
«Ապրիլ» գրախանութը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս պիտի մասնակցի «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու հռչակաւոր փառատօնին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 30ին եւ Մայիս 1ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ:
Գրախանութը ապահոված է թիւ 137 կրպակը: Գրախանութը նաեւ ծրագրած է շարք մը գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ՝ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ապրիլ 30ին՝
Ժամը 12-1՝ Քաթրին Եսայեան պիտի ներկայացնէ Հենրի Սարգիսեանի «Tales of 1,001 Iranian Tales» հատորը:
Ժամը 1-2՝ Արա Օշական պիտի ներկայացնէ իր եւ Վահէ Օշականի «Father Land» հատորը (www.abrilbooks.com/books/12130.html):
Ժամը 2-3՝ Մարք Մուսթեան պիտի ներկայացնէ «The Gendarme» գիրքը (www.abrilbooks.com/books/11797.html):
Ժամը 3-4՝ Քերըլ Քիրլի պիտի ներկայացնէ իր «The Armenian Watchmaker» հատորը:
Մայիս 1ին՝
Ժամը 11-12՝ Նենսի Մեհակեան պիտի ներկայացնէ իր «The Supernatural Kids Cookbook» գիրքը:
Ժամը 12-1՝ Գարին Արմէն պիտի ներկայացնէ իր մօր՝ Պերճիք Քիւրքճեանի «Inner Heaven» գործը:
Ժամը 1-2՝ Արամ Սարոյեան պիտի խօսի իր «Door to the River» գործին մասին (www.abrilbooks.com/books/11481.html):
Ժամը 2-3՝ Մարք Մուսթեան պիտի ներկայացնէ իր «The Gendarme» հատորը:
Անոնք, որոնք պիտի չկարենան ներկայ գտնուիլ փառատօնին, կրնան նշուած գիրքերուն ստորագրուած օրինակները ապահովել իւրաքանչիւր հատորի քով նշուած համացանցային կայքէջէն: Անոնք տրամադրելի պիտի ըլլան Մայիս 1էն ետք:
Փառատօնին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.latimes.com/festivalofbooks կայքէջը: