Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին, մեր եկեղեցւոյ կարգաւորութեան համաձայն, յիշատակն է Տասը կոյսերու առակին։ Այս առիթով, յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Սրբազանը մեկնաբանեց Տասը կոյսերու առակին խորհուրդը՝ յիշեցնելով հաւատացեալներուն, թէ ինչպէ՛ս հինգ իմաստուն կոյսերը իմաստութիւնը ունեցած էին նախապատրաստուելու եւ իրենց լապտերներուն համար յաւելեալ ձէթ առնելու՝ փեսան դիմաւորելու համար, նոյնիսկ անոր ուշանալուն պարագային, մինչդեռ յիմար հինգ կոյսերը նոյնը չընելով՝ չեն կրցած փեսան դիմաւորել ու անոր հետ հարսնարան մտնել։
Սրբազանը նշեց, թէ առակին մէջ փեսան խորհրդանիշն է Յիսուսի երկրորդ գալուստին։ Արարողութեան մասնակցեցան տասը պարմանուհիներ, իբրեւ խորհրդանիշ առակին մէջ յիշատակուած տասը կոյսերուն։ Առաջնորդը օրհնեց զանոնք ու բոլոր հաւատացեալները յորդորեց, որ հետեւին իմաստուն կոյսերու օրինակին։