութեամբ կ՛սկսի ու կը վերագրէ թուրքիոյ կարավարութեան…։
Արդեօք կրնա՞ք լուսաբանել։