
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շրջանի հայութեան բաբախուն սիրտը դառնալու կոչուած Փասատինայի Հայ կեդրոնը կը պատրաստուի իր բացման շքեղ հանդիսութեան: Մինչ այդ, կեդրոնի պատասխանատուները ձեռնարկած են շէնքի շրջափակի կանաչապատման ծրագիրի մը:
Շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Մանուկ Չուխաճեան անկեղծօրէն յայտնեց, որ նախապէս մտադրած էին մասնագէտ ընկերութեան մը յանձնել կեդրոնի տարածքին վրայ ծառեր տնկելու աշխատանքը:
«Հարցը քննելու ատեն, մեր մօտ յառաջացաւ կամաւորներու միջոցաւ գործը իրականացնելու մտածումը: Այդպէս ալ որոշեցինք եւ երբ մեր ընկերներուն փոխանցեցինք գաղափարը, ամէն մարդ ոգեւորութեամբ ընդունեց զայն: Աւելին, ոչ միայն բաւական թիւով կամաւորներ ներկայացան մեզի, այլեւ շատեր պատրաստակամութիւն յայտնեցին նուիրատուութեամբ իրենց սիրելիներու անունով տնկել ծառերը: Մենք ալ որդեգրեցինք այդ դրութիւնը», «Ասպարէզ»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Չուխաճեան:
Ծառատունկը պիտի սկսի այս Կիրակի առաւօտ ժամը 10ին: Ժամը 2ին, տեղի պիտի ունենայ եկեղեցական արարողութիւն՝ օրհնելու համար աշխատանքը: Արդէն իսկ երկու հարիւր հովանաւորներ կան եւ օրէ օր կ՛աւելնայ անոնց թիւը:
Մեր տեղեկութեանց հիման վրայ, Կիրակի օր ծառեր պիտի տնկուին ի յիշատակ Գոգօ Սալիպային, Արա Պզտիկեանին եւ ի յարգանք Համբիկ Սասունեանին, երեքն ալ Փասատինայի հայ համայնքի զաւակներ՝ հոյակապ հայորդիներ:
Ծառերու թիւը այդքան շատ պիտի չըլլայ, սակայն կեդրոնին վրայ պիտի նկարուի ծառ մը, որուն վրայ պիտի արձանագրուին հովանաւորներու կամ անոնց կողմէ ճշդուած սիրելիներու անունները:
Ծառատունկի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ զետեղուած են www.pasadenaarmeniancenter.com կայքէջին վրայ: