
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին, մինչ կը հաղորդուէր, թէ Սուրիոյ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ եւս բանակայաններ տեղակայուած են, իսկ Տարաայի ու Պանիասի մէջ յաջորդաբար 200 եւ 30 կուսակցականներ հրաժարած են իշխող «Պաաս» կուսակցութենէն, Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կոչ ուղղեց՝ ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն պահանջները դրական կերպով ընկալելու։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պատուիրակները Ասատի փոխանցեցին Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի գիշեր նիստ մը յատկացուց Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն, երբ Սուրիոյ մէջ ցուցարարներու սպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքերը ձախողութեան մատնուեցան։ Ռուսիա եւ Չինաստան մերժեցին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Փորթուկալի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը։ ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Փանքին յայտնեց, թէ սուրիական վարչակարգին կողմէ ցուցարարներուն ճնշումը «միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան վտանգ մը չի ներկայացներ», եւ աւելցուց. «Ապահովութեան իսկական սպառնալիքը արտաքին միջամտութիւնն է», որ, ըստ անոր, կրնայ քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնել։
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սուզըն Ռայս յայտնեց, թէ Ասատ պէտք է «իր ընթացքը փոխէ եւ ցուցարարներուն դէմ ուժ կիրարկելէ դադրի»։ Ան ըսաւ նաեւ, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքերու ձախողութենէն ետք, միջազգային համայնքը պէտք է միասնական կեցուածքով դատապարտէ Սուրիոյ մէջ ճնշումները։
Մինչ այդ, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Ասատի վարչակարգը թիրախ դարձնող արշաւի մը ծիրին մէջ՝ սուրիական ընդդիմադիր խմբակներու նիւթապէս օժանդակելու յանցանքով։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Հինգշաբթի օր յայտնեց, թէ Թել Աւիւ որեւէ այլ երկիրի ներքին հարցերուն պիտի չմիջամտէ, սակայն Լիպիոյ մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու համար միջազգային համայնքի օգտագործած «նոյն վարուելակերպն ու նոյն սկզբունքերը» պէտք է օգտագործուին նաեւ Սուրիոյ մէջ։ Ան նշեց, թէ Սուրիան դատապարտելու ՄԱԿի ձախող փորձը «այդ սկզբունքին հակառակն է»։
Միւս կողմէ՝ ռուսական «Իթար Թասս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, թէ Ռուսիա սուրիական իշխանութիւններէն պահանջած է ցուցարարներու սպանութեան պատասխանատուները արդարդատութեան յանձնել։
Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, Հինգշաբթի օր Տարաայի մէջ ընդհարումներ տեղի ունեցած են բանակային զօրամասերու միջեւ: