Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը կանխող Աւագ Շաբաթը իր լրումին կը հասնի Աստուածորդւոյն թաղման ու Ս. Յարութեան տօնի նուիրուած արարողութիւններով, որոնց շարքին է Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցող Ճրագալոյցի արարողութիւնը եւ Ս. պատարագը, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան յարութեան աւետիսը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Ապրիլ 22ի երեկոյեան, Թաղման կարգի արարողութեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ տուաւ օրուան խորհուրդը բացատրող պատգամ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան։
Ան ընդգծեց, թէ մեղաւոր մարդուն թողութեան համար Աստուածորդին իր երկրաւոր առաքելութիւնը լիութեան հասցուց չարչարանքով ու խաչելութեամբ, խաչին վրայ մահը դիմաւորելով ու թաղուելով, սակայն երեք օր ետք, մահուան վրայ իր տարած յաղթանակով, ան մարդկութեան բերաւ փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի խոստումը:
Առաջնորդը եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ եղաւ նաեւ Շաբաթ երեկոյ, Ս. Յարութեան տօնի Ճրագալոյցին, Ս. պատարագ մատուցեց ու իր պատգամը փոխանցեց։ Դպիրներ կատարեցին Ս. գրային ընթերցումները։ Յաւարտ պատարագի, առաջնորդն ու հոգեւորականներ ժողովուրդին հաղորդեցին բարի լուրը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։